Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութիւնը որոշած է Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` լրագրողներուն յայտնեց Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեան:
«Իրաւաբաններու հետ խորհրդակցութեան իբրեւ արդիւնք որոշեցինք վարչապետի թեկնածու առաջադրել», ըսաւ Գորգիսեան:
Անոր համաձայն, նման որոշում տուած են իրաւական գործընթացը ապահովելու համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ընտրութիւնը Ազգային ժողովին մէջ տեղի պիտի ունենայ այսօր` 24 հոկտեմբերին: Այլ խմբակցութիւններ թեկնածու չեն առաջադրած:
Նշենք, որ վարչապետի թեկնածութեան առաջադրումը ձեւական բնոյթ կը կրէ:



