Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Եւ Ասորիներու Լիկան Հրապարակեցին Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը` Պահանջելով Ճիշդ Ներկայացուցչութիւն

October 23, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ, 22 հոկտեմբերին, Շաղզոյեան կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը: Հանդիպումի աւարտին հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը պարունակէ հետեւեալ 6 կէտերը`

Առաջին`

Երկու կողմերը կը հաստատեն, որ հայերուն եւ ասորիներուն միջեւ գոյութիւն ունին պատմական, դաւանական, ընկերային եւ քաղաքական սերտ յարաբերութիւններ` ո՛չ միայն Լիբանանի մակարդակի վրայ, այլ նաեւ Արեւելքի եւ համաշխարհային: Անոնք նաեւ շեշտեցին, որ հայերուն եւ ասորիներուն միջեւ կայ նաեւ արեան կապ` նկատի ունենալով, որ երկուքն ալ ցեղասպանութեան եւ ջարդի զոհ գացած են:

Երկրորդ`

Կողմերը հաստատեցին, որ իրենք տասնեակ տարիներէ քաղաքական համագործակցութեան մէջ են ու Լիբանանի հարցերուն նկատմամբ ունին միացեալ մօտեցում, ինչ որ գետնի վրայ թարգմանուած է կողմերուն դրսեւորած զանազան կեցուածքներով եւ տարբեր առիթներով:

Երրորդ`

Երկու կողմերը կը շեշտեն անհրաժեշտութիւնը, որ Լիբանանի բոլոր բաղադրիչները արդար  ներկայացուցչութիւն ունենան կառավարութեան եւ խորհրդարանի մէջ: Արդարեւ, ՀՅԴ-ն նեցուկ կանգնեցաւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքներուն` պահանջելով անոնց երեսփոխաններուն թիւը 3-ի բարձրացնել, ինչպէս նաեւ նախարարութեան իրաւունք տալ` 32 նախարար հաշուող կառավարութեան յառաջացումով: Կողմերը կը վստահեցնեն նաեւ, որ որեւէ նուազ ներկայացուցչութիւն չի կրնար ազգային միասնական կառավարութեան կազմութեան առաջնորդել:

Չորրորդ`

Երկու կողմերը կը մերժեն իրարու դէմ կանգնիլ այնպիսի ձեւով, որ կարծէք հարցը իրենց միջեւ է եւ կամ այս ճգնաժամին լուծումը պէտք է կատարուի անոնցմէ մէկուն հաշուոյն:

Հինգերորդ`

Երկու կողմերը կոչ կ՛ուղղեն նախագահ զօր. Միշել Աունին` ուղղակիօրէն միջամտելու` նկատի ունենալով, որ ան «բոլորին հայրն է» եւ բոլոր լիբանանցիներուն իրաւունքը պաշտպանողը: Ինչպէս նաեւ կողմերը կոչ կ՛ուղղեն վարչապետ Սաատ Հարիրիին` կազմելու 32 նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ առիթ կու տայ բոլոր կողմերը գոհ պահող լուծման ձեւաւորման:

Վեցերորդ եւ վերջին`

Եթէ շարունակուի պնդումը 30 նախարարութենէ բաղկացած կառավարութեան կազմութեան, անհրաժեշտ է, որ բոլոր կողմերը որոշ փոխզիջում կատարեն, ինչպէս մեծահոգի կեցուածքով շիիները իրենց բաժինէն տուին նախարար Քարամէին:

Նախորդը

Ներկայ Իրավիճակը Կը Պահանջէ Կառավարութեան Կազմութեան Գործընթացին Արագացումը

Յաջորդը

Ըստ Հակահայ Թրքական Միութեան Նախագահին. Ազրպէյճանի Մէջ Տակաւին 35 Հազար Հայ Կայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.