Գլխաւոր լուրեր

Արցախեան Շարժման 30-ամեակի Եւ Արցախի  Հանրապետութեան 27-ամեակի  Հանդիսութեան Ընթացքին.  Արցախեան Յաղթերթը Արեամբ Եւ Քրտինքով  Շարունակելու Վճռակամութեան Վերահաստատում

Արցախեան Շարժման 30-ամեակի Եւ Արցախի Հանրապետութեան 27-ամեակի Հանդիսութեան Ընթացքին. Արցախեան Յաղթերթը Արեամբ Եւ Քրտինքով Շարունակելու Վճռակամութեան Վերահաստատում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` 3 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան շարժման 30-ամեակին եւ Արցախի անկախութեան 27-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը այն նահատակներուն, որոնց նուիրումով կերտուեցաւ արցախեան յաղթանակը: Բացման խօսքը արտասանեց Վահրամ Էմմիեան, որ ըսաւ, թէ  2 սեպտեմբեր 1991-ին Արցախի...

Նախագահ Բակօ Սահակեան «Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչ» Կոչումով Պարգեւատրեց Լիբանանահայ Խմբավար Զաքար Քէշիշեանը

Նախագահ Բակօ Սահակեան «Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչ» Կոչումով Պարգեւատրեց Լիբանանահայ Խմբավար Զաքար Քէշիշեանը

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան «Արուեստի վաստակաւոր գործիչ» կոչումով պարգեւատրեց լիբանանահայ  երաժիշտ, խմբավար, շուիահար եւ տուտուկահար, Շուշիի «ՎԱՐԱՆԴԱ» պետական երգչախումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեանը: Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 1 սեպտեմբեր 2018-ին, Արցախի նախագահական ապարանքին մէջ: Արարողութեան ընթացքին նախագահ Բակօ Սահակեան բարձրօրէն գնահատեց Արցախի պետականութեան ամրապնդման գործին մէջ բազմակողմանի ոլորտներու մասնագիտական ներդրումներու...

Հայաստանի Եւ Արցախի Նախագահները  Ստեփանակերտի  Յուշահամալիրին Մէջ Յարգեցին  Արցախեան Հերոսներուն Յիշատակը

Հայաստանի Եւ Արցախի Նախագահները Ստեփանակերտի Յուշահամալիրին Մէջ Յարգեցին Արցախեան Հերոսներուն Յիշատակը

Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 2 սեպտեմբերին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու արցախեան ազատագրական պայքարին ընթացքին զոհուածներուն, յատկապէս` Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է Արցախի անկախութեան: «Ասիկա ո՛չ միայն անկախութեան, այլ նաեւ յաղթանակի ու ապագայի նկատմամբ վստահութեան օր է: Ասիկա...

Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ  Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Արժանացաւ  Ժողովրդային Ընդունելութեան

Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Արժանացաւ Ժողովրդային Ընդունելութեան

Երէկ` կիրակի 2 սեպտեմբեր 2018-ին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան    մատուցեց հրաժեշտի Ս. պատարագ: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Պատարագի ընթացքին, կէսօրէ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «2 Սեպտեմբերին  Ուրիշին Տրուած Մեր Իրաւունքին Վերատիրացանք`  Հաւաքական Հաւատքով Ու Վճռակամութեամբ,  Արեամբ Ու Իմացեալ Մահով»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «2 Սեպտեմբերին Ուրիշին Տրուած Մեր Իրաւունքին Վերատիրացանք` Հաւաքական Հաւատքով Ու Վճռակամութեամբ, Արեամբ Ու Իմացեալ Մահով»

Արցախի անկախութեան 27-ամեակին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը յղեց հետեւեալ պատգամը. «Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, «Ազգերու պատմութեան մէջ կան թուականներ, որոնք չեն սահմանափակուիր ժամանակի ու միջոցի մէջ: Թուականներ, որոնք իրենց խորհուրդով ու պատգամով կ՛անցնին ժամանակն ու միջոցը եւ կը պատկանին յաւերժութեան: Ազգեր կ՛ապրին, կը գոյատեւեն ու կը ծաղկին խորհուրդ ու պատգամ ունեցող այդ թուականներով, տեսիլք ներշնչող, հաւատք ու կամք...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արցախի  Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Փոխնախագահը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Փոխնախագահը

Կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը: Անոր կ՛ընկերանար Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւն մը: Անոնք նախ մասնակցեցան վանքի մատրան մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին եւ ապա հանդիպում ունեցան վեհափառ հայրապետին հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ հոն իրագործուող ծրագիրներուն: Ներկաները նաեւ ունկնդրեցին...

Յուղարկաւորութիւն` Անարգ Ոճիրի  Զոհ Գացած Խոսրով Քիւրտեանին

Յուղարկաւորութիւն` Անարգ Ոճիրի Զոհ Գացած Խոսրով Քիւրտեանին

Ինչպէս «Ազդակ»-ի շաբաթ օրուան թիւին մէջ հաղորդած էինք, ուրբաթ օր Պուրճ Համուտի կեդրոնական թաղերէն մէկուն մէջ հայորդիներու եւ թաղեցիներու միջեւ պատահած միջադէպին ընթացքին անարգ ոճիրի զոհ գնաց Խոսրով Քիւրտեան: Երէկ կատարուեցաւ Խոսրով Քիւրտեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան...

Արցախի Ազգային Ժողովի  Փոխնախագահը Այցելեց «Ազդակ»

Արցախի Ազգային Ժողովի Փոխնախագահը Այցելեց «Ազդակ»

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան այցելեց «Ազդակ»` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամներուն: Տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին Վահրամ Բալայեան զեկուցեց Արցախի առնչուած ներքին եւ արտաքին գործընթացներուն մասին: Խորհրդակցութիւնը ապա կեդրոնացաւ տեղեկատուական ոլորտին վրայ` յատկապէս Արցախի եւ սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներուն միջեւ իրականացուող համագործակցութեան: Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահը բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի կատարած լրատուութիւնները, մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները արցախեան հակամարտութեան եւ...

Խմբագրական.  Երկրորդ Հանրապետութեան Ճանաչման Ընդառաջ Արցախեան Ժողովրդավարութիւնը` Ընդդէմ  Ազրպէյճանական Բռնատիրութեան

Խմբագրական. Երկրորդ Հանրապետութեան Ճանաչման Ընդառաջ Արցախեան Ժողովրդավարութիւնը` Ընդդէմ Ազրպէյճանական Բռնատիրութեան

Արցախի Հանրապետութեան 27-ամեակի նշումը ինքնին փաստացի իրականութիւն է, որ հայոց երկրորդ հանրապետութիւնը պետականաշինութեան եւ անոր ընդհանուր շրջագիծին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր ոլորտներուն ուղղութեամբ ժամանակի եւ բազում մարտահրաւէրներու ուղղութեամբ կարեւոր փորձառութիւն կուտակած է: Անդառնալի ուղղութիւններ են անոնք` պաշտպանական, կրթական, մշակութային, գիւղատնտեսական, զբօսաշրջային, ֆինանսատնտեսական, ներդրումային, վերաբնակեցման, որոնք կը համոզեն, որ կայացած է իրողապէս անկախ հանրապետութեան գոյառման, զարգացման բոլոր նախադրեալները արդէն իսկ ամբողջացուցած...

Փաշինեան. «Բնութեան Մէջ  Կրթութենէն Աւելի Կարեւոր Բան Չկայ»

Փաշինեան. «Բնութեան Մէջ Կրթութենէն Աւելի Կարեւոր Բան Չկայ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 31 օգոստոսին իր նստավայրին մէջ հիւրընկալած է «Քենկուրու 2018» միջազգային ուսողութեան եւ «Մեղու 2017» հայոց լեզուի մրցումներուն մրցանակակիրները, Հայաստանի իւրաքանչիւր մարզին եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն լաւագոյն արդիւնք արձանագրած աշակերտները, ինչպէս նաեւ հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու 2017-2018 տարեշրջանին բարձր յառաջդիմութիւն ցուցաբերած շրջանաւարտները: Վարչապետը շնորհաւորած է դպրոցականները` ուսումնառութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ թէ միջազգային մակարդակի վրայ անոնց արձանագրած...

Հայաստանի Մէջ Բերքը Աւելցնելու Եւ Գիւղացիին  Եկամուտը Բարձրացնելու Ծրագիր Մշակուած Է

Հայաստանի Մէջ Բերքը Աւելցնելու Եւ Գիւղացիին Եկամուտը Բարձրացնելու Ծրագիր Մշակուած Է

Իր պաշտօնավարման 100 օրերը ամփոփող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան յայտարարած է, որ եթէ գիւղացիները միանան ու հողերը ընդարձակեն` ըլլայ ատիկա համագործակցական  գիւղացիական միութեան ձեւով կամ այլապէս, նախարարութիւնը կրնայ այդ տնտեսութիւնները օժտել ոռոգման կաթիլային ցանցով: Ըստ անոր, ոռոգման կաթիլային նոր համակարգերու ներդրման շնորհիւ ջուրի անտեղի կորուստներ չեն ըլլար, եւ բերքատուութիւնը կը բարձրանայ, ուստի նաեւ` սեփականատիրոջ եկամուտը: Նախարարը...

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Երէկ` ուրբաթ, 31 օգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը Պէրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարեց յատուկ նիստ` միակ օրակարգ ունենալով թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւնը: Ժողովը սկսաւ Շահէ եպս. Փանոսեանի աղօթքով, որմէ ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկաներուն ընթերցեց Թեմական կանոնագրութեան մէջէն առաջնորդի ընտրութեան վերաբերող օրէնքները եւ ներկայացուց անցնող շաբաթներուն, Ազգային վարչութեան Խառն ժողովին...

Ակնարկ.  Միջավայրային Նախապայմաններ

Ակնարկ. Միջավայրային Նախապայմաններ

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնը Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ հին յանկերգի վերահնչումն է: Եըլտըրըմը պարզապէս վերաբանաձեւած է նախապայմանային քաղաքականութեան առաջին բաղադրիչը: Եթէ Հայաստանը «չվերադարձնէ Ազրպէյճանի գրաւուած հողերը», ապա հայ-թրքական յարաբերութիւնները չեն կրնար կարգաւորուիլ: Ան խօսած է նաեւ «Հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մէկ ամբողջութիւն ըլլալուն մասին` պարզ դարձնելով, որ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման նախափուլը Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացումն է: Եւ ուրեմն`...

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն  ՀՅԴ Ցուցակի Առաջին Տասնեակը

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն ՀՅԴ Ցուցակի Առաջին Տասնեակը

23 սեպտեմբեր 2018-ին տեղի ունենալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցող ՀՅ Դաշնակցութեան ցուցակի առաջին տասնեակին մէջ ներկայացուած են հետեւեալ թեկնածուները. 1.- Միքայէլ Մանուկեան` Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան անտառային կոմիտէի նախագահ 2.- Դաւիթ Յակոբեան` «Յուսաբեր» ընկերութեան («Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի) տնօրէն 3.- Խաչատուր Ստեփանեան` Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի դոցենտ, պատմական  գիտութիւններու դոկտոր, ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ 4.- Ալեսիա...

Տեղի Ունեցած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն  Գործընկերութեան Առաջնահերթութիւններ Փաստաթուղթի  Կիրարկումը Ապահովող Յանձնախումբի Նիստը

Տեղի Ունեցած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան Առաջնահերթութիւններ Փաստաթուղթի Կիրարկումը Ապահովող Յանձնախումբի Նիստը

Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան առաջնահերթութիւններ փաստաթուղթի կիրարկումը ապահովող միջոցառումները համակարգող միջնախարարական յանձնախումբի առաջին նիստը, որ վարած է յանձնախումբի նախագահ, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան: Փոխվարչապետը նիստի բացման խօսքին մէջ նշած է, որ համաձայնագիրի կիրարկման հիմամբ բոլոր ոլորտներուն մէջ  պիտի իրականացուին մեծ նշանակութիւն ունեցող բարեփոխումներ եւ յանձնախումբին մաղթած է աշխուժ եւ արգասաբեր...

Հրազդանի Մէջ Պիտի Ստեղծուի Հայաստանի  Չորրորդ Ազատ Տնտեսական Գօտին

Հրազդանի Մէջ Պիտի Ստեղծուի Հայաստանի Չորրորդ Ազատ Տնտեսական Գօտին

Երէկ կառավարութեան նիստին տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան ներկայացուց Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքին մէջ ազատ տնտեսական գօտի ստեղծելու, «ԷԿՈՍ» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը ազատ տնտեսական գօտիի կազմակերպիչ ճանչնալու, ինչպէս նաեւ ազատ տնտեսական գօտիի գործունէութեան վերաբերեալ կազմակերպիչի կողմէ  ներկայացուող հաշուետուութեան ձեւերը հաստատելու մասին հարցը: Ըստ նախագիծին, մինչեւ 2043 այդ գօտիին մէջ պիտի ներգրաւուի 200 շահագործող, մինչեւ 2021` 50 շահագործող: Պիտի...

Ճեզիրէի Մէջ Ստեղծուած Զգայուն Կացութեան  Գծով Խորհրդակցութիւն` Արամ Ա., Աֆրամ Բ.  Եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Հոգեւոր Պետերուն Միջեւ

Ճեզիրէի Մէջ Ստեղծուած Զգայուն Կացութեան Գծով Խորհրդակցութիւն` Արամ Ա., Աֆրամ Բ. Եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Հոգեւոր Պետերուն Միջեւ

Չորեքշաբթի, 29 օգոստոս 2018-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին, Աֆրամ Բ. եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքներուն միջեւ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Ճեզիրէ շրջանին մէջ, յատկապէս համայնքային դպրոցներու գծով ստեղծուած դժուարութիւններու շուրջ: Յայտնենք, որ վերջին շաբաթներուն յիշեալ շրջանին մէջ տիրական ներկայութիւն դարձած քիւրտերու իշխանութիւնը կարգ մը քայլերու դիմած է համայնքային դպրոցներուն մէջ շարք մը կարգադրութիւններ իր հայեցողութեամբ կատարելու որոշումով: Առաջարկուեցաւ, որ...

Ակնարկ.  Ուշացումը  Չ՛արդարացուիր

Ակնարկ. Ուշացումը Չ՛արդարացուիր

Լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ արձանագրուած յայտարարողական հարթութիւնը երկիրը կ՛առաջնորդէ կրակի եւ արդարութեան արանքին: Խօսքը բնականաբար կը վերաբերի միջազգային դատարանի մօտալուտ վճիռին առիթով կատարուած տրամագծօրէն հակառակ ուղղութիւններ բովանդակող յայտարարութիւններուն: Ներլիբանանեան հանգոյցներու վերագրուող կառավարութեան կազմութեան արգելակումի տեսութիւնը տեղի կու տար յաճախ` շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող զարգացումներու հետ կապուած գործընթացներու հետեւանքային ազդեցութիւններու վարկածներուն: Այժմ ո՛չ միայն ներլիբանանեան-շրջանային, այլ նաեւ միջազգային նոր թնճուկներ կ՛աւելնան`...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան 29 օգոստոսին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցած են դեսպան Ռիչըրտ Միլզի հետ: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է վերջին ամիսներուն Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն եւ այդ պարունակին մէջ նաեւ` ժողովրդավարական եւ ընտրական...

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն  ՀՅԴ-ի Առաջին Եռեակը

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի Առաջին Եռեակը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Վահագն Մատինեան երէկ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ներկայացուց Երեւանի աւագանիի  ընտրութիւններուն մասնակցելու ՀՅԴ-ի գրանցման դիմումը: Մատինեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ ՀՅԴ-ի ցանկը բաղկացած է 77  անդամներէ: Ցուցակը կը գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան անտառային կոմիտէի նախագահ Միքայէլ Մանուկեան: Երկրորդը «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Դաւիթ Յակոբեանը, իսկ երրորդը` Երեւան քաղաքի ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչ...

Page 540 of 797 1 … 539 540 541 … 797

Արխիւներ