Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Առաջնահերթը Երկու Հայ Նախարար Ունենալն Է

Հոկտեմբեր 20, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Վերջին օրերուն որոշ նախադրեալներ փոխանցուած էին, որ Լիբանանի կառավարութեան ոդիսականը աւարտելու նախօրեակին է եւ թէ լիբանանահայութեան չափաբաժինի յարգումը խնդրոյ առարկայ է: Այլ խօսքով, երեսուն հոգինոց կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան պիտի վերապահուի նախարարական մէկ աթոռ:

Բնականաբար հանգուցալուծման միակ խոչընդոտող հանգամանքը լիբանանահայութեան չէր վերաբերեր: Մինչ այդ համայնքի իրաւունքի յարգումի յիշեցումը, ապա պահանջը, ապա հետեւանքներէն զգուշացումն ու իրաւունքի պահանջին անտեղիտալի կառչած մնալու հրապարակային յայտարարութիւնները` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անունով յայտնաբար հաշուի առնուեցան բոլորին կողմէ:

Տրուած ըլլալով, որ միաժամանակ շրջանառութեան մէջ դրուած էր հայկական չափաբաժինէն մէկը վերապահելու փոքրամասնութիւններուն, այն թիւր տպաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, որ Դաշնակցութիւնը դէմ կը կանգնի փոքրամասնութիւններուն նախարարական պաշտօն տրուելու առաջադրանքին:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը օրին յայտարարած էր փոքրամասնութիւններու իրաւունքի յարգումի անհրաժեշտութեան մասին եւ անդրադարձած` 32 հոգինոց կառավարական կազմի պատկերացումին: Իրաւունքի յարգումը կը մնայ ի զօրու, բայց հանգամանալից պարզաբանումով` ոչ այլ համայնքի հաշուոյն: Իրաւատիրումը չի կրնար ըլլալ այլոց իրաւազրկումով: Եւ այստեղ պարզ է քաղաքական տրամաբանութիւնը:

Լիբանանեան քաղաքական կեանքին եւ լրատուադաշտին հետեւողը հաւանաբար նկատած ըլլայ, որ թէ՛ պատմական, թէ՛ հասարակական եւ թէ՛ քաղաքական հիմնաւորումներով փոքրամասնութիւններու իրաւունքի յարգումի անհրաժեշտութիւնը ամէնէն շատ արծարծած են Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները: Այս գիտակցումը կը փարատէ նաեւ հայկական աթոռի զիջումով փոքրամասնական աթոռի ներկայացուածութիւն ապահովելու գաղափարը նետողներուն ստեղծած թիւրըմբռնումն ու ընդհանրապէս տարակարծութիւններ յառաջացնող մթնոլորտը:

Նման նախադէպ արձանագրուած էր եւ  օրին յառաջացուցած` հայկական կողմին բողոքը: Այդ նախադէպը ամէն գնով բացառելու աշխուժ քաղաքական աշխատանք տարուեցաւ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ: Վեհափառ հայրապետին պահանջին միացումը, նման իրաւազրկումի անընդունելիութեան մասին կատարած հրապարակումը, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն հանդիպումներն ու լրատուամիջոցներուն կատարած յայտարարութիւնները, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներուն արտայայտած կեցուածքները եւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու գումարած արտակարգ ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը համոզեցին բոլոր կողմերը, որ կառավարութեան կազմութեան մէջ լիբանանահայութեան վերապահուած չափաբաժինի խախտումը կարմիր գիծ է համայն լիբանանահայութեան համար:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի երէկուան հանդիպումները պարզ դարձուցին, որ շուտով կազմուելիք կառավարութեան մէջ լիբանանահայութիւնը կը ներկայացուի երկու նախարարով:

Բոլորը հաւանաբար նկատեցին, որ մեր պայքարը լիբանանեան տարբեր կողմերու կառավարութեան մասնակցութեան մղումներէն տարբեր էր: Եթէ անոնք առաւելաբար իւրաքանչիւր քաղաքական հոսանքի ներկայացուածութեան չափի առեւտուրներու մէջ էին, Դաշնակցութիւնը այս պարագային ամբողջ համայնքին իրաւունքին պայքարը կը մղէր` երկրորդական գիծ մղելով  քաղաքական վարքագիծի պատկանելիութիւնը: Առաջնահերթը երկու հայ նախարար ունենալն էր:

Հերթական անգամ մեր մօտեցումները տարբերուեցան այլոց մօտեցումներէն ու հաշիւներէն: Հերթական անգամ Դաշնակցութիւնը եւ հայկական կողմը ընդհանրապէս փաստեցին, որ համալիբանանեան շահը կը գերադասեն: Որովհետեւ համայնքներու իրաւունքներու յարգումը ոչ թէ զուտ ներհամայնքային նշանակութիւն ունի, այլ միջհամայնքային կառավարման համակարգ ունեցող երկրի համար նախապայման է` քաղաքական համակեցութիւնը հաստատ հիմերու վրայ պահելու համար:

 

«Ա.»

Նախորդը

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Այսօր Լիբանան Կը Հասնի

Յաջորդը

Շաբաթ, 27 Հոկտեմբերին. Շապապ Պաթրուն Ակումբի Նոր Մարզահամալիրին Բացումը

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?