Լիբանան կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ օրաթերթերու եւ ձայնասփիւռի կայաններու ղեկավարներուն հետ: Հանդիպումին մասնակցեցան«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն Անի Եփրեմեանը եւ «Վանայ ձայն» եւ «Սեւան» ձայնասփիւռի կայաններու տնօրէններ Միքայէլ Վայեճեանն ու Վիգէն Աւագեանը:
Ներկաները գոհունակութիւն յայտնեցին այն առումով, որ նման հանդիպումի մը նախաձեռնութիւնը վարչապետի պաշտօնակատարին կողմէ յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծել է ընդհանրապէս հայկական լրատուամիջոցներու ունեցած դերակատարութիւնը:
Շահեկան խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ յատկապէս սփիւռքի ներուժը պետականակերտման աշխատանքներուն ներգրաւելու առաջադրանքին եւ լրատուամիջոցներու ունեցած դերին մասին` համահայկական օրակարգ ձեւաւորելու առաջադրանքով տարուելիք աշխատանքներուն:



