Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 20 հոկտեմբերին երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան կը հասնի:
Այցելութեան ծիրին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիի հետ:
Նախատեսուած են նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումները Լիբանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն Պէյրութի հայկական հոգեւոր-մշակութային կեդրոններ, կրթական հաստատութիւններ:



