Կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2018-ին «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ` ի յարգանս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով:
Ճաշկերոյթին ընթացքին խօսք առաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեան. կարդացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղերձը, ապա յաջորդաբար խօսք առին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն ու Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Գ. Մահսերեճեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ վեհափառին նկարագիրին գերակշիռ յատկութիւններէն են համահայկական մտածողութիւնն ու աշխատանքի մղող ուղեգիծը, ինչպէս նաեւ եկեղեցին պատերէն անդին տանելու յանձնառութիւնը:
Պետօ Տէմիրճեան ընթերցեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ուղերձը, ուր ան կը նշէ, որ կաթողիկոսին ձեռնադրութեան եւ օծման յիսնամեակը նշանակալից իրադարձութիւն է ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար, այլ նաեւ` հայ առաքելական եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ սփիւռքի բազմաթիւ օճախներուն: Իր, Արցախի ժողովուրդին ու իշխանութեան շնորհաւորանքը յայտնելէ ետք, նախագահ Սահակեան կ՛ընդգծէ, որ Արցախը բարձր կը գնահատէ նորին սրբութիւնը եւ անոր գործունէութիւնը որպէս կաթողիկոս, հոգեւորական, հասարակական գործիչ եւ հայրենանուէր մարդ. «Դուք մեծածաւալ ազգանպաստ գործունէութիւն էք իրականացնում կրթական-հայագիտական ծրագրերի, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական կապերի ընդլայնման ու խորացման ուղղութեամբ», կը նշէ նախագահը ու կը շարունակէ` ըսելով, որ վեհափառը թէ՛ օրհասական պահուն, եւ թէ յաղթական ժամուն միշտ նեցուկ կանգնած է հայ ազգին` իր գործօն աջակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ:
Ապա բեմ բարձրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, որ շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետին ձեռնադրութեան 50-ամեակը` մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն: Փաշինեան ընդգծեց կաթողիկոսին ծառայասիրութիւնը եւ ըսաւ, որ 50 տարուան հոգեւոր ծառայութիւնը գործնականացուցած է «զրուցելով» Աստուծոյ եւ ժողովուրդին հետ, եւ բնական է, որ նման նուիրական անհատ մը վայելէ համատարած վստահութիւն ու յարգանք թէ՛ ազգային, եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Աւարտին իր խօսքը ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց իր ձեռնադրութեան համար կազմակերպուած երեկոյին ու ջերմ շնորհաւորանքներուն համար: Հայրապետը ընդգծեց, որ մեր կեանքին իմաստն ու նպատակը չի կրնար ըլլալ այլ բան, քան ծառայութիւնը. ան ըսաւ, որ իր 50-ամեայ հոգեւորականի կեանքին մէջ` ազդուելով իր նախորդ երեք կաթողիկոսներէն եւ ըլլալով անոնց անջնջելի հետքերով կազմաւորուած, կը մատուցանէ իր ծառայութիւնը: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղելով վարչապետի պաշտօնակատարին` ընդգծեց, որ թաւշեայ յեղափոխութեան առաջին օրերէն իսկ, կապ հաստատելով Փաշինեանի հետ, շեշտած է յեղափոխութեան` հանգուցալուծման առաջնորդող ըլլալուն կարեւորութիւնը, որ կը հետապնդէ մէկ նպատակ` Հայաստանի հզօրացում: Անդրադառնալով սփիւռքին, կաթողիկոսը ըսաւ, որ հարկադրաբար Հայաստանէն հեռու ապրած է սփիւռքը, տագնապած է անոր ցաւերով եւ ուրախացած անոր վերանկախացումը տեսնելով, սակայն մեր ժողովուրդը ո՛չ միայն կ՛ուզէ տեսնել անկախացած Հայաստանը, այլ` Հայաստանը կ՛ուզէ տեսնել Արարատո՛վ:
«Այս հանգրուանին, պէտք է հզօրացնենք Հայաստանը` ի խնդիր Մեծ Հայաստանին: Զօրացնենք սփիւռքը, որպէսզի Հայաստանը աւելի հզօրանայ: Հայաստանը հզօրացնենք, որպէսզի սփիւռք-Հայաստան-Արցախ եռամիութիւնը փոխադարձ հասկացողութեամբ, ամբողջական համագործակցութեամբ, դերերու յստակացումով, աշխատանքի բաժանումով, սակայն մէկ ազգի, մէկ հայրենիքի եւ մէկ ապագայի տեսլականով քալենք դէպի ժողովուրդի պայծառ ապագայ: Հետեւաբար, իմ սպասումս է, որ Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդին մասնակցութեամբ յառաջացած թաւշեայ յեղափոխութիւնը այս գիտակցութեամբ ու հաւատքով հզօրացնէ մեր հայրենիքը: Կը վստահեցնեմ ձեզի, թէ սփիւռքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ձեզի հետ է, Հայաստանին հետ է, Արցախին հետ է», իր խօսքը եզրափակեց վեհափառը:
Նշենք, որ Նաթան արք. Յովհաննէսեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի կաթողիկոսութեան անունով վեհափառին նուիրեց յուշանուէր մը` Ս. Էջմիածինի ոսկեձոյլ խաչի մանրակերտը, իսկ վեհափառ հայրապետը Նիկոլ Փաշինեանին նուիրեց Բարձր Բերդի ձեռագիր աւետարանին կրկնօրինակը:





