Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեանը` Արտակ Զէյնալեանին. «Իբրեւ Նախարար Ճի՞շդ Կը Նկատէք, Որ Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծը 24 Ժամուան Մէջ Ընդունուի»

October 23, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովը, կառավարութեան առաջարկով, գումարեց արտահերթ նիստ մը, որուն օրակարգի վրայ է «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքը» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը:

Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան ծանօթացուց նախագիծը` նշելով, որ կառավարութիւնը Ազգային ժողովին ներկայացուցած է 22 հոկտեմբերին գումարած Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի օրակարգային հարցի երկրորդ ընթերցմամբ քննարկումը կազմակերպելու վերաբերեալ որոշման նախագիծ:

«Նախագիծով կ՛առաջարկուի առաջին ընթերցմամբ անոր ընդունումէն յետոյ 24 ժամեայ վարչակարգով  երկրորդ ընթերցում: Նախագիծին վերաբերեալ գրաւոր առաջարկներու ու գլխադասային յանձնաժողովի եզրակացութեան համար կ՛առաջարկուի  սահմանել 3-ական ժամ», ըսաւ Զէյնալեան:

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը, օգտուելով հարցում ուղղելու իրաւունքէն, նախարարի պաշտօնակատարին հարցուց` արդեօք բնակա՞ն կը նկատէ, որ սահմանադրական օրէնքը, Ընտրական օրէնսգիրքը ընդունուի նման հապճեպ կերպով:

«Այսօր առաջին ընթերցումը տեղի կ՛ունենայ, վաղը` երկրորդ, երբ ակնյայտ է, որ բազմաթիւ հարցեր կան, եւ համաձայնութեան հասնելու խնդիր ալ կայ: Ես ընդհանրապէս չեմ յիշեր, որ Ընտրական օրէնսգիրքը այսպիսի հապշտապութեամբ որեւէ Ազգային ժողովին մէջ ընդունուէր, երբ տեղի կ՛ունենան արմատական փոփոխութիւններ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ: Ձեր կարծիքը կ՛ուզէի լսել, որպէս արդարադատութեան նախարար, սահմանադրական օրէնքը այնպէս փոխելը ճի՞շդ է», հարցուց Ռուստամեան:

Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնալեան ըսաւ, որ այլ` սովորական պայմաններուն մէջ կը համաձայնէր Ռուստամեանի հետ, որ Ընտրական օրէնսգիրքը եւ որեւէ օրէնսդրական փոփոխութիւն ցանկալի կ՛ըլլայ աւելի երկար քննարկել, ձգել, որ անիկա աւելի հասուննայ եւ ընդունուի կարելի եղածին չափ անթերի, որոնց մէջ յատկապէս Ընտրական օրէնսգիրքը:

«Սակայն երկրին մէջ արտակարգ վիճակ կայ, եւ այս շրջագիծին մէջ է, որ այսպիսի լուծում առաջարկուած է: Ես ձեզի հետ, ընդհանուր առմամբ, համաձայն եմ, բայց սովորական պայմաններու պարագային, այդ պատճառով կառավարութիւնը այսպիսի լուծում  կ՛առաջարկէ», ըսաւ Զէյնալեանը:

 

Նախորդը

Զոհրաբ Մնացականեան. «Հայաստանը Կարեւոր Կը Նկատէ Անվտանգութեան Եւ Խաղաղութեան Մթնոլորտի Ձեւաւորումը»

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Չընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Նախագիծը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.