Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, մասնակցութեամբ Լիբանանի Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեանի, օգոստոս 22-ին, այցելեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Թաւշեայ յեղափոխութեան արձանագրած դրական անդրադարձները եւ այդ ուղղութեամբ ժողովրդային ակնկալութիւնները, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի հայութեան մօտ արթած մթնոլորտն ու...




















