Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իշխանութեան Մէջ Ըլլալ Չի Նշանակեր Անպայման Իշխողներուն Նման Ըլլալ» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Հոկտեմբեր 24, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերջերս Լիբանան գտնուող հայաստանեան լրատուամիջոցներու լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան եւ զայն ողջունելի նկատեց: Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը տարբեր առիթներով շեշտած է, որ դէմ է փտածութեան, սակաւապետութեան, անհրաժեշտ նկատած է արտագաղթի կասեցումը, թափանցիկութեան հաստատումը:

«Եւ մեզի համար մեծ գոհունակութիւն է, որ, հակառակ նախորդ 27 տարիներու դժուարութիւններուն, այսօր Հայաստանի մէջ կայ իշխանութիւն, որուն համար այս հարցերը առաջնահերթութիւն են: Ուրեմն սկզբունքային իմաստով տարբերութիւն չկայ թաւշեայ յեղափոխութեան պահանջածին եւ մեր` Լիբանանի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ պահանջածին միջեւ: Խնդիրը հարցերուն մօտենալու, մարդկային յարաբերութիւններու խնդիրն է, որ, կ՛ենթադրեմ ու կը հաւատամ, թէ վերացած է, չկայ դժուարութիւն: Կը յուսանք, թէ փոխգործակցութիւնը, առողջ հիմերու վրայ դրուած ըլլալով հանդերձ, կը շարունակուի, եւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայաստանը կը յաղթէ», շեշտեց ան: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, որ փտածութիւնը միշտ ալ առկայ է ամէն տեղ, անիկա մարդու ծնունդին հետ կը ծնի, ուստի պէտք է անպայման անոր դէմ պայքարիլ: Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը կը հաւատար, որ սահմանադրութեամբ, փոփոխութիւններով, ներքին զրոյցներով կարելի էր փտածութիւնը արմատախիլ ընել, արտագաղթի դէմ պայքարիլ, սակայն կարելի չեղաւ:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, որ դեկտեմբերը խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու ընդունելի՞ ժամկէտ է` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ նախընտրելի պիտի ըլլայ յաւելեալ ժամանակ տալ, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւապէս պատրաստուիլ: Ան հասկնալի նկատեց նաեւ իշխանութիւններուն մտահոգութիւնները, որ այդ ժամանակը կրնայ անպայման օգտակար չըլլալ: Ամէն պարագայի, երեսփոխանը դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը աւելի քաջատեղեակ է եւ ճիշդ կրնայ կողմնորոշուիլ:

168.am-ի թղթակիցը հարցուցած է, թէ ի՞նչ է երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կարծիքը այն մասին, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ քանի մը անգամ քոալիսիոն կազմած Դաշնակցութեան վարկանիշը անկման մէջ է, ինչ որ յայտնի դարձաւ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն մէջ: Երեսփոխանը ըսաւ, որ քաղաքական ըմբռնողութեան հարց կայ, ՀՅԴ-ն տասնամեակներ շարունակ կը սպասուէր, որ Հայաստան պիտի գար: Կար համայնավարութենէն ժառանգ մնացած Դաշնակցութեան դէմ ընդհանուր մթնոլորտ: Ապա տասնամեակ մը ամբողջ առաջին վարչակարգին` ՀՅԴ-ի դէմ մղած պայքարը: Ան դիտել տուաւ, որ մարդիկ կը հաւատային, թէ ՀՅԴ-ն ազգային կուսակցութիւն է, սակայն չէին քուէարկեր Դաշնակցութեան: Ժողովուրդը այնքան դժգոհ էր նախկին իշխանաւորներէն, որ, դժբախտաբար, այդ մէկը կը տարածուէր նաեւ կառավարութեան մաս կազմած ուժերուն վրայ:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ յեղափոխութիւնը երբ կատարուեցաւ, Դաշնակցութիւնը եղաւ առաջինը, որ քոալիսիոնը քանդեց: «Պարոն վարչապետը անձամբ ակնարկեց ինծի այդ մասին: Մեր ուսանողութիւնը, երիտասարդութիւնը առաջիններէն էր, որ զօրակցեցաւ յեղափոխութեան: Ես այս մասին օրին յօդուած ստորագրեցի «Ազդակ»-ի մէջ», ըսաւ ան` դիտել տալով որ, ի վերջոյ քաղաքական ընտրութիւնները ցուցանիշ չեն կուսակցութիւններու վարկին, այլ գաղափարական ենթահողն է կարեւորը:

Իր խօսքի աւարտին Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է գիտակցիլ, թէ իշխանութեան մէջ ըլլալ չի նշանակեր, որ անպայման անոնց նման ըլլալ:

 

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան. «ՀՅԴ-ն Կողմ Է Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութեան, Դէմ Է Դեկտեմբերին Արտահերթ Ընտրութիւններու Կայացումին»

Յաջորդը

Թենիս. Խաչանով Կը Մասնակցի Ցուցադրական Մրցաշարքի Մը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?