Գլխաւոր լուրեր

127-ամեայ Երիտասարդը…

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները Եւ Ընտրեց Բիւրոյի Նոր Կազմը

ՀՅԴ Բիւրոյի Հանրային կապերու գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը յայտարարուեցաւ, որ 24 յունուար 2019-ին Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ գումարուած ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները: Ժողովը սկսած էր 16 յունուարին: Ժողովը սպառիչ կերպով քննարկելէ ետք իր օրակարգը (որ օրին հրապարակուեցաւ մամուլի էջերով https://www.aztagdaily.com/archives/424329), ընտրեց կուսակցութեան բարձրագոյն գործադիր մարմին` Բիւրօ: ՀՅԴ Բիւրոն իր անդրանիկ նիստին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընտրեց...

127-ամեայ Երիտասարդը…

Յայտարարութիւն

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ կը գումարուի Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, երէկ` 24 յունուար 2019-ին հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը: Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրով եւ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած Անկախ պետականութեան կարգավիճակն ու տարածքային ամբողջականութիւնն անսակարկելի են: Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնների միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մասին համաձայնագրի սեղմ ժամկէտներում կնքումը հրատապ անհրաժեշտութիւն է: Աշխարհասփիւռ իր կառոյցով, ՀՅ Դաշնակցութիւնն անվերապահ աջակցութիւն է յայտնում Արցախի...

Արայիկ Յարութիւնեան. «Դաշնակցութեան Հետ  Միասին Մեծ Անելիքներ Ունենք»

Արայիկ Յարութիւնեան. «Դաշնակցութեան Հետ Միասին Մեծ Անելիքներ Ունենք»

Արցախի Ազատ հայրենիք կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Դիմատետրի իր էջին վրայ համոզում յայտնած է, որ ազատ, անկախ ու հզօր Հայաստանի եւ Արցախի կերտման ուղիին վրայ կարեւոր է Դաշնակցութեան հետ համագործակցութիւնը: Ան գրած է. Յարգելի՛ հայրենակիցներ Երէկ մասնակցել եմ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի մօտ կազմակերպուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի մասնակիցների պաշտօնական ընդունելութեանը, որտեղ առիթ եմ ունեցել կրկին հանդիպելու եւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Բագրատունիի  Եւ Նախարար Կիտանեանի Հանդիպումները Արցախի Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Բագրատունիի Եւ Նախարար Կիտանեանի Հանդիպումները Արցախի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան 24 յունուարին ընդունած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որոնց կ՛ընկերակցէր Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը: Քննարկուած են Արցախի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, սփիւռքի մէջ Արցախի նկատմամբ եղած մեծ հետաքրքրութիւնն ու ուշադրութիւնը, նաեւ տարբեր ձեւերով անոր...

Ակնարկ.  Հանդիպումներու Զրոյցներէն  Դէպի Բանակցային Փուլ

Ակնարկ. Հանդիպումներու Զրոյցներէն Դէպի Բանակցային Փուլ

Տուշանպէէն եւ Փեթերսպուրկէն ետք Տաւոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ երրորդ հանդիպումը կը կայանար: Վարչապետ Փաշինեան կը պարզաբանէր, որ նախապէս համաձայնեցուած հանդիպում չէ, եւ միջազգային հաւաքներու առիթով կազմակերպիչներուն կողմէ նախաձեռնուած հանդիպման հրաւէրի երկկողմանի ընդառաջում է, որ նախապէս երկու ղեկավարները համամտութիւն տուած են: Նման առիթներու հանդիպելու պարագային չխուսափիլ հանդիպելէ: Երեք հանդիպումներն ալ ըստ վարչապետին ոչ պաշտօնական զրոյցներ են...

Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հանդիպումը`  ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի Մասնակիցներուն Հետ

Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հանդիպումը` ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի Մասնակիցներուն Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը 23 յունուարին ընդունած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները: Նախագահը ողջունած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի կազմակերպումը Արցախի մէջ` զայն նկատելով կարեւոր ներքաղաքական իրադարձութիւն Արցախի Հանրապետութեան համար: Նախագահ Բակօ Սահակեան արժեւորած է ՀՅԴ-ի ներդրումը արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի, պետականութեան ձեւաւորման ու կայացման, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք...

Դաւիթ Իշխանեան. «Հայ Ժողովուրդին  Առջեւ Ծառացած Տագնապներու Լուծման  Առումով Արցախը Ունի Իր Տեղն Ու Դերը»

Դաւիթ Իշխանեան. «Հայ Ժողովուրդին Առջեւ Ծառացած Տագնապներու Լուծման Առումով Արցախը Ունի Իր Տեղն Ու Դերը»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 յունուարին ընդունած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները: Հանդիպումէն ետք «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան ըսած է, թէ հանդիպումին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն կողմէ  մատնանշուած են այն մարտահրաւէրները եւ կարեւոր խնդիրները, որոնք ծառացած են...

Վահրամ Բալայեան. «Հայ Ժողովուրդը Պատրաստ Չէ Իր Հայրենիքը Զիջելու Ուրիշին»

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հանդիպումը անսպասելի չէր: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին (Տիգրանուհի Մարտիրոսեանի հետ) ըսաւ Արցախի խորհրդարանի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան` նշելով, որ հանդիպումը կը նախապատրաստուէր: Խօսելով 1.5 ժամ տեւած հանդիպումին մասին` Վահրամ Բալայեան ըսաւ, թէ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը` Արցախը ամէն գնով մտցնել իրենց կազմին մէջ, չէ փոխուած, ուստի դժուար թէ շօշափելի արդիւնքներ ըլլան: «Չեմ կարծեր, որ Պաքուի դիրքորոշումը թոյլ կու...

Երեսփոխան Թերզեան Հանդիպում Մը  Ունեցաւ Դեսպան Աթաբէկեանի Հետ

Երեսփոխան Թերզեան Հանդիպում Մը Ունեցաւ Դեսպան Աթաբէկեանի Հետ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան երէկ այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Ծանօթացման բնոյթ ունենալու կողքին, հանդիպումը ունէր նաեւ աշխատանքային բնոյթ: Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Յ. Թերզեան դեսպան Աթաբէկեանի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ լիբանանեան-հայկական...

Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ  Նիկոլ Փաշինեանի Ուղերձը`  ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովին

Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ուղերձը` ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովին

16 յունուար 2019-ից Արցախում ընթացող ՀՅ Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովը ստացել է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի ուղերձը: Այն ներկայացնում ենք` առանց մեկնաբանութեան: «Ողջունում եմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներին եւ հիւրերին: ՀՅԴ-ն անցել է պատմական մեծ ուղի` հերոսական ու ողբերգական, երբեմն` հակասական ու վիճելի, երբեմն` միարժէքօրէն իրաւացի, յաճախ` հալածուած, բայց միշտ կիսել է իր ժողովրդի ճակատագիրը:...

127-ամեայ Երիտասարդը…

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի Օրակարգը

Բազմաթիւ լրատուամիջոցներէ հարցումներ ստացուած են ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի ընթացքի եւ երկար տեւելու վերաբերեալ: Այդ հարցումներուն պատասխանելու համար կը տեղեկացնենք, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր բարձրագոյն ժողովին, կը քննարկէ մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն, սփիւռքին վերաբերող բազմաթիւ հարցեր եւ կու տայ որոշումներ, որուն աւարտին կ՛ընտրուի ՀՅԴ Բիւրօ: Ժողովի ընթացքի մասին պատկերացում կազմելու համար, կը հրապարակենք Ընդհանուր Ժողովի օրակարգը:...

Փաշինեանն Ու Ալիեւը Ունեցած Են  Մէկուկէս Ժամ Տեւած Հանդիպում Մը

Փաշինեանն Ու Ալիեւը Ունեցած Են Մէկուկէս Ժամ Տեւած Հանդիպում Մը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին միջոցով տեղեկացուցած է, որ Տաւոսի մէջ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: «Տաւոսի մէջ ունեցայ ոչ պաշտօնական հանդիպում Իլհամ Ալիեւի հետ: Միտքեր փոխանակեցինք բանակցային հոլովոյթի ընթացիկ իրավիճակին եւ հետագայ քննարկումներուն մասին: Հանդիպումը տեւեց մօտ մէկուկէս ժամ», նշած է Փաշինեան:  

Արմէն Սարգսեան. «Հայ-Եգիպտական  Փոխշահաւէտ Գործակցութիւնը  Շարունակական Պիտի Ըլլայ»

Արմէն Սարգսեան. «Հայ-Եգիպտական Փոխշահաւէտ Գործակցութիւնը Շարունակական Պիտի Ըլլայ»

22 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին իրենց հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եգիպտոսի Հանրապետութեան դեսպան Պահաա Պահկաթ Տիսուքին: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, շնորհաւորելով նոր նշանակուած դեսպանը` Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութեան ստանձնումին առիթով, նախագահը յոյս յայտնած է, որ ան իր հարուստ փորձառութիւնն ու գիտելիքները կը ներդրէ ի նպաստ երկու բարեկամ երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան առաւել զարգացման...

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց  Ապպաս Իպրահիմի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Լիբանանցի պետական պաշտօնատարներուն հետ ծանօթացման արարողակարգային հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:  

Ակնարկ.   Արաբական Վեհաժողովն Ու Միջանկեալ Գործողութիւնները

Ակնարկ. Արաբական Վեհաժողովն Ու Միջանկեալ Գործողութիւնները

Պէյրութի հիւրընկալած Արաբական տնտեսական վեհաժողովը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ գաղթականներու եւ տեղահանուածներու տունդարձի անհրաժեշտութեան վրայ: Հարթելէ ետք ներլիբանանեան հակասութիւնները, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանաձեւը ստացաւ համաարաբական համաձայնութիւն: Անհրաժեշտութիւնը այս պարագային միջոցներ կ՛ենթադրէ, եւ ուրեմն հիմնականին մէջ տնտեսական վեհաժողովի ընելիքը նիւթական միջոցներու հայթայթումն է` վերադարձի գործողութիւններ կազմակերպելու համար: Գաղթականներու կամ տեղահանուածներու երեւոյթը միջազգային ընտանիքի կողմէ աշխարհի տարածքին կը յայտնուի ուշադրութեան կիզակէտին, որուն...

127-ամեայ Երիտասարդը…

Հաղորդագրութիւն

Տեղեկացնում ենք, որ 16 յունուար 2019-ին Արցախում գումարուած ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքների 5-րդ օրը, անսպասելիօրէն ստացուել է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի ուղերձը: ՀՅԴ 33-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆ

Բրիտանիան Վաւերացուցած Է Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Բրիտանիան Վաւերացուցած Է Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Ֆառնուորթ «Թուիթըր»-ի վրայ հաղորդած է, թէ Բրիտանիան 18 յունուարին վաւերացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Նշեալ համաձայնագիրը ստորագրուած էր 24 նոյեմբեր 2017-ին: Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը եւս հրապարակեց հաղորդագրութիւն այս մասին` նշելով, որ 21 յունուարին Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացած է Հայաստան - Եւրոպական...

Իրանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում  Ունեցած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Ներկայացուցիչին Հետ

Իրանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում Ունեցած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչին Հետ

21 յունուարին Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեան հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ Ղոլամռեզա Պաղերի Մողատամի հետ: Այդ մասին կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի օրակարգին առնչուող հարցերու ընդարձակ շրջանակ, ուրուագծած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական եւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը: Այս պարունակին մէջ երկուստեք կարեւոր նկատած...

Հայաստանի Արտակարգ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Որակուեցան  Ազատ Եւ Ժողովրդավարական

Հայաստանի Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Որակուեցան Ազատ Եւ Ժողովրդավարական

ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանին ներկայացուեցաւ զեկուցում, ըստ որուն` Հայաստանի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները որակուեցան ազատ եւ ժողովրդավարական: «Արմէնփրես»-ի տեղեկութիւններով` զեկուցումին հեղինակը լեհ երեսփոխան Ալեքսանտր Բոչիէյն է (Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւն): «Առանձնակիօրէն շեշտուեցաւ նախընտրական թափանցիկ մթնոլորտի առկայութիւնը եւ 3 ժամ տեւած քաղաքական բաժանմունքի իրականացման բացառիկութիւնն ու կարեւորութիւնը», դիմատետրի իր էջին վրայ կատարուած գրառումին մէջ կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի...

Հայ Դատի Ներկայացուցիչները Հանդիպեցան  Արցախի Աջակից Խորհրդարանի Անդամ Տոն Տէյվիսի  Եւ Նոր Դեմոկրատներու Ղեկավար Ճակմիտ Սինկի Հետ

Հայ Դատի Ներկայացուցիչները Հանդիպեցան Արցախի Աջակից Խորհրդարանի Անդամ Տոն Տէյվիսի Եւ Նոր Դեմոկրատներու Ղեկավար Ճակմիտ Սինկի Հետ

19 յունուար 2019-ին Վանքուվըրի մէջ Քանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ յանձնախումբի անդամներ Կարին Սաղտճեան, Վարուժան Պասմաճեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան հանդիպում ունեցան Քանատայի խորհրդարանի անդամ, Քանատայի Խորհրդարանական պատուիրակութեան Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ Տոն Տէյվիսի եւ Քանատայի Նոր դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ճակմիտ Սինկի հետ: Հայ դատի պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Քանատայի խորհրդարանի անդամ Տոն Տէյվիսի թեկնածութիւնը Քանատայի...

Page 513 of 797 1 … 512 513 514 … 797

Արխիւներ