Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Մշակոյթի, Երիտասարդութեան Հարցերու Եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարը Աշխատանքային Այցելութիւն Կու Տայ Աթէնք

March 18, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Աշխատանքային այցելութեամբ Յունաստան կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Աթէնքի արուարձան Նէա Զմիռնիի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակին նուիրուած «Զանգակ» յուշարձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք ան ունեցած է հանդիպում Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ցուլաքիսի  հետ:

Բարեկամական անկեղծ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քաղաքապետը` քաջատեղեակ ըլլալով Արցախի ժողովուրդին ու առօրեային մասին, զօրակցական խօսք ուղղած է եւ փոխանցած իր ու քաղաքապետական խորհուրդին նեցուկն ու օգտակար ըլլալու պատրաստակամութիւնը: Ան անդրադարձած է ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին ջանքերով Նէա Զմիռնիի եւ Հայաստանի Սիսեան քաղաքներուն միջեւ բարեկամական սերտ յարաբերութիւններուն եւ տարիներու ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններուն` հաւաստիացնելով, որ միշտ հայութեան կողքին են եւ նոր համագործակցութեան պատրաստակամութիւն ունին:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետին եւ խորհուրդին` Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին աջակցելուն համար, նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցած է Արցախի Մեհմանա գիւղի յոյն բնակիչներուն մասին` նշելով, որ անոնք եւս տուժած են ազրպէյճանական յարձակումներէն: Ան Նէա Զմիռնիի քաղաքապետը հրաւիրած է Արցախ:

Լեռնիկ Յովհաննիսեանի այցելութեան նպատակն էր նաեւ ծանօթանալ գաղութի գործունէութեան ու աշխատանքներուն, եւ այս ծիրին մէջ կազմակերպուած են հանդիպումներ յունահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Այս ծիրին մէջ ան այցելած է Հայ կապոյտ խաչի Ազգային Ա. եւ Ժ. Ճենազեան միջնակարգ, ինչպէս նաեւ Ֆիքսի Լ. եւ Ս. Յակոբեան,  Գոքինիոյ Զաւարեան նախակրթարաններն ու մանկապարտէզները, հանդիպում ունեցած տնօրէններուն հետ, այցելած դասարանները, զրուցած աշակերտներուն հետ ու տեղեկացած գործադրուող կրթական ծրագիրներուն մասին:

Նախարարին կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամները:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան բարձր գնահատած է դպրոցներու պատասխանատուները, տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը` հայապահպանութեան իրենց նուիրական գործին համար:

 

Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտ. Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի Եւ Արցախի Յանձնախումբը Կը Վերահաստատուի

Յաջորդը

Նոր Զելանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Կատարուած Ահաբեկչութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.