Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայ Դատի Պատուիրակութիւնը  Վերահաստատած Է Կուսակցութեան  Յանձնառութիւնը

ՀՅԴ Հայ Դատի Պատուիրակութիւնը Վերահաստատած Է Կուսակցութեան Յանձնառութիւնը

19 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն-ՀՅԴ Հայ դատի կառոյցներ համագործակցութեան առաջնահերթութիւնները: ՀՅԴ Հայ դատի պատուիրակութիւնը վերահաստատած...

Հայաստանի Կառավարութիւնը  Կազմուեցաւ 12 Նախարարներով

Հայաստանի Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ 12 Նախարարներով

Նախագահ Արմէն Սարգսեան 18 յունուարին հրամանագիրներ ստորագրեց 12 նախարարները նշանակելու մասին` հիմք ընդունելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկները: Հրամանագիրներով` Զոհրապ Մնացականեան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց, Դաւիթ Տօնոյեան` պաշտպանութեան, Ֆելիքս Ցոլակեան` արտակարգ իրավիճակներու, Ատոմ Ջանջուղազեան` ելեւմուտքի, Տիգրան Խաչատրեան` տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու, Յակոբ Արշակեան` փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, Էրիկ Գրիգորեան` բնապահպանութեան, Արտակ Զէյնալեան` արդարադատութեան, Արսէն Թորոսեան` առողջապահութեան, Զարուհի Բաթոյեան` աշխատանքի եւ ընկերային...

Արցախի Ազգային Ժողովի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի  Յայտարարութիւնը` Պաքուի Հայ Բնակչութեան  Զանգուածային Ջարդերու 29-րդ Տարելիցին Առիթով

Արցախի Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը` Պաքուի Հայ Բնակչութեան Զանգուածային Ջարդերու 29-րդ Տարելիցին Առիթով

Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերու 29-րդ տարելիցին  առիթով` Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի յայտարարութիւնը. 1990 թուականի 13-19 յունուարին Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուում հայ բնակչութեան նկատմամբ իրագործուել է պետական իշխանութիւնների կողմից կազմակերպուած զանգուածային կոտորած: Ազգային հողի վրայ իրականացուած բռնութիւններին զոհ են գնացել հարիւրաւոր հայեր, թալանի ու բռնագրաւման է ենթարկուել հայերի ունեցուածքը: Ֆիզիքական ոչնչացման անմիջական սպառնալիքի ներքոյ  Պաքուի քառորդ միլիոն տեղահանուած հայութիւնը`...

Արաբական Տնտեսական Վեհաժողով

Արաբական Տնտեսական Վեհաժողով

Արաբական Երկիրները Համախոհութեամբ «Պէյրութի Յայտարարութեան» Ընդմէջէն Կ՛ընդգծեն Գաղթականներու Եւ Տեղահանուածներու Տունդարձի Քաջալերման Կարեւորութիւնը Արաբական տնտեսական Դ. վեհաժողովի պաշտօնական բացումը երէկ կատարուեցաւ Պիելի մէջ` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Վեհաժողովը վարելու աշխատանքին մասնակցեցան նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ: Թէեւ արաբական երկիրներու իշխանութեանց պետերուն աննշան ներկայութիւնը ինքզինք պարտադրեց վեհաժողովին վրայ, սակայն անոր...

Մարաշի Աղէտի Փառապանծ Նահատակներու  Յիշատակին Աղօթք Եւ Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

Մարաշի Աղէտի Փառապանծ Նահատակներու Յիշատակին Աղօթք Եւ Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

«Տիեզե՛րք, գլուխ խոնարհի՛ր հայ նահատակութեան առաջ, Նա քաւութեան նոխազ եղաւ քո ոճիրների համար» Աւետիք Իսահակեան Եղեռն ու վերածնունդ ... Ինչպիսի՜ հակադրութիւն մը ո՛չ միայն հասկացողութեան, այլ նաեւ իրողութեան: Առաջինը իբրեւ ահաւոր չարիք, որ արդէն անցեալ է, իսկ երկրորդը` վերածնունդը, որուն ուղիով հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր երթը` հայապահպանման ու պայծառ ապագայի ամուր հաւատքով եւ տեսլականով: Մարդկային միտքը դժուար թէ ընկալէ...

Նախագահ Սարգսեան. «Մենք Աստուծոյ Ընտրեալ  Ժողովուրդ Ենք Եւ,  Յաղթելէ Բացի, Այլ Ճամբայ Չունինք»

Նախագահ Սարգսեան. «Մենք Աստուծոյ Ընտրեալ Ժողովուրդ Ենք Եւ, Յաղթելէ Բացի, Այլ Ճամբայ Չունինք»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու տիկին Նունէ Սարգսեանը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ այցելած են Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցի: Այդ մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու բաժինը: Անոնք ծաղիկներ զետեղած են եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին եւ յարգանքի տուրք մատուցած անմեղ զոհերու յիշատակին: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի...

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու  Պաշտպանի Յայտարարութիւնը` Պաքուի Հայերու  Կոտորածներու 29-րդ Տարելիցին Առիթով

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի Յայտարարութիւնը` Պաքուի Հայերու Կոտորածներու 29-րդ Տարելիցին Առիթով

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան յայտարարութիւն տարածած է` 1990 յունուարին Ազրպէյճանի կողմէ Պաքուի մէջ կազմակերպուած հայերու կոտորածներու 29-րդ տարելիցին առիթով: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակէն: Յայտարարութեան մէջ նշուած է` 1.- 1990 թուականի յունուարին Ազրպէյճանի Պաքու քաղաքը կրկին դարձած էր հայերու նկատմամբ շարունակաբար իրականացուող ջարդերու թատերաբեմ (1905 թուականի եւ 1918 թուականի հայերու զանգուածային կոտորածներէն...

Քոչարեանի Կալանքի Հարցով Որոշումը` 13 Օգոստոսին

Քոչարեանը Երկու Ամիս Եւս Կալանքի Տակ Պիտի Մնայ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ  Քոչարեանի խափանման միջոցը կը մնայ կալանքը. Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշում տուաւ բաւարարել Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ քննչական ծառայութեան միջնորդութիւնը եւ երկու ամիսով երկարաձգել Քոչարեանի կալանքի ժամկէտը: Նշենք, որ Քոչարեանի պաշտպանները կալանաւորումը գրաւով փոխարինելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը ներկայացուցած էին 26 դեկտեմբերին` գրաւի չափը ձգելով դատարանի հայեցողութեան:  

Քանատայի Խորհրդարանի Անդամը Հայ Դատի  Յանձնախումբին Հետ Խորհրդակցած Է  Արցախեան Տագնապին Մասին

Քանատայի Խորհրդարանի Անդամը Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ Խորհրդակցած Է Արցախեան Տագնապին Մասին

15 յունուարին Վանքուվըրի Ռիչմընտ շրջանին մէջ Քանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Վահէ Անտոնեան, ընդառաջելով Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ճօ Փեսչասոլիտոյի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցան անոր կազմակերպած ընդունելութեան հաւաքին: Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը քանատացի խորհրդարանականին հետ յատուկ զրոյց ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի եւ Քանատայի խորհրդարանի բարեկամութեան խումբի ստեղծման եւ  Արցախի տագնապին վերաբերող հարցերու շուրջ:  

Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովի Նախօրեակին.  Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Նիստի  Նախագահ` Ժըպրան Պասիլ Կոչ Ուղղեց  Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձին

Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովի Նախօրեակին. Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Նիստի Նախագահ` Ժըպրան Պասիլ Կոչ Ուղղեց Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձին

Արաբական տնտեսական վեհաժողովի աշխատանքները պաշտօնապէս կը սկսին վաղը` 20 յունուար 2019-ին: Վեհաժողովի կայացման շրջագիծին մէջ իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք գումարուող նիստերուն շարքին երէկ տեղի ունեցաւ արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն նիստը, որուն ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ափրիկեան երկիրներու հարցերու պետական նախարար Ահմետ պըն Ապտել Ազիզ Քաթթան Արաբական տնտեսական բարգաւաճման վեհաժողովին ծիրին մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին նախագահութիւնը յանձնեց Լիբանանի արտաքին...

Ռուստամեան. «ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովը  Արցախի Մէջ Կազմակերպելը  Խորհրդանշական Իմաստ Ունի»

Ռուստամեան. «ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովը Արցախի Մէջ Կազմակերպելը Խորհրդանշական Իմաստ Ունի»

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովը  Արցախի մէջ կազմակերպելը խորհրդանշական իմաստ ունի, քանի որ մեր նորօրեայ անկախութեան պատմութիւնը եւ անոր հետեւած գործընթացները սկսած են Արցախէն: Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան` մանրամասնելով, որ այսօր շատ լուրջ մարտահրաւէրներ կան` թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին առումներով: «Նորէն մեր դիտակէտը, որմէ բոլորին պէտք...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Արեան Գնով  Մեր Շահածը Պիտի Չմսխուի  Դիւանագիտական Սեղաններու Շուրջ»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Արեան Գնով Մեր Շահածը Պիտի Չմսխուի Դիւանագիտական Սեղաններու Շուրջ»

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ իրականացնելը աջակցութեան եւս մէկ ձեւ է հայկական երկրորդ հանրապետութեան եւ վերահաստատելու, որ արեան գնով պատերազմի դաշտին վրայ մեր շահածը պիտի չմսխուի դիւանագիտական սեղաններու շուրջ: Այս մասին, ըստ «Արցախփրես»-ի, ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` մանրամասնելով, որ իրենք շատ առիթներով եղած են Արցախ, ունեցած են համագումարներ, սակայն առաջին...

Կիրօ Մանոյեան. «Արցախեան Տագնապի  Խաղաղ Լուծման Ուղղութեամբ  Դրական Տեղաշարժներ Առայժմ Չկան»

Կիրօ Մանոյեան. «Արցախեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման Ուղղութեամբ Դրական Տեղաշարժներ Առայժմ Չկան»

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ գումարելը պատգամ է բոլորին, քանի որ ունինք ներքին ազգային միասնականութեան խնդիր: Այս մասին «Արցախփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը: «Բնականաբար, ընթացքին պէտք է քննարկուին նաեւ այլ հարցեր: Ընդհանուր ժողովին կը մասնակցին նաեւ հրաւիրեալներ սփիւռքէն, քանի որ վերջինիս մասնակցութիւնը արցախեան շարժումին կարեւորութեամբ շեշտուած է եւ եղած  անփոխարինելի...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահներու Յայտարարութիւնը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Յայտարարութիւնը

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Վերահաստատած Են Երկու Ժողովուրդները Խաղաղութեան Նախապատրաստելու Մտադրութիւնը» ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) 16 յունուարին Փարիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք հանդէս եկած են յայտարարութեամբ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի...

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Մշակոյթի  Եւ Ներքին Գործոց Նախարարներուն

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Մշակոյթի Եւ Ներքին Գործոց Նախարարներուն

Լիբանանցի պետական պաշտօնատարներուն հետ ծանօթացման արարողակարգային հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի: Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս Լիբանանի եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւններուն մակարդակով:  

Հրանդ Մարգարեան. «Այդպէս էլ չհասկացան, որ կայ ու կը մնայ Դաշնակցութիւնը»

Հրանդ Մարգարեան. «Այդպէս էլ չհասկացան, որ կայ ու կը մնայ Դաշնակցութիւնը»

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի խօսքը` ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման, յունուար 16-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ:  Արդէն սովորոյթի ուժ է ստացել իւրաքանչիւր Ընդհանուր ժողովի առիթով ասելը, որ այն բացառիկ ազգային-քաղաքական իրավիճակում է տեղի ունենում: Այսուհանդերձ, ընդունենք, որ նախորդ ժողովին յաջորդած տարիներիցիւրաքանչիւրը իսկապէս բացառիկ կարեւոր ու լարուած է եղել մեր ժողովրդի եւ կուսակցութեան համար....

Յակոբ Բագրատունի. «Անհրաժեշտ Է  Աւելի Զգօն Եւ Հաստատուն Ըլլալ»

Յակոբ Բագրատունի. «Անհրաժեշտ Է Աւելի Զգօն Եւ Հաստատուն Ըլլալ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի մասնակից երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի բնորոշումով ժողովը պատմական է, որովհետեւ ՀՅԴ 128-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ ազատ, մարտունակ, հպարտ Արցախի մէջ կը գումարուի: «Այս հանգամանքը մեզ` դաշնակցականներս, յաւելեալ պարտադրանքի տակ կը դնէ` կայացնելու խոհուն, ճիշդ, զգօն եւ  պայքարի պատմութեան համապատասխանող որոշումներ: Այսօր, երբ կը տեսնենք, որ Արցախի պայքարը որոշ հունաւորում...

Դաւիթ Իշխանեան. «Ժողովին Որդեգրած  Քաղաքական Գիծը Լինելու Է  Պարտաւորեցնող Եւ Ուղենշող»

Դաւիթ Իշխանեան. «Ժողովին Որդեգրած Քաղաքական Գիծը Լինելու Է Պարտաւորեցնող Եւ Ուղենշող»

Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի արտասանած խօսքը` ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման հանդիսութեան ընթացքին. «Ժողովը կայանում է երկու յատկանշական զուգակցութեամբ: Նախ ՀՅԴ հերթական Ընդհանուր ժողովը գումարւում է խիստ պատասխանատու ժամանակահատուածում եւ ապա Դաշնակցութեան 128 տարուայ  պատմութեան ընթացքում այն առաջին անգամն է, որ տեղի է ունենում ազատագրուած Արցախում: Երկու առումներով ո՛չ միայն ժողովի ընթացքը, այլ նաեւ...

Բակօ Սահակեան. «Արցախում Բարձր Են Գնահատում Ձեր` Տասնեակ Երկրներից Ժամանած Պատուիրակներիդ Հայրենանուէր Գործունէութիւնը»

Բակօ Սահակեան. «Արցախում Բարձր Են Գնահատում Ձեր` Տասնեակ Երկրներից Ժամանած Պատուիրակներիդ Հայրենանուէր Գործունէութիւնը»

Ստորեւ կը ներկայացնենք Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղերձը` յղուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի յարգելի՛ մասնակիցներ, Ի սրտէ ողջունում եմ բոլորիդ կուսակցութեան այս գերագոյն միջոցառման մեկնարկի կապակցութեամբ: Մեծ գոհունակութեամբ ուզում եմ նշել, որ Արցախում բարձր են գնահատում ձեր` տասնեակ երկրներից ժամանած պատուիրակներիդ հայրենանուէր գործունէութիւնը: Դաշնակցութիւնը մեր հանրապետութիւնում պարբերաբար կազմակերպում է համագումարներ, խորհրդակցութիւններ, հաւաքներ:...

Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան. «30 Տարի Է, Ինչ Դաշնակցութիւնը Եւ Արցախի Թեմը Վերադարձան Արցախ»

Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան. «30 Տարի Է, Ինչ Դաշնակցութիւնը Եւ Արցախի Թեմը Վերադարձան Արցախ»

Ստորեւ  կը ներկայացնենք յունուար 16-ին Արցախի Հանրապետութեան մէջ  մեկնարկած ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման արարողութեան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի ելոյթը. Մեծարգոյ Ազգային ժողովի նախագահ, սիրելի պետական այրեր, պատգամաւորներ, սիրելի 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի  ներկայացուցիչներ: Նախ թոյլ տուէք ողջունել Ձեզ բոլորիդ, շնորհաւորել Ամանորեայ եւ Սուրբ Ծննդի տօների առիթով եւ այս օրհնութեան լոյսի ներքոյ մաղթել Ձեզ բարեյաջող ընթացք:...

Page 514 of 797 1 … 513 514 515 … 797

Արխիւներ