Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջին Հայկական Վարժարանը. Ֆրանսական Կառավարութիւնը Մեսրոպեանին Շնորհեց «Label CELF»

Մարտ 19, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

18 մարտ 2019-ին եօթը տարուան համատեղ աշխատանքի իբրեւ արդիւնք` ֆրանսական պետութիւնը ներկայացնող Institut Français-ը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին  շնորհեց «Label CELF»-ը (Certification des Etablissements en Langue Française), որ հեղինակաւոր վկայագիրն է վարժարանին մէջ ֆրանսերէնի ուսուցման գերազանց որակին ու մակարդակին:

«Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ պատմական նշանակութեան հանդիսութեան մը ընթացքին «Label CELF»-ը Մեսրոպեան վարժարանին յանձնեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպան Պրիւնօ Ֆուշէն:

Հանդիսութեան, որուն նախագահութիւնը ստանձնած էր Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը ներկայ եւ նախկին նախարարներ, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ, հայկական երեք յարանուանութեանց եկեղեցական եւ աշխարհական դասի պատասխանատու ներկայացուցիչներ, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ, Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, մշակութային, մարզական, բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ վարժարանի բարձր կարգի աշակերտներ ու ծնողներ:

Մեսրոպեանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի ֆրանսերէնի համակարգող եւ երկրորդական բաժինի կրթական պատասխանատու Հասնա Ապու Էլիաս:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նախ ըսաւ, թէ «Label CELF»-ի ստանձնումը գոհունակութեան մեծ եւ խոր ապրում մը կը պարգեւէ  Մեսրոպեանի ընտանիքին, «քանզի յաջողեցանք ստանալ վաւերացումը ֆրանսերէնի ուսուցման այն որակին, որ անհրաժեշտ կը նկատենք մեր աշակերտներու ապագային համար` կրթութեան, զարգացումի եւ կեանքի յաջողութիւններու ճամբաներուն վրայ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Institut Français-ի  ներկայացուցիչ Գամիլա  Գաաքուրին, Հասնա Ապու Էլիասին եւ Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցիչներուն, որոնք անմիջական կերտիչները հանդիսացան այս նուաճումին:

Կ. Գալուստ յայտնեց, որ զարգացման յաջորդ քայլին համար Մեսրոպեանը արդէն իսկ Institut Français-ին հետ գործակցաբար սկսած է աշխատանքի` ֆրանսական կրթութեան ծրագիրը որդեգրելուն եւ «Label FrancEducation»-ը ստանալու ուղղութեամբ: «Ապագային մենք նպատակ ունինք դառնալու Homologue հաստատութիւն: Յառաջիկայ տարիներուն համար սա մեր հաստատութեան գլխաւոր մարտահրաւէրն է: Կը հաւատանք, որ Մեսրոպեանը կրնանք հասցնել տեղ մը, որ ցուցանիշ դառնայ անոր կարեւորութեան եւ իւրայատկութեան` Լիբանանի կրթական համակարգին մէջ», ըսաւ Մեսրոպեանի տնօրէնը: «Կը վստահեցնեմ, որ այս օրը պիտի արձանագրուի իբրեւ մեր վարժարանի 80-ամեայ տարեգրութեան ամէնէն փայլուն էջերէն մէկը, ինչպէս իբրեւ եզրափակում` մեծ նուաճումի մը, նոյնպէս եւ իբրեւ սկիզբ` հետագայ յաջողութիւններուն, որոնց ընդառաջ պիտի երթանք` միշտ մեր աշակերտներուն փայլուն ապագային ի խնդիր», եզրափակեց ան:

Ֆրանսայի դեսպան Պրիւնօ Ֆուշէ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի մէջ ջերմ ընդունելութեան համար եւ շնորհաւորեց վարժարանը` այս կարեւոր նուաճումին համար: Ան դիտել տուաւ, թէ հազուադէպ է, որ Ֆրանսայի դեսպան մը անձամբ մասնակցի նման հանդիսութեան, ինչպիսին այսօրուանն էր: «Մեսրոպեանի համար բացառութիւն մը կատարեցի` հաշուի առնելով այս հաստատութեան կշիռը Լիբանանի մէջ, առաւել այն փաստը, որ Մեսրոպեանը առաջին հայկական պատկանելիութեան վարժարանն է, որ կը ստանայ  «Label CELF»-ը եւ վերջապէս, որպէսզի ձեր բոլորին հետ կիսեմ վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնական ապրումները», ըսաւ դեսպանը:

Պրիւնօ Ֆուշէ դիտել տուաւ, որ «Label CELF»-ի իմաստը կը կայանայ երեք սկզբունքներու մէջ. «Առաջին` անիկա վկայագիրն է կրթական հաստատութեան մը մէջ ֆրանսերէնի գերազանց ուսուցման, երկրորդ` կը նշէ Ֆրանսական կրթական մարմիններու կողմէ հետեւողական ընկերակցութիւն մը` աշակերտներու յաւելեալ զարգացումին եւ երրորդ` անդամակցութիւնն է կրթական ցանցի մը, որուն մաս կազմող հաստատութիւնները կը ձգտին ֆրանսերէնի հետ միասին` հասնիլ մանկավարժական գործի գերազանցութեան:  Մեսրոպեանին այս վկայագիրը շնորհեցինք, որովհետեւ անոր ուսուցիչները գերազանց արդիւնքներ հաստատեցին DELF-ի նախապատրաստութեան քննութիւններուն, ինչպէս անոր աշակերտները` 98 առ հարիւր յաջողութեամբ. առաւել, մեծապէս տպաւորիչ են լիբանանեան պետական քննութիւններուն այս վարժարանին արձանագրած յաջողութիւնները», ըսաւ Ֆրանսայի դեսպանը` գոհունակութիւն յայտնելով, որ այսպիսով Մեսրոպեանը մուտք կը գործէ գործակցութեան լայն դաշտ մը` մէկ կողմէ ֆրանսական կրթական մարմիններուն եւ միւս կողմէ լիբանանեան այլ դպրոցներուն հետ, որոնք ընտրած են ֆրանսերէնի եւ մանկավարժական գործի գերազանցութեան նոյն ճանապարհը: Ներկայիս այս դպրոցներուն թիւը 67-ն է` ընդհանուրը մօտ 50 հազար աշակերտներով: Դեսպան Ֆուշէ վստահեցուց, որ ֆրանսական կրթական մարմինները պատրաստակամ են լիովին աջակցելու Մեսրոպեանին` LabelFrancEducation-ը ստանալուն ուղղուած աշխատանքներուն մէջ:

Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան իր խօսքին  մէջ ըսաւ, որ բազմալեզուութիւնը եւ տարբեր մշակոյթներու հետ համարկումը հայկական նկարագիր մըն է, որ կազմաւորուած է պատմական իրադարձութիւններու հոլովոյթին մէջ: Այդուհանդերձ, շեշտեց ան, 1915-ի Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ ժողովուրդը լաւապէս կը գիտակցի մայրենի լեզուի կարեւորութեան` իբրեւ գլխաւոր հիմքը իր  ինքնութեան: «Տարբեր լեզուներու եւ մշակոյթներու նկատմամբ բացուածութիւնը մեծապէս կը նպաստէ միջանձնային եւ միջխմբային յարաբերութիւններուն, գաղափարներու ազատ հոսքին եւ երկխօսութեան», դիտել տուաւ գերապայծառը` շեշտելով ամբողջ մարդկութեան համար հասարակաց` սիրոյ եւ խաղաղութեան լեզուի տարածման կարեւորութիւնը: «Ի վերջոյ, ամէնէն կարեւորը` Աստուծոյ լեզուն` սիրոյ եւ բարեգործութեան լեզուն իմանալն է, որուն շնորհիւ է միայն, որ կրնանք ունենալ խաղաղութեան լեզուն խօսող ընկերութիւններ, խաղաղութիւն, որուն այնքան կարիքը ունինք հիմա», եզրափակեց հայր Գաբրիէլ:

Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ «Label CELF »-ի պաշտօնական յանձնումը` Մեսրոպեանին` ձեռամբ Ֆրանսայի դեսպան Պրիւնօ Ֆուշէի, որ այս առիթով նաեւ վարժարանի տնօրէնին յանձնեց դեսպանատան յատուկ յուշամետալը` 88/100 համարով, ինչպէս նաեւ հրատարակութիւն մը` իբրեւ նուէր: Կրեկուար Գալուստ փոխադարձաբար դեսպանին յանձնեց 80-ամեակը խորհրդանշող վարժարանի յատուկ յուշանուէրը:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ մեծն Ազնաւուրի «Քեզի համար, Հայաստա՛ն» երգով` «Ծիծեռնակ» երգչախումբի կատարողութեամբ, իսկ պատմական օրը եզրափակուեցաւ Ֆրանսայի դեսպանին եւ հիւրերու վարժարան կատարած շրջագայութեամբ, որուն ընթացքին անոնք ծանօթացան տարբեր բաժանմունքներուն եւ տարուած գործունէութեան: Ֆրանսայի դեսպանը վարժարանի ոսկեմատեանին մէջ արձանագրեց իր գերազանց տպաւորութիւնները` հանդիսութեան եւ ընդհանրապէս վարժարան այցելութեան առիթով:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց` Հայրենի Երգչուհի Սթեֆանի Քոչարեանին Հետ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արցախի Պետական Նախարարը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?