Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զբօսաշրջական Յատուկ Խորհրդաժողով` Հովանաւորութեամբ Վարչապետ Հարիրիի. Ա. Կիտանեան. «Զբօսաշրջութիւնը Կրնայ Երկիրը Փրկել Իր Դիմագրաւած Տնտեսական Տագնապէն»

March 20, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, երէկ «Սի Սայտ Արենա»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի կայուն զարգացող զբօսաշրջութիւն» խորագիրը կրող զբօսաշրջական ազգային խորհրդաժողովը:

Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց վարչապետ Հարիրիի ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ սեփական մարզին միջեւ գործակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ դէպի կայուն զարգացող զբօսաշրջութիւն:

Ան բարեբախտութիւն նկատեց, որ Մըքքենզիի ծրագիրը զբօսաշրջութեան մարզը նկատած է այն հիմնական մարզերէն, որոնք կրնան երկիրը դուրս բերել իր դիմագրաւած ներկայ տնտեսական տագնապէն` աւելցնելով, թէ առաջին անգամն է, որ մասնագիտական կերպով աշխատանք կը տարուի այս մարզին մէջ:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ իրենք կ՛աշխատին ռազմավարական զբօսաշրջութեան մը վրայ, որ կ՛ենթադրէ պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութիւն ապահովել:

Վարչապետ Հարիրի անձամբ մասնակցեցաւ խորհրդաժողովի երեկոյեան նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական տարակարծութիւնները սպաննած են Լիբանանը: «Եթէ տեղեկատուութեան մարզին մէջ քաղաքական անձնաւորութիւնները լուռ մնան, ապա զբօսաշրջիկներուն հարցը 90 առ հարիւր համեմատութեամբ կարելի կ՛ըլլայ լուծել», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ իբրեւ կառավարութիւն, իրենց պարտականութիւնն է ծառայել արդիւնաբերութեան բոլոր մարզերուն` ընդգծելով, որ ինք չի ժխտեր, թէ երկիրը հարցեր եւ տագնապներ կը դիմագրաւէ, բայց եւ այնպէս առաջնահերթութիւն կը նկատէ լիբանանցիներուն պատշաճ ենթակառոյցի մը շնորհումը:

Հարիրի կարեւոր նկատեց սէուտցի զբօսաշրջիկներուն Լիբանան այցելութեան արգելքը վերացնելու Սէուտական Արաբիոյ որոշումը` հաստատելով, որ անիկա պիտի վերածուի զբօսաշրջութեան մարզին մէջ արձանագրուելիք աճի:

Իր կարգին, Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ յայտնեց, որ առանց քաղաքական կայունութեան, ապականումէ զերծ կենսոլորտի եւ քաղաքական համախոհութեան` կարելի չէ դէպի կայուն զարգացող զբօսաշրջութիւն ապահովել:

Ան այս խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութիւնը վստահեցաւ վարչապետ Հարիրիին:

Տնտեսութեան նախարար Մոհամետ Շքէյր ըսաւ, թէ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Լիբանանի վնասածը վերականգնելը արդէն իսկ կրնայ երաշխաւորել ներկայ իրավիճակի յեղաշրջումը:

«Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէն Մոհամետ Հութ հաստատեց, որ ընկերութիւնը 100 միլիոն տոլար յատկացուցած է Պէյրութի միջազգային օդակայանի վերաշինութեան եւ բարեկարգման աշխատանքներուն:

Ան նշեց, որ Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզը առանց Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներուն չի կրնար վերակենդանանալ` յորդորելով երկրին իշխանութիւնները չկորսնցնել այդ կողմնացոյցը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պաապտայի Մէջ Կը Նշէ Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Համաշխարհային Օրը

Յաջորդը

Հաճիեւ. «Ազրպէյճանի Համբերութիւնը Սահման Ունի»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.