Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 18 մարտին ընդունած է Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութեան ղեկավար Քլեր Մեյթրոն եւ կոմիտէի պաշտպանութեան հարցերու բաժանմունքի ղեկավար Զուրապ Պուրտուլին` Հայաստանի մէջ վերջինիս առաքելութեան աւարտին առիթով:
Բարձր գնահատելով առաքելութեան ընթացքին կատարած ծաւալուն աշխատանքը` Դաւիթ Տօնոյեան յաջողութիւն մաղթած է Զուրապ Պուրտուլիին` հետագայ գործունէութեան ընթացքին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան միջեւ համագործակցութեան ընթացիկ հարցերը, օրակարգային միջոցառումները, փոխադարձ գործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման կարելիութիւններն ու յառաջիկայ կատարելիքները:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին պատճառով անյայտ կորսուած անձերու ճակատագիրները ճշդելու վերաբերող հարցեր, Հայաստանի գերիներու, պատանդներու, անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնախումբի եւ ԿԽՄԿ-ի կողմէ իրականացուող աշխատանքներու համադրման առնչուող այլ խնդիրներ:
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ 2018-ի յուլիսին հայ-ազրպէյճանական սահմանը հատած եւ 27 փետրուարին Ազրպէյճանի դատարանին կողմէ 20 տարուան ազատազրկման դատապարտուած Հայաստանի քաղաքացի, Տաւուշի մարզի Բերդաւան գիւղի բնակիչ Կարէն Ղազարեանի ճակատագիրին` կարեւոր նկատելով Երեւանի եւ Պաքուի մէջ Կարմիր Խաչի գրասենեակներու համակարգուած աշխատանքը վերջինիս կանոնաւոր տեսակցութիւններու եւ ընտանիքին հետ նամակագրութեան ապահովման նպատակով:



