15 մարտին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի մամլոյ ասուլիսը` Հոլանտա եւ Պելճիքա կատարած այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներուն մասին: Այս լուրը հաղորդած է Արցախի Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինը:
Խորհրդարանի նախագահը առանձնացուցած է այցելութեան հիմնական ուղղութիւնները` Հոլանտայի մէջ Ներկայացուցիչներու տան խումբ մը երեսփոխաններու հետ հանդիպում, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած «Հայատեացութիւն. պատմական եւ արդի դրսեւորումները» խորագիրով համաժողով ու հանդիպում Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններուն հետ, մասնակցութիւն Եւրոպական ազատ դաշինք կուսակցութեան տարեկան համաժողովին եւ հանդիպումներ Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպաններուն հետ:
Աշոտ Ղուլեան հանդիպումներու եւ նախաձեռնութիւններու կազմակերպման համար երախտագիտութիւն յայտնած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին` Գասպար Կարապետեանի ղեկավարութեամբ, «Թուֆենկեան» հիմնադրամին եւ Հոլանտայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Մաթօ Հախվերտեանին:
Ասուլիսին ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահը պատասխանած է Արցախի հետ բարեկամական խումբերուն եւ շրջանակներուն մէջ չընդգրկուած եւրոպացի երեսփոխաններու` Արցախի մասին տեղեկատուութիւն ստանալու կարելիութիւններուն, Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ այլատեացութեան` մասնաւորապէս հայատեացութեան կանխման ուղղութեամբ կիրարկուող գործիքակազմի եւ բանակցային գործընթացին վրայ Ազրպէյճանի մէջ տարածուած հայատեացութեան ազդեցութեան վերաբերեալ լրագրողներու հարցումներուն:
Պատասխանելով Արցախի խորհրդարանին` շարք մը այլ երկիրներու խորհրդարաններուն հետ ունեցած յարաբերութիւններուն եւ շրջանային փոխակերպումներով պայմանաւորուած անոնց զարգացման հեռանկարներուն վերաբերող հարցումին` Աշոտ Ղուլեան ընդգծած է, որ ներկայ դրութեամբ շատ կարեւոր է խորհրդարաններուն հետ կապերու համար նախադրեալներու եւ հիմքերու առկայութիւնը:
«Զարգացման հեռանկարները հիմնականին մէջ կախեալ են խումբերու ու անոնց ղեկավարներու աշխուժութենէն եւ միացեալ աշխատանքէն: Ներկայիս աշխատանք կը տարուի բարեկամական խումբերու եւ շրջանակներու նիստերը պարբերական դարձնելու եւ անոնց գործունէութիւնը յստակ ծրագիրներու վրայ կեդրոնացնելու ուղղութեամբ», նշած է խորհրդարանի նախագահը:



