Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Եւ Համաշխարհային Դրամատան Փոխնախագահը Կարեւոր Նկատած Են «Երկրի Գործընկերութեան Շրջանակ» Ռազմավարական Փաստաթուղթը

March 16, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ շրջանի փոխնախագահ Սիրիլ Միւլլերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Նշելով, որ Համաշխարհային դրամատունն ու Հայաստանը ունին գործընկերութեան հարուստ պատմութիւն` Համաշխարհային դրամատան փոխնախագահ Միւլլեր յիշած է Արմէն Սարգսեանին հետ իրենց հանդիպումը դեռ 1996-ին: Այդ ժամանակ ինքն էր, որ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման ռազմավարական ուղղութիւններուն վերաբերեալ Համաշխարհային դրամատան առաջին փաստաթուղթը ներկայացուց Հայաստանի այն ժամանակուան վարչապետ Արմէն Սարգսեանին:

Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է Համաշխարհային դրամատան հետ Հայաստանի գործընկերութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ եւ յոյս յայտնած, որ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը  յառաջիկային եւս պիտի շարունակուի արդիւնաւէտ ձեւով:

Զրուցակիցները անդրադարձած են իրականացուող ընթացիկ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային դրամատան եւ Հայաստանի յառաջիկայ չորս տարուան համագործակցութեան առաջնահերթութիւնները սահմանող «Երկրի գործընկերութեան շրջանակ» ռազմավարական փաստաթուղթին:

Անոնք համակարծիք եղած են, որ բարձր արհեստագիտութիւններու, կրթութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ կան համագործակցութեան մեծ ներուժ եւ շրջանային ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններ:

 

Նախորդը

Աշոտ Ղուլեան Ներկայացուցած Է Հոլանտա Եւ Պելճիքա Կատարած Այցելութիւններուն Արդիւնքները

Յաջորդը

Ահաբեկչական Յարձակումին Առիթով. Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Նոր Զելանտայի Կառավարիչ Փաթսի Ռետիին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.