Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կը Դատապարտէ Նոր Զելանտայի Ահաբեկչական Արարքը

March 16, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի իշխանութեան պետեր, հոգեւոր պետեր, ինչպէս նաեւ քաղաքական պաշտօնատարներ ու կուսակցութիւններ երէկ խստիւ դատապարտեցին Նոր Զելանտայի մզկիթներուն դէմ գործուած ահաբեկչական արարքը, որ պատճառեց 49 զոհ եւ վիրաւորեց 20 ուրիշներ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Նոր Զելանտայի վարչապետին` դատապարտելով մզկիթներուն մէջ աղօթող քաղաքայիններուն դէմ գործուած ահաբեկչական գործողութեան դէմ:

Նախագահ Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց ինկած զոհերու ընտանիքներուն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դատապարտեց Նոր Զելանտայի մզկիթներուն մէջ գործուած ահաբեկչական սպանդը` դատապարտելով ոճրագործին անմարդկային արարքը:

Պըրրի ցաւակցագիր մը յղեց Նոր Զելանտայի ընդհանուր կառավարիչին եւ ցաւակցութիւն յայտնեց կառավարութեան ու զոհերուն ընտանիքներուն:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ խստիւ դատապարտեց Նոր Զելանտայի սպանդը` հաստատելով, որ նման արարքներ կը կատարուին միայն անմարդկային անհատներու կողմէ: «Նման անձեր, որոնք կորսնցուցած են իրենց մարդկութիւնը, անկրօն են», ըսաւ Հարիրի:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ Նոր Զելանտայի կառավարութեան ու նորզելանտացիներուն զօրակցութիւն յայտնեց` երկրին ապահովութիւնը պահպանելու իմաստով:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դատապարտեց Նոր Զելանտայի սպանդը` զայն որակելով իսկական ահաբեկչութիւն` իսլամներուն դէմ:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց «Նուր» մզկիթին դէմ գործուած ահաբեկչական արարքը` զայն նկատելով վայրագութեան դէպք մը, որ ծայրայեղութեան հետեւանք է:

Շէյխ Քապալան իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Նոր Զելանտայի կառավարութեան` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան խստիւ դատապարտեց Նոր Զելանտայի ահաբեկչական գործողութիւնը` ընդգծելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պէտք է համատարած պայքար մղուի:

Ան հաստատեց սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն կատարելու եւ համերաշխութեան ու գործակցութեան սկզբունքներով ապրելու անհրաժեշտութիւնը:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտուեցաւ Նոր Զելանտայի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական գործողութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ զգուշացուցած էր արեւմտեան ընկերութեան մէջ վերելք ապրող աջակողմեան ծայրայեղականութենէն: Ան շեշտեց, որ աշխարհի մէջ Լիբանան չափաւորականութեան եւ ներողամտութեան իտէալ երկիրն է, ուր տիրող կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու համերաշխութենէն պէտք է դասեր քաղել:

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան խստիւ դատապարտեց Նոր Զելանտայի մզկիթներուն մէջ աղօթող քաղաքայիններուն դէմ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւնը: Ան ընդգծեց, որ անգամ մը եւս կը փաստուի, որ ահաբեկչութիւնը կրօն չունի եւ վտանգաւոր ախտ մըն է, որ թիրախ կը դարձնէ մարդկային բոլոր տեսակները:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը կրօն կամ ինքնութիւն չունի եւ պէտք է մնայուն կերպով պայքարիլ անոր դէմ:

Նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարելու: Ան խստիւ դատապարտեց Նոր Զելանտայի դէպքը:

Ամալ շարժումը դատապարտեց Նոր Զելանտայի ահաբեկչական գործողութիւնը եւ կոչ ուղղեց աշխուժացնելու ահաբեկչութեան դէմ մղուող միջազգային պայքարը:

Ամալ շարժումը ցաւակցութիւն յայտնեց Նոր Զելանտայի կառավարութեան եւ զոհերու ընտանիքներուն` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Հըզպալլա խստիւ դատապարտեց Նոր Զելանտայի մէջ գործուած ահաբեկչական այս արարքը, որ պատճառեց տասնեակներով զոհեր ու վիրաւորներ:

Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ցաւակցութիւն յայտնուեցաւ արձանագրուած զոհերուն համար եւ կոչ ուղղուեցաւ նորզելանտական իշխանութիւններուն ահաբեկչական արարքը գործողները հետապնդելու:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ դատապարտեց Նոր Զելանտայի սպանդը` շեշտելով, որ այդ արարքը կը փաստէ, թէ մարդկութիւնը ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուի: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց իսլամ հաւատացեալներուն սպանութեան առիթով:

Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ դատապարտեց Նոր Զելանտայի մէջ մզկիթի մը դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը` շեշտելով, որ ատելութիւն եւ վրէժ սերմանողներուն դէմ պէտք է պայքարիլ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Նոր Զելանտայի վարչապետին: Ժոմպլաթ դատապարտեց այդ անարգ սպանութիւնը, որ թիրախ դարձուց մզկիթին մէջ աղօթողները: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ նորզելանտացիներուն:

Երեսփոխան Ժան Օպէյտ խստիւ դատապարտեց Նոր Զելանտայի ահաբեկչական արարքը` շեշտելով, որ ոչ մէկ ցամաքամաս, երկիր կամ ժողովուրդ ապահով վիճակի մէջ է:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր, Հատի Հպէյշ, Մոհամետ Քապպարա եւ Ռուլա Թապըշ դատապարտեցին Նոր Զելանտայի ահաբեկչութիւնը: Անոնք պահանջեցին յանցագործը խստագոյն պատիժին ենթարկել:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակը դատապարտեց Նոր Զելանտայի ահաբեկչական գործողութիւնը: Գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ահաբեկչութիւնը կրօն կամ համայնք չունի եւ բոլոր երկիրներուն դէմ վտանգ կը սպառնայ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Կը Մերժենք Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծումը Առաջնահերթ Նկատել, Քան` Տեղահանուածներուն Տունդարձը»

Յաջորդը

Աշխատանքային Քննարկում Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.