Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Ու Հայ Աւետարանական Հոգեւոր Պետերուն Հետ Եւ Այցելեց Հայկազեան Համալսարան

March 20, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուած Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանն ու Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանը` ընկերակցութեամբ  Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչի խորհրդատու Պետօ Տէմիրճեանի, հանդիպումներ ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ:

Կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւոր պետերուն հետ հանդիպումէն ետք Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներն ու անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Հայկազեան համալսարան եւ հանդիպում ունեցան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ:

Այցելութիւն` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան երկուշաբթի, 18 մարտ 2019-ին, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան:

Ան տեսակցութիւն մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու եւ քաղաքապետարանի պատասխանատուներու հետ: Պետական նախարարին կ՛ընկերակցէին Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան:

Այցելութիւն` Այնճար

Կիրակի, 17 մարտ 2019-ին, Այնճար այցելեցին Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Արցախի Շահումեան շրջանի վարչական կազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:

Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը «Սարգիս Զէյթլեան» Ժողովրդային տան մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի հետ: Հանդիպումին քննարկուեցան Այնճարի եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Ս. Պօղոս եկեղեցի եւ Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիր, ուր ծանօթացաւ գիւղին ու անոր պատմութեան:

 

Նախորդը

Հանդիպում` ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Եւ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի Միջեւ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.