Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զբօսաշրջութեան Մարզը Վերածնունդ Պիտի Ապրի» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Մարտ 21, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երկրին զբօսաշրջութեան մարզը ապաքինումի ընթացքին մէջ է:

Ան նշեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին ամէնէն բեղուն տարին կը նկատուի 2010-ն` ընդգծելով, որ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին նախարարութեան մշակած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ կատարած ուսումնասիրութիւնները` զբօսաշրջական շուկաները ճշդելու եւ Լիբանանի մէջ տարբեր տեսակի զբօսաշրջութեան կարելիութիւններ ներկայացնելու զբօսաշրջիկներուն, ենթահող կը նկատուին` այս տարուան ընթացքին քաղելու անոնց արդիւնքները:

«Զբօսաշրջութեան մարզը նոր փուլ թեւակոխած է: 2018-ին Լիբանան այցելած են շուրջ 700 հազար եւրոպացիներ, թիւ մը, որ 2010-ին Լիբանան այցելած եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն թիւին բաղդատած 30 առ հարիւրի աճ արձանագրած է: Նախորդ շաբաթներուն ընթացքին Պերլինի եւ Մոսկուայի մէջ մասնակցեցայ զբօսաշրջութեան յատուկ միջազգային ցուցահանդէսներուն, որոնց կը մասնակցին շուրջ 150 երկիրներ, եւ հոն զգալիօրէն շօշափեցի եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն կողմէ Լիբանան այցելելու հետաքրքրութիւնը», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան Լիբանանի զբօսաշրջութիւնը նկատեց հարուստ մարզ մը, որ այլ երկիրներէ կը զատորոշուի իր բազմազանութեամբ` մշակութային, քաղաքակրթական, կրօնական եւ այլ իմաստներով: Ան իւրայատկութիւն նկատեց նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը, որ զբօսաշրջիկներուն համար գրաւիչ է, իսկ մեծագոյն առաւելութիւնը նկատեց լիբանանցիին հիւրասիրութիւնը եւ զբօսաշրջիկին նկատմամբ ցուցաբերուած ազնիւ հիւրընկալութիւնը:

Անդրադառնալով Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին տարիներու վրայ կուտակուած հիմնական բացթողումներուն` Ա. Կիտանեան նշեց, որ մինչեւ 2010 Լիբանան իր ունեցած զբօսաշրջական հարստութիւնը շուկայադրելու մասին չէ մտածած, որովհետեւ բաւարարուած է Ծոցի երկիրներէն եկող արաբ զբօսաշրջիկներով, սակայն նկատի ունենալով արաբ զբօսաշրջիկներուն բացակայութիւնը, որ հետեւանք էր քաղաքական յարաբերութիւններու վատթարացման, Լիբանան սկսաւ մտածել այլընտրանքին մասին եւ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին սկսաւ Լիբանանի քարոզչութիւնը կատարելու արշաւներուն:

Նախարար Կիտանեան եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն Լիբանան վերադարձին աշխուժութիւնը վերագրեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

Միւս կողմէ, ան ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ վերջերս կայացած այն որոշումը, որուն հիման վրայ բեկանուեցաւ արաբ զբօսաշրջիկներուն Լիբանան այցելութեան արգելքը: Ան աւելցուց նաեւ, որ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց կարգին կ՛ուղղուին բեկանելու իրենց քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած` դէպի Լիբանան զբօսաշրջական այցելութեան արգելքը:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ 8 ապրիլին հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացնէ նախարարութեան մշակած զբօսաշրջական ծրագիրը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ նաեւ Զբօսաշրջութեան մարզի աշխուժացման խորհուրդի կազմութեան կարեւորութեան:

Նախարար Կիտանեան յատուկ ակնարկութիւն կատարեց 17 ապրիլին Վատիկանէն Լիբանան ժամանելիք «Օփերա Ռոմանա» զբօսաշրջական ընկերութեան, որ ճամբայ պիտի բանայ իտալացի զբօսաշրջիկներուն Լիբանան այցելութեան` հիմնականին մէջ կեդրոնանալով կրօնական զբօսաշրջութեան վրայ:

Նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ մայիսին Չինաստան կատարելիք իր այցելութեան` ընդգծելով, որ Չինաստանի հետ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ գործակցութիւնը խոստմնալից է:

Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ սեփական մարզին հետ իր գործակցութիւնը հեզասահ է` ընդգծելով, որ սեփական մարզին եւ սենտիքաներուն հետ իր գործակցութիւնը նպաստած է, որ հարցերուն ու խնդիրներուն ճիշդ ախտաճանաչումներ կատարեն եւ ըստ այնմ աշխատին անոնց լուծումներ ապահովելու: «Սենտիքաներն ու սեփական մարզը եւ ես կը գործենք միասնաբար` իբրեւ մէկ ամբողջութիւն», շեշտեց ան:

Կառավարութեան կողմէ նախարարութեան ընձեռուած կարելիութիւններուն մասին խօսելով` նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ կառավարութեան կողմէ պէտք է զբօսաշրջութեան մարզին մէջ ներդրում ըլլայ, որովհետեւ միայն այդպէս է, որ կարելի է այս մարզին մէջ շօշափելի արդիւնքներու յանգիլ եւ բարգաւաճում նկատել:

Նախարար Կիտանեան անդրադառնալով ճաշարաններուն մէջ ծխելու օրէնքի գործադրութեան յայտնեց, որ նախարարութեան կողմէ այդ օրէնքին գործադրութեան հսկելու առումով ճիգ չէ եղած, որովհետեւ այլ առաջնահերթութիւններ կային: Ան աւելցուց սակայն, որ ներկայացուած է ծխելը արգիլող օրէնքի բարեփոխում, որ միջազգային չափանիշներու համազօր է` ընդգծելով, որ յառաջիկային այս իմաստով շատ աւելի բծախնդիր պիտի ըլլան:

Օդակայանի հարցին մասին խօսելով` նախարար Կիտանեան բնական նկատեց, որ 6 միլիոն ճամբորդ ընդունող օդակայան մը իրարանցումի մատնուի, երբ այդ թիւը կը հասնի 9 միլիոնի: Ան նշեց սակայն, որ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, 4 ամիս ետք Պէյրութի միջազգային օդակայանին ընդարձակումը կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի մշակած ծրագիրին գործադրութեան շնորհիւ:

Բնակուած շրջաններուն կից աղմուկի մասին բողոքի մը անդրադառնալով` նախարար Կիտանեան արդար գտաւ այդ բողոքը, խոստանալ այդ հարցին լուծումներ գտնել:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ եթէ կառավարութեան ներկայացնելիք իր առաջարկը վաւերացուի եւ իբրեւ օրէնք ընդունուի, ապա երկու-երեք տարիէն Լիբանան պիտի կարենայ Կիպրոսի եւ Յունաստանի մակարդակին բարձրանալ:

Որեւէ երկիր ունի իր խնդիրներն ու տագնապները. անոնք միշտ ալ առկայ են, «սակայն ինչո՞ւ զբօսաշրջութեան մարզին ճամբով չփորձենք տնտեսական կացութիւնը բարելաւել եւ բարւոք լուծումներ գտնել անոնց», հարց տուաւ նախարար Կիտանեան:

Հարցազրոյցին աւարտին Ա. Կիտանեան մաղթեց, որ ներքին լիբանանեան քաղաքական կայունութիւնը պահպանուի, որպէսզի կարելի ըլլայ վկայել զբօսաշրջութեան մարզին ապրելիք վերածնունդին, որ կրնայ ապահովել երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին լուծումը:

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Թարիք Ժտիտէի Ծերանոցին Տարեցները

Յաջորդը

Պըրրի. «Փտածութեան Դէմ Պայքարը Կարելի Է Սահմանել Օրէնքներու Գործադրութեամբ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?