Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Միջազգային Օրուան Նշում

March 21, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական պալատին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան միջազգային օր:

Ներկայ էին նախարարներ, երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ շարք մը դիւանագէտներ, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ:

Այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ֆրանսախօս ըլլալու յատկութիւնը Լիբանանի մէջ արմատացած է հինէն ի վեր եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ մինչեւ օրս:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ 2020-ին Լիբանանի մէջ պիտի բացուին Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի կեդրոնին դռները:

Ան շեշտեց, որ հանդուրժողականութիւնն ու ուրիշը զայն ճանչնալը` իր բոլոր իւրայատկութիւններով, առիթ կ՛ընծայէ համերաշխութեան եւ գոյակցութեան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ իր բազմազան ու բազմաշերտ ընկերութեան շնորհիւ, Լիբանան կը ներկայանայ իբրեւ ազգային միասնականութիւն ուսուցանելու խրամատը:

Մեկնելով այն իրականութենէն, որ  Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ներկայ նստաշրջանին կը նախագահէ Հայաստան, ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:

Ան ներկայացուց Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան նախագահութեան երկու տարիներուն ընթացքին Հայաստանի առաջնահերթութիւններն ու ծրագիրները:

Անդրադառնալով Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովի կարգախօսին` դեսպան Աթաբէկեան նշեց, որ «Միասին ապրիլ»-ը նաեւ Լիբանանի նշանաբանն է` բազմաշերտ ու բազմադաւան համայնքային կառուցուածքով եւ կառավարման համակարգով:

«Այդ կարգախօսը նաեւ կը խորհրդանշէ հաւաքական ուղերձը աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին, որուն զաւակները իրենց ազգային արմատներուն եւ ինքնութեան հաւատարմութիւնը պահպանելով հանդերձ կը հանդիսանան զիրենք հիւրընկալած երկիրներուն օրինակելի քաղաքացիները: Այս իմաստով Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը այդ իրականութեան վառ օրինակներն են», ընդգծեց դեսպան Աթաբէկեան:

Նախորդը

Փետերսոն Այցելեց Նախագահ Աունի Եւ Ապպաս Իպրահիմի

Յաջորդը

«ՀԱՊԿ-ի Նոր Ընդհանուր Քարտուղարի Թեկնածութեան Վերաբերեալ Փաստաթուղթերը Ուղարկուած Են Անդամ Երկիրներուն» Կ՛ըսէ Սեմերիքով

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.