Քննարկում Ստեփանակերտի Մէջ` «Ապրիլեան Պատերազմի Դասերը Եւ Մեր Ընելիքները» Նիւթով
9 ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է քննարկում «Ապրիլեան պատերազմի դասերը եւ մեր ընելիքները» նիւթով: Քննարկումի հրաւիրման նախաձեռնութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեանն էր: Բացման խօսքին մէջ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան նշած է, որ ապրիլեան պատերազմին վերաբերեալ տարբեր կարծիքներ ու չվերլուծուած հարցեր կան, որոնց պարզաբանումին եւ մեր հետագայ ընելիքներու քննարկման համար կազմակերպուած է...




















