Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Մենք Պէտք Է Ձեւաւորենք Միասնական Ազգային Օրակարգ` Ընդհանուր Կենսական Նշանակութիւն Եւ Կարեւորութիւն Ունեցող Գերակայ Խնդիրներով»

Մայիս 30, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Հանրապետութեան տօնին առիթով:

Ստորեւ` ուղերձին բովանդակութիւնը.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Հանրապետութեան տօնին առիթով:

Հայ ժողովուրդը այսօր կը նշէ դարերու պատմութիւն ունեցող իր պետականութեան վերականգնման տօնը` հայ ժողովուրդի պայքարն ու ձեռքբերումները, անկոտրում ոգիի յաղթանակը խորհրդանշող մեր Հանրապետութեան տօնը:

Հայկական ինքնութեան ձեւաւորման, հայոց պետականութեան կերտման ու կայացման ընթացքին հայ ժողովուրդի անցած ուղին հերոսական է ու փառաւոր` մեր կորուստները միայն ամրապնդած են մեր ապրելու ձգտումը, մեր միտքը ուղղուած եղած է ստեղծելուն, մեր ուժը` խաղաղութիւն հաստատելուն:

Երախտապարտ ըլլանք բոլոր այն մարդոց, որոնք 1918 թուականին կերտեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, 1920 թուականէն ի վեր` Խորհրդային Հայաստանը, իսկ 1991 թուականին կրկին ծնունդ տուին անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան, բոլոր անոնց, որոնք շուրջ երեք տասնամեակ պահպանած են ու կը պահպանեն զայն:

Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումն ու կայուն զարգացումը համազգային նշանակութեան խնդիր են: Իսկ համազգային խնդիրները կրնան լուծուիլ միայն համազգային ջանքերով` Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի բոլոր կարողութիւնները եւ ներուժը օգտագործելով:

Մենք պէտք է ձեւաւորենք միասնական ազգային օրակարգ` ընդհանուր կենսական նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունեցող գերակայ խնդիրներով ու առաջնահերթութիւններով, մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ներգրաւուած ըլլայ ընդհանուր հարցերուն վերաբերող որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ:

Եւ այս առումով անգնահատելի է մեր երիտասարդութեան դերակատարումը: Այսօր ես առանձնայատուկ կը դիմեմ Հայաստանի, Արցախի, աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ապրող մեր երիտասարդ սերունդին` անկախ պետականութեամբ հայրենի հողի վրայ համախմբուելու կոչով: Այսօր լաւագոյն կարելիութիւնները ունինք ապրելու ու զարգանալու սեփական հողի վրայ, երազելու ու մտածելու վաղուան մասին, ամբողջացնելու հայրենիքը իբրեւ միասնական գաղափար եւ իբրեւ զօրեղ ու կենսունակ պետական միաւոր: Մենք չենք կրնար մեզի թոյլ տալ բաւարարուիլ մեր ձեռքբերումներով, այսօր մենք պատմական կարելիութիւն ունինք բարելաւելու մեր երկիրը, նպաստելու մեր հայրենիքի հզօրացման եւ, աւելի քան երբեք, այսօր մենք կրնանք եւ պարտաւոր ենք միասնաբար` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի եռապատիկ ուժն ու կարելիութիւնները ծառայեցնելու Հայաստանին:

Շնորհաւոր բոլորիս տօնը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ: Խաղաղութիւն, յաղթանակ ու յաջողութիւն բոլորիս ու իւրաքանչիւրիս, մեր երկրին, մեր ժողովուրդին, իւրաքանչիւր ընտանիքի, իւրաքանչիւր քաղաքացիի: Վստահ եմ, որ մեր պետականութեան գալիք հարիւրամեակներու պատմութիւնը պիտի արձանագրէ հայ ժողովուրդի միասնութեամբ ու ստեղծագործ աշխատանքով ձեռք բերուած նոր յաջողութիւններն ու յաղթանակները:

Աստուած բոլորիս պահապան»:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Պետական Այրերու Երազանքը Կ՛ապրի Եւ Պիտի Իրագործուի»

Յաջորդը

Ակնարկ. Ոչ Միայն Ծովային, Այլ Նաեւ Ցամաքային Սահմանագծում. Պէյրութի Նախապայմանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?