Մայիս 28-ն մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն փառահեղ էջն է, այսօր Հայաստանի ու հայութեան տօնն է` երկար տարիներու կորուստէ ետք վերականգնուեցաւ մեր պետութիւնը, եւ այդ վերականգնումին մէջ իր մեծ դերը ունի Դաշնակցութիւնը. Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական քաղաքական գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի բացման արարողութենէն ետք «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Վեց մեթր բարձրութեամբ` կարմիր տուֆէ կերտուած յուշակոթողը կառուցուած է ՀՅԴ Քանատայի կառոյցին եւ Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Վան Լապոյեանի բարերարութեամբ, հեղինակած են ճարտարապետ Հայկ Ասատրեանը եւ քանդակագործ Արտակ Համբարձումեանը:
«Յուշակոթողի բացումին ներկայ ենք հպարտութեան մեծ զգացումով, եւ ուրախ եմ, որ կամաց-կամաց Արամ Մանուկեան իր արժանի տեղը կը գտնէ Հայաստանի մէջ: Արամ Մանուկեանը Հայաստանի եւ սփիւռքի համար երկար տարիներ եղած է անկախութեան խորհրդանիշը: Ան Սարդարապատի հողին վրայ կերտուած յաղթանակի, նաեւ Վանի ապստամբութեան ու մեր ժողովուրդի մարտական ուղիի խորհրդանիշն է: Յիշենք, որ յաղթանակ կերտելէ ու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրումէն ետք ան ստանձնեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնն ու անցաւ քաղաքական դաշտ, բայց, ցաւօք, կարճ ժամանակ անց մահացաւ: Արամ Մանուկեանը լաւագոյն խորհրդանիշն է մեր անկախութեան ձգտման: Երանելի պիտի ըլլար, որ տեսնէր նաեւ 1919-ի մայիսին կնքուած Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրը», ըսաւ նա:
Անդրադառնալով յուշակոթողին` Տէր Խաչատուրեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ անիկա կանգնած է Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ: «Յուսանք, մաղթենք, որ անիկա դառնայ ուխտատեղի հայ ժողովուրդին համար», ընդգծեց Տէր Խաչատուրեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց, որ նորօրեայ իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին միշտ կը յորդորեն` միասնական աշխատանքով հայրենիքի զարգացման նուիրուելու պահն է այժմ, եւ անհրաժեշտ է հայրենիքին խնայել նոր ցնցումներ: