Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ոչ Միայն Ծովային, Այլ Նաեւ Ցամաքային Սահմանագծում. Պէյրութի Նախապայմանը

Մայիս 30, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական եւ Միջին Արեւելքի բաժանմունքի պատասխանատու Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի երկու շաբթուան ընթացքին Պէյրութ կատարած երրորդ այցելութիւնը  պարզ կը դարձնէ, որ Ուաշինկթընը Իսրայէլ-Լիբանան ծովային սահմանագծման գործընթացին համար լծուած է մագոգային դիւանագիտութեան:

Վիճելի ջրային տարածքը 860 քառ. քմ տարածութիւն է, որուն սահմանագծումը նախապայման է օգտագործման գործընթացը մեկնարկելու եւ ատոր իբրեւ նախապատրաստութիւն բանակցութիւններ վարելու ձեւաչափերն ու գործիքակազմերը ճշդելու:

Պէտք չէ մոռնանք, որ հիմնական բարդութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու չգոյութիւնն է. առաւել եւս պատերազմական նախադէպերը նկատի ունենալով` թշնամական յարաբերութիւններու ընդհանուր դրուածքը:

Առաջին հայեացքով, նման պարագաներու գործի կը լծուի միջնորդական առաքելութիւն: Իրաւականօրէն, նաեւ համոզիչ հիմնաւորումով, ՄԱԿ-ը, որ Կապոյտ գիծին վերահսկումով կ՛իրականացնէ  խաղաղապահ առաքելութիւն, իրաւասու կը դառնայ նախաձեռնելու սահմանագծման նման աշխատանքներ:

Ուաշինկթընի ուղղակի ներգրաւուածութիւնը այս ծրագիրին եւ յատկապէս մագոգային դիւանագիտութեան նախաձեռնելով օրակարգին հրատապութիւն հաղորդելը կ՛ենթադրէ  շահագրգռուածութեան որոշակի աստիճանաչափ մը:

Տրուած ըլլալով, որ մէկ կողմը նաեւ ամերիկեան հովանոցի պաշտպանուածութիւնը կրող Իսրայէլն է, առաւել եւս քաղաքականօրէն կ՛ըմբռնուի օրակարգի հրատապութիւնն ու անոր առաջին գիծ գալուն ամերիկեան վճռորոշումի երեւոյթը:

Ամերիկեան ուղերձները` ուղղուած Պէյրութին, միշտ նկատի ունեցած են Թել Աւիւի գործօնը: Օժանդակութիւններու նախապայմանային բնոյթէն մինչեւ քաղաքական պաշտօնական յայտարարութիւններ ենթաթեքսթերը հետեւողականօրէն իսրայէլեան ձեռագիրներու յուշումներ կատարած են:

Հիմա պարզ է կիրարկուածը. ցամաքային Կապոյտ գիծը կը վերահսկէ ՄԱԿ-ը: Թել Աւիւի դրսեւորած նախնական անհամաձայնութիւնը` միջնորդական իրաւարարութեան դերը վստահելու դարձեալ ՄԱԿ-ին, կը թուի, որ բանակցային խաղաթուղթ է: Այդ վերապահութիւնը մասամբ վերացուած է եւ լիբանանեան կողմին փոխանցուած, որ իսրայէլեան կողմը համաձայն է ՄԱԿ-ին նման դերակատարութիւն վստահելու. աւելի ճիշդ` ՄԱԿ-ը եւս ներգրաւելու: Սակայն այս եղանակով պարզ կը դառնայ, որ ծովային սահմանագծումի քաղաքական համաձայնութիւնը կը գոյանայ ամերիկեան միջնորդութեամբ, մնացեալ թեքնիք աշխատանքի իրականացումը կը վստահուի ՄԱԿ-ին:

Իրանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներու քաղաքականութեան հետեւանքային ալիքը կը հարուածէ նաեւ Լիբանանի ֆինանսատնտեսական դաշտը: Մինչ, ծովային պեղումներու մեկնարկը կրնայ նախանշել տնտեսական իրավիճակի բարելաւումի ընթացք մը: Մէկ կողմէ սեղմել, միւս կողմէ հեռանկար ցոյց տալ ամերիկեան հերթական մօտեցումը կը վերադրսեւորուի այս առիթին եւս:

Բանակցութիւններու մեկնարկը յարաբերութիւններու բնականոնացում ենթադրող քայլ է. անկախ Իսրայէլին ուժանիւթային նոր պաշարներու հայթայթման առաջադրանքէն, քաղաքական իմաստով նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման միտումով կրնայ բացատրուիլ Ուաշինկթընի դրսեւորած մագոգայնութիւնը:

Պաշտօնական Պէյրութի դիւանագիտական արձագանգումը այս հրատապութեան, կը բխի համալիբանանեան քաղաքական շահերէն: Պէյրութը սահմանագծումը կ՛ընկալէ  համընդգրկուն հասկացողութեամբ. այսինքն` ոչ միայն ծովային, այլ նաեւ ցամաքային սահմանագծումի հրամայականով: Ահա այստեղ կը դրուին Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի տարածքային խնդիրները:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականը կը յայտարարէր, թէ Թել Աւիւը կ՛ընդառաջէ Պէյրութի երկու պահանջներուն: Բանակցութիւններուն ՄԱԿ-ի ներգրաւուածութեան եւ ծովային սահմանագծումին մէջ ներառելու նաեւ ցամաքայինը:

Կը թուի, որ բանակցային գործընթացի նոր փուլ կը թեւակոխէ Պէյրութ-Թել Աւիւ հակամարտութիւնը: Առ այս պահը ամերիկացի նախագահը, ի  տարբերութիւն Կոլանի, չէ յայտարարած լիբանանեան տարածքներուն վրայ իսրայէլեան գերիշխանութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Մենք Պէտք Է Ձեւաւորենք Միասնական Ազգային Օրակարգ` Ընդհանուր Կենսական Նշանակութիւն Եւ Կարեւորութիւն Ունեցող Գերակայ Խնդիրներով»

Յաջորդը

Զարիֆ Յառաջիկայ Շաբաթներուն Ընթացքին Պիտի Այցելէ Պաքու

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?