Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Պետական Այրերու Երազանքը Կ՛ապրի Եւ Պիտի Իրագործուի»

May 30, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պետական այրերու գործը կենդանի է, անոնց երազանքը կ՛ապրի եւ պիտի իրագործուի: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի հերոսներու արիւնը ի զուր չէ հեղուած: Այս մասին` Մայիս 28-ին Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան ընթացքին` իր ելոյթի ժամանակ ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այսօր կը տօնենք մեր հազարամեայ պատմութեան ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը` Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան օրը: 1918-ի մայիս 28-ին Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի հերոսամարտերէն ետք հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախ Ա. Հանրապետութիւնը, ատիկա տեղի ունեցաւ ժամանակաշրջանի մը, երբ կը թուէր, թէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը հասած է իր աւարտական փուլին: Բայց տեղի ունեցաւ հակառակը, անսպասելին, եւ հայ ժողովուրդը ձեռք բերաւ այն, ինչ որ կը թուէր, որ կորսնցուցած է  անդառնալիօրէն, ձեռք բերաւ պետականութիւն: Այստեղ հեղուած սուրբ արեան վրայ կառուցուած է մեր պատմութեան Ա. Հանրապետութիւնը: Ահա սա է ամէնէն կարեւոր պատճառը, որ ամէն տարի մայիս 28-ին մենք կը հաւաքուինք այստեղ, մենք կու գանք ըսելու, թէ կը գիտակցինք մեր պատմական պատասխանատուութիւնը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի հերոսներուն առջեւ, մենք կու գանք բարձրաձայնելու երեք ճակատամարտներու հերոսներուն, որ անոնց արիւնը ի զուր չէ հեղուած, որ անոնց սերունդները այսօր հպարտ կը քալեն այն նոյն հողին վրայ, ուր կը հանգչին իրենք, որուն նոր իմաստ ու բովանդակութիւն հաղորդած են իրենք իրենց անասելի զոհողութիւններով ու սխրանքներով», «Երկիր Մետիա»-ի փոխանցումով` ըսաւ Փաշինեան:

Ան շեշտեց, որ Սարդարապատի յուշահամալիր կ՛երթանք Ա. Հանրապետութեան պետական այրերուն ըսելու, թէ անոնց բարձրացուցած դրօշը երբեք թանգարանային նմուշ չէ, այլ կը ծածանի իբրեւ Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան թիւ մէկ խորհրդանիշ: Վարչապետը շեշտեց, որ անոնց գործը կենդանի է, անոնց երազանքը կ՛ապրի եւ պիտի իրագործուի:

Վարչապետ Փաշինեան յիշեց Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի հերոսամարտը կերտած նահատակները, Ա. Հանրապետութիւնը կերտած պետական այրերը, կառավարութեան անդամները` գլխաւորութեամբ Ա. Հանրապետութեան չորս վարչապետներուն` Յովհաննէս Քաջազնունիի, Ալեքսանտր Խատիսեանի, Համօ Օհանջանեանի եւ Սիմոն Վրացեանի:

«Հանգչեցէ՛ք խաղաղութեամբ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի հերոսամարտները կերտած նահատակներ, հանգչեցէ՛ք խաղաղութեամբ Ա. Հանրապետութեան պետական այրեր, կառավարութեան անդամներ` գլխաւորութեամբ Ա. հանրապետութեան չորս վարչապետներու` Յովհաննէս Քաջազնունի, Ալեքսանտր Խատիսեան, Համօ Օհանջանեան, Սիմոն Վրացեան:

Հանգչեցէ՛ք խաղաղութեամբ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի յաղթանակը կերտած հրամանատարներ, պետական այրեր` Արամ Մանուկեան, Թովմաս Նազարբէկեան, Դանիէլ Բէկ-Փիրումեան, Դրաստամատ Կանայեան, Մովսէս Սիլիկեան, Քրիստափոր Արարատեան, Պօղոս Բէկ Փիրումեան, որովհետեւ ձեր սխրանքը, ձեր գործը տէր ունի այսօր», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:

 

 

Նախորդը

Միասնական Աշխատանքով Հայրենիքի Զարգացման Նուիրուելու Պահն Է

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Մենք Պէտք Է Ձեւաւորենք Միասնական Ազգային Օրակարգ` Ընդհանուր Կենսական Նշանակութիւն Եւ Կարեւորութիւն Ունեցող Գերակայ Խնդիրներով»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.