Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Արագ Վերականգնումի Արձանագրած Ցուցանիշները

Յունիս 7, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին այցելութիւնը Հալէպ խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ ներկայ ժամանակներուն մէջ ամէնէն աւերիչ ու քանդիչ պատերազմի հետեւանքները կրած գաղութի մը վերականգնման, յարատեւութեան եւ բազմաոլորտ առաքելութիւնները շարունակելու վճռակամութեան մասին:

Այցելութիւնը կազմակերպողներու ճշդած միջավայրերը` կրթական, միութենական, մարզական, մշակութային, մինչեւ մայիսեան յաղթանակներու տօնակատարութիւն, համագաղութային հարթութեան վրայ ներկայացուցչական դրութեամբ հանդիպում-քննարկումներ, երիտասարդական կեդրոններու բացման հանդիսութիւն եւ ինքնապաշտպանութեան գործ ղեկավարած նահատակի յուշատախտակի քողազերծում, կ՛ընդգծեն գաղափարական հնոցի մը նոր ելակէտային յենասիւներու վերակառուցումը:

Խորհրդածութիւնները  կը տարածուին հայկական աշխարհի խորապատկերին վրայ նկատելու համար նաեւ Սուրիայէն հայրենիք արտահոսքի, աւելի ճիշդը` ճգնաժամի պատճառով առարկայացած հայրենադարձութեան երեւոյթը: Այստեղ անպայման այլ միջավայրի կամ այլընտրանքի դժուարութեան պատճառահետեւանքային տուեալը չէ, որքան նշուած միջավայրերուն մէջ ջամբուած գաղափարական դաստիարակութեան մը գիտակից մղումը իւրաքանչիւր սուրիահայու` երկրէն հեռանալու պարագային դէպի հայրենիք ուղեւորուելու:

Սուրիահայութիւնը ազգային արժեհամակարգի ո՛չ միայն պահպանման, այլ նաեւ ձեւաւորման գործընթացին մէջ հսկայական դերակատարութիւն ունեցած հաւաքականութիւն է: Առաջին անգամը չէ, որ ցնցումի ենթարկուելէ ետք ինքնակազմակերպման եւ վերականգնման կը դիմէ: Քաղաքական պայմանները տարբեր փուլերու նպաստաւոր չեն եղած կազմակերպ համայնքի հիմնական ուժին համար  նախ համայնքային, ապա համազգային  աշխատանքներուն մէջ իր հիմնարար նպաստը ներդնելու առումով:

Միջին արեւելեան երկիրներու մէջ տիրող կացութիւնը, ապաքրիստոնէացման միտումները, տարբեր ազգաբնակչութիւններու համայնքներու արձանագրած զանգուածային արտահոսքերը, եւ մանաւանդ սուրիական պատերազմի ահաւոր հետեւանքները զգալի ցնցումներ պիտի յառաջացնէին եւ փորձէին սասանել մեր ամէնէն կուռ համայնքներէն նկատուած սուրիահայութեան ազգային կառոյցներու յենասիւները:

Վերջին օրերուն լուսաբանուած հանդիպումներն ու այցելութիւնները, կատարուած յայտարարութիւնները, վերանորոգուած եկեղեցիները, շէնքերն ու համայնքային կեդրոնները կ՛ընդգծեն այդ յենասիւներու վերամրագրումի աշխատանքներուն իրականացուած ըլլալը:

Սուրիական պատերազմը չէ աւարտած: Համեմատական խաղաղութեան հաստատման առընթեր կայծակնային արագութեամբ սուրիահայութիւնը լծուած է տենդագին աշխատանքի ո՛չ միայն համայնքային, այլ նաեւ համազգային նշանակութիւն ունեցող իր գործառոյթները վերստանձնելու: Դասական սփիւռքի ամէնէն կազմակերպ եւ ամէնէն հայատրոփ այս միջավայրը, հետզհետէ կը պատրաստուի իր աւանդական առաքելութիւնը նորացնելու, նոր գործառոյթներ ստանձնելու:

Աշխարհի տարբեր պետութիւններ պատերազմի բռնկման օրերու առաջին շրջանէն սկսեալ փակեցին իրենց դեսպանատուները: Հայաստանի դեսպանատունը մնաց ու գործեց Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ: Մնաց ու գործեց նաեւ Հալէպի հիւպատոսութիւնը` գրեթէ եզակի օրինակ դառնալով երկրին մէջ: Երբ դիւանագիտական շրջափակումի մէջ էր Դամասկոսը, պաշտօնական Երեւանը ներկայացնող պատուիրակութիւններ տարբեր առիթներով կատարեցին պաշտօնական այցելութիւններ: Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացուց Երեւանը բժշկական եւ ականազերծման մասնագիտութիւններով:

Դամասկոսի, Գամիշլիի, Քեսապի, Հալէպի եւ շրջակայքերու հայ զանգուածները  գործ ունին կատարելիք: Պատերազմի ընթացքին ինքնապաշտպանուած, շտապներու շատ արագ ձեւաւորումով ժողովուրդի կարիքներուն հասած, հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան ընթացքին նահատակներ տուած այս համայնքը նոյնքան տպաւորիչ ու արագ կը կազմակերպէ իր վերականգնումը: Այդ վերականգնումը միայն համայնքի սահմաններուն մէջ չէ. կը տարածուի դէպի հայրենիք, ազդակներ կը ստանայ այնտեղէն եւ կը հասնի հայկական աշխարհի տարբեր անկիւնները: Նաեւ այնտեղ, ուր սուրիահայ տարրերու կողմէ նոր կազմուող համայնքներու գերաշխուժ վիճակ կը նկատուի:

Սուրիական պատերազմի հետեւանքները այսօր կը զգացուին համահայկական քարտէսին վրայ ներքին կարգով ժողովրդագրական տեղաշարժի թեթեւ շարժունակութիւն արձանագրելով: Աշխուժութեան արձանագրումը արդիւնք է սուրիահայ միջավայրի իւրայատուկ գաղափարականութեան: Այս արագ վերակազմակերպումը ցուցանիշ է, տուեալ է, որ հայ կեանքին աշխուժութիւն ներարկող հանգամանքը  պիտի  շարունակէ պահել սուրիահայութիւնը:

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Ւ Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմինին Հետ

Յաջորդը

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Բանակը Պիտի Շարունակէ Պատրաստ Մնալ Լիբանանը Սպառնացող Որեւէ Վտանգի Դէմ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?