Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Կ՛ակնկալենք, Որ Իշխանութիւնը Ժամ Առաջ Լարուածութիւնը Լիցքաթափելու Յայտարարութիւն Կատարէ»

Յունիս 7, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան, որ չորեքշաբթի այցելած էր ոստիկանութեան կեդրոնի բաժին, ուր «Ես եմ ծեծել» ինքնաբուխ բողոքի արարքը տեղի կ՛ունենար, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ անօրինականութիւնը եւ այլանդակութիւնը, որ ամիսներ շարունակ թէ՛ եթերները, թէ՛ ընկերային ցանցերը կլանած են, ատելութիւն կը սերմանեն:

Ան յայտնեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր արցախեան ազատամարտի հերոսներու դէմ հրապարակային կոչեր կը հնչեն, նաեւ հրապարակային սպառնալիքներ արցախեան ազատամարտի խորհրդանիշ Պարգեւ սրբազանին, Արցախի նախագահին եւ արցախեան պատերազմին մարտնչած հայորդիներու հասցէին:

«Եւ այս բոլորէն ետք, իշխանութիւններէն ակնյայտօրէն կը լսենք անտարբեր, հրահրող կոչեր: Հետեւաբար, բնական է, որ հասարակութեան մէջ պիտի ըլլան նաեւ ընդվզումներ: Մարդիկ, տեսնելով այս անգործութիւնը` իրաւունքի ինքնապաշտպանութեան ճամբաներ կ՛որոնեն: Այս երեւոյթը կրնայ նաեւ շարունակական բնոյթ կրել: Պատահածներուն թիւ մէկ պատասխանատուն գործող իշխանութիւնն է: Պէտք է ժամանակին կանխուէր այն այլանդակութիւնը, որ հրապարակայնօրէն կը հնչէր: Մինչդեռ իշխանութիւնը կը ցուցաբերէր քար լռութիւն, նոյնիսկ արժանապատիւ քաղաքացի նկատուող, բայց իրականութեան մէջ ոչ մէկ արժէքային համակարգ ունեցող անձերու դատապարտելու համար քաղաքական յայտարարութեամբ հանդէս չեկաւ: Ընդհակառակն. անիկա թոյլ կու տայ, կը հիմնաւորէ, թէ ժողովրդավարական ճանապարհով կը շարունակէ, եւ ամէն ոք կրնայ ըսել այն, ինչ որ կ՛ուզէ ըսել, որուն իբրեւ արդիւնք` հրապարակային վիրաւորանքը եւ սպառնալիքը առօրեայ երեւոյթ կը դառնան: Անոնց պատասխանն ալ այսպէս պիտի ըլլայ: Կոչ կ՛ուղղեմ իշխանութիւններուն, որ օր առաջ վերջ տան այս վիճակին: Անհրաժեշտ է դատապարտել եւ հետեւողական ըլլալ անհանդուրժողութիւն եւ թշնամութիւն սերմանող վարքագիծին նկատմամբ, որ այսօր կը տիրէ մեր երկրին մէջ»:

Ըստ Մինասեանի, 130 տարեկան քաղաքական ուժը ինչ-որ տեղ նաեւ չի կրնար հանդուրժել որեւէ բռնութիւն` անկախ անկէ, թէ որուն նկատմամբ կը կիրարկուի, եթէ հրապարակային այլանդակութիւնները համարժէք արձագանգ չեն ստանար: Երբ այսօր քաղաքացիները ոստիկանութեան բաժին ինքնաբուխ կը ներկայանան եւ միջադէպին պատասխանատուութիւնը իրենց վրայ կ՛առնեն, կը նշանակէ, որ այս երեւոյթը կրնայ աւելի լայն տարածում ունենալ, հետեւաբար պէտք է բոլոր բացասական հետեւանքները կանխել:

«Այսօր առաւօտեան մեր քաղաքացիները այսպիսի երեւոյթներու դէմ ինքնաբուխ ընդվզեցան: Ժամ առաջ գործող իշխանութիւնը պէտք է քայլեր իրականացնէ, որպէսզի բացասական դրսեւորումները չտարածուին: Մենք, այսօրուան ինքնաբուխ ընդվզումի տեղեկութիւնը ստանալով` կոչ կ՛ուղղենք մեր քաղաքացիներուն` ոստիկանութիւնը յաւելեալ ցուցմունքներով չխանգարելու, թոյլ տալու, որ ոստիկանութիւնը իր գործը ընէ: Կ՛ակնկալենք, որ գործող իշխանութիւնը ժամ առաջ լարուածութիւնը լիցքաթափելու յստակ քայլերով հանդէս գայ, իսկ հրապարակային սպառնալիքներ հնչեցնող, թշնամութիւն սերմանող մարդիկ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկուին», դիտել տուաւ Արծուիկ Մինասեան:

Իշխան Սաղաթէլեան. «Երկրին Մէջ Տիրող Բարոյահոգեբանական Ծանր Մթնոլորտի Պատասխանատուն Իշխանութիւնն Է»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յատնեց, որ «Ես եմ ծեծել» ցուցադրական գործողութիւնը կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած չէր, ինքնաբուխ էր, որուն մասնակցած են դաշնակցականներ:

«Շարժումի մասնակիցներուն ուղերձը յստակ էր` անիկա  զգօնութեան կոչ էր իշխանութիւններուն: Երկրին մէջ տեւական, հետեւողականօրէն բռնութեան խօսք եւ քարոզ կը հնչէ, իսկ անպատժելիութեան եւ քաղաքական, իրաւական գնահատականի բացակայութեան պայմաններուն մէջ անիկա կը վերածուի  համապատասխան վարքագիծի: Երկրին մէջ տիրող բարոյահոգեբանական ծանր մթնոլորտի, անհանդուրժողականութեան, յարձակողապաշտութեան մերժումի վերաբերեալ Դաշնակցութեան գնահատականները բազմիցս հնչած են, եւ արձանագրած ենք, որ այսպիսի իրականութեան պատասխանատուութիւնը  իշխանութիւններինն է: Իշխանութիւնը պէտք է սորվի ընդդիմախօսներուն լսել», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Յայտնենք, որ մէկ օր առաջ Հայ ազգային քոնկրեսի անդամ Վարդան Յարութիւնեան, որ յայտնի է ընկերային ցանցերու վրայ ազգային արժէքներուն նկատմամբ իր վարկաբեկիչ գրառումներով, ընկերային ցանցի իր էջին մէջ գրած էր, թէ քանի մը անծանօթներ զինք խոշտանգած էին:

 

 

 

Նախորդը

Փաշինեան Ռուսիա Այցելեց. Փութին. «Ռուսիան Հայաստանի Յառաջատար Առեւտրական-Տնտեսական Գործընկերն Է»

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Ւ Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմինին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?