Գլխաւոր լուրեր

Մոմավառութիւն` Սպիտակ Տան Դիմաց

Մոմավառութիւն` Սպիտակ Տան Դիմաց

«Պարո՛ն Թրամփ, ճանչցի՛ր Ցեղասպանութիւնը»: Հայ երիտասարդները  այս կոչը ուղղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու մոմավառութիւն կատարած Սպիտակ տան դիմաց: Հաւաքի  մասնակիցներուն մէջ եղած են նաեւ Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի անդամներ, սկաուտներ: Բացի Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը դատապարտող ու Միացեալ Նահանգներէն ճանաչում պահանջող ելոյթներէ, հաւաքին  մասնակիցները նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած են ամերիկեան այն նահանգներուն, որոնք ներդրում ունեցած են Ցեղասպանութենէն տուժած հայ ժողովուրդին օգնելու...

Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Սուրիոյ Երկրոդական Վարժարաններու Պատմութեան Դասագիրքերուն Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Սուրիոյ Երկրոդական Վարժարաններու Պատմութեան Դասագիրքերուն Մէջ

«Գանձասար» տեղեկացաւ, որ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, ցեղասպանագէտ, պատմաբան, դոկտոր Նորա Արիսեան 2017-էն սկսեալ մէկէ աւելի անգամներ ( 21 Փետրուար եւ 20 Սեպտեմբեր 2017) Սուրիոյ խորհրդարանի նիստերուն ընթացքին իր ելոյթներով պահանջած էր Սուրիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ ներառել Օսմանեան Կայսրութեան գործած ոճիրներուն հետեւանքները Սուրիոյ մէջ, հայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիական ընկերութեան բազմազանութիւնը ներկայացնող հատուածներ: Ան այս պահանջով...

Դիւանագիտական Միջադէպ`  Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ

Դիւանագիտական Միջադէպ` Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեց ֆրանսացի երեսփոխան Սոնիա Քրիմիի` դրուատելով անոր քաղաքական յանդուգն եւ անտեղիտալի կեցուածքը` թրքական յարձակողական եւ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ: Այս ծիրին մէջ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան հրապարակային մարտահրաւէր ուղղեց Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին` պատկերասփիւռային ուղիղ եթերով բանավէճի մը, որուն պատասխանը ցարդ միայն լռութիւն է... Նշենք, որ ուրբաթ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Ֆրանսայի Մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Ազգային Օր Հռչակող Հրամանագիրի Ստորագրումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շաբաթ, 13 ապրիլին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրիւնօ Ֆուշէին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ Ֆրանսայի մէջ ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր հռչակող հրամանագիրի ստորագրումը: Մարմինը յիշեցուց, որ նախագահ Մաքրոն այդ առնչութեամբ ընտրական խոստում մը տուած էր 2017-ին, ապա զայն վերահաստատած քանի մը առիթներով, որոնց վերջինը այս տարուան...

Հայ Եկեղեցին Ծաղկազարդուեցաւ  Իր Ժողովուրդով

Հայ Եկեղեցին Ծաղկազարդուեցաւ Իր Ժողովուրդով

Իւրաքանչիւր Ծաղկազարդ կրկնակի տօն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին համար, որովհետեւ այդ օր ո՛չ միայն կը նշուի Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, այլ նաեւ մայրավանքը կը ծաղկազարդուի իր ժողովուրդով: Այս տարի եւս, Անթիլիասի մայրավանքը ողողուեցաւ մանուկներով, պատանիներով, երիտասարդներով եւ հայ երիտասարդ ընտանեկան բոյներով, որոնք հաւաքուած էին նշելու հոգեպարար այս տօնը, որ հաւատացեալները կը պատրաստէ Աւագ շաբթուան` հասնելու Ս....

Մասնակցութեամբ «Կարկաչ»  Պատանեկան Երգչախումբին.  Համազգայինի «Այգ» Երիտասարդական  Երգչախումբի Հոգեւոր Համերգ

Մասնակցութեամբ «Կարկաչ» Պատանեկան Երգչախումբին. Համազգայինի «Այգ» Երիտասարդական Երգչախումբի Հոգեւոր Համերգ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, նախագահութեամբ նախկին նախարար Արթիւր Նազարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին` մասնակցութեամբ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի: Համերգը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով: Այնուհետեւ «Այգ» եւ «Կարկաչ» երգչախումբերը մեկնաբանեցին...

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կը Կատարէ  Վերաբացումը Վերանորոգուած Եւ Բարեզարդուած  «Գրատուն Նարեկացի»-ի

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կը Կատարէ Վերաբացումը Վերանորոգուած Եւ Բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի

Շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, տեղի ունեցաւ վերանորոգուած եւ բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի վերաբացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, քահանայ հայրերու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան անդամներու, Ազգային առաջնորդարանի խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կրթական պատասխանատուներու եւ թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու: Օրհնութեան կարգէն ետք, սրբազան...

Լաւատես Ենք, Որ Յառաջիկային Իտալիոյ  Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս  Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Լաւատես Ենք, Որ Յառաջիկային Իտալիոյ Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատը 10 ապրիլին ընդունած է բանաձեւ մը, որով երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէր  միջազգային հնչեղութիւն տալ Հայոց ցեղասպանութեան: Այս բանաձեւը որոշ շփոթի առարկայ  դարձած էր, քանի որ 2000-ին  Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Յարութ Շիրինեան «Շանթնիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ այդ տարակարծութիւններուն եւ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց բանաձեւէն: «Իտալիոյ խորհրդարանը,...

Ցեղասպանութեան  Ոգեկոչում Քոնկրեսին Մէջ

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Քոնկրեսին Մէջ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հաւաքը այս տարի տեղի ունեցաւ 9 ապրիլին, Ծերակոյտի «Հարթ» շէնքին մէջ` իբրեւ կիզակէտ ունենալով Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին նոր ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերուն վաւերացումը ապահովելու ջանքերը: Արդարեւ, իրենց ելոյթներուն ընթացքին, Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Կաս Պիլիրաքիս խօսեցան բանաձեւին պատրաստութեան եւ ցարդ անոր...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Ֆրանսայի նախագահական թիւ 2019-219 հրամանագիրը, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն, 10 ապրիլին հրապարակուեցաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Այս հրամանագիրը գործադրուած խոստումն է հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, զոր տուած էր հայ համայնքին` տարի մը առաջ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքի ընթացքին: Այս հրամանագիրին հիմամբ, այսուհետեւ 24 ապրիլը ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին կը նկատուի պաշտօնական տօն եւ մաս կը կազմէ կառավարութեան պաշտօնական...

«Հայ Մամուլի Տարի».  Հսկումի Ժամերգութիւն  Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն`  Լիբանանահայ Մամուլի Ննջեցեալ  Մշակներու Հոգիներուն Համար

«Հայ Մամուլի Տարի». Հսկումի Ժամերգութիւն Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Լիբանանահայ Մամուլի Ննջեցեալ Մշակներու Հոգիներուն Համար

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, երէկ` ուրբաթ, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հսկումի ժամերգութիւն, որուն աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` լիբանանահայ մամուլի ննջեցեալ մշակներու հոգիներուն համար: «Լոյսի զաւակներու վայել կեանք ապրեցէք, որովհետեւ լոյսի պտուղներն են բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը», ըսաւ սրբազան հայրը իր պատգամի սկզբնաւորութեան` աւելցնելով, որ Մեծ պահքի այս վերջին ժամերգութեան ընթացքին,...

Լիբանանեան – Հայկական Բարեկամութեան  Յուշակոթողի Պաշտօնական Բացում

Լիբանանեան – Հայկական Բարեկամութեան Յուշակոթողի Պաշտօնական Բացում

Երէկ` ուրբաթ, 12 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին նախագահութեամբ, Ճիւնիի քաղաքապետ ու Քեսրուան Ֆթուհի քաղաքապետարաններու համախմբումի նախագահ Ժուան Հպէյշի եւ բարերարներ տէր եւ տիկին Գրիգոր Ճապուրեանի մասնակցութեամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ճիւնի-Թրիփոլի մայրուղիին եւ Հարիսայի ճամբու խաչմերուկին վրայ տեղադրուած Լիբանանեան-հայկական բարեկամութեան յուշակոթողին, որուն հեղինակն է Աղասի Պօղոս Թասլաքեան: Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս...

Խմբագրական.  Անգարան Կը Ժխտէ  Նաեւ Իտալական Որոշումը

Խմբագրական. Անգարան Կը Ժխտէ Նաեւ Իտալական Որոշումը

Իտալիոյ խորհրդարանի որդեգրած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւը ունի հետեւեալ բաղադրիչները` ճանաչում, դատապարտում, կառավարութեան կողմէ որդեգրումի պահանջ, կոչ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապաշրջափակելու եւ դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու ձեռնարկելու: Նաեւ` զօրակցելու ներթրքական հասարակութեան մաս կազմող Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութեան: Անմիջապէս յիշեցնենք, որ նոյեմբեր 2000-ին գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ Իտալիոյ խորհրդարանը քուէարկած էր նման բանաձեւի մը: Հիմա նորութիւնը այն է, որ կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան պաշտօնապէս որդեգրելու...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին  Աշխատանքային Այցելութիւնը Ֆրանսա

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Աշխատանքային Այցելութիւնը Ֆրանսա

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, 4-8 ապրիլին աշխատանքային այցելութեամբ հիւրընկալուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ եւ ունեցաւ քաղաքական, հասարակական եւ կազմակերպական տարբեր հանդիպումներ` Փարիզի, Մարսէյի եւ Լիոնի մէջ: Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Շարլ Փափազեանի, տեսակցութիւն ունեցաւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Ջերմ...

Մաքրոն Ստորագրած Է 24 Ապրիլը Հայոց  Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր Հռչակելու  Հրամանագիրը, Չաւուշօղլու Արձագանգած Է

Մաքրոն Ստորագրած Է 24 Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր Հռչակելու Հրամանագիրը, Չաւուշօղլու Արձագանգած Է

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 10 ապրիլին կատարած է հայ համայնքին տուած իր ընտրական խոստումը` ստորագրելով ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակելու մասին հրամանագիրը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ բացի Մաքրոնի ստորագրութենէն, հրամանագիրին տակ կայ նաեւ վարչապետ Էտուար Ֆիլիփի ստորագրութիւնը: Ըստ հրամանագիրին, ամէն տարուան ապրիլ 24-ին, Փարիզի մէջ պաշտօնական արարողութիւններ պիտի կազմակերպուին, իսկ միւս նահանգներուն մէջ` ըստ տեղական իշխանութիւններու...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կ՛ողջունէ Իտալիոյ Խորհրդարանին Որոշումը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ողջունէ Իտալիոյ Խորհրդարանին Որոշումը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը  յայտարարութիւն մը տարածած է Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին  կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ որոշումի ընդունման առիթով: «Հայաստանը կ՛ողջունէ Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին կողմէ  Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդունուած որոշումը, որով Իտալիան վերահաստատեց ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան յանցանքի կանխարգիլման եւ պատիժի հռչակագիրով ընդունուած իր յանձնառութիւնները եւ պարտաւորութիւնները: Իտալիոյ խորհրդարանին ընդունած որոշումը եւս կարեւոր ներդրում մըն է ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդի իրաւունքներու  յարգման...

Յունաստանի Նախագահը Կը Դրուատէ Երկու  Երկիրներուն Սերտ Յարաբերութիւնը  Եւ Կը Հաստատէ Իր Երկրին  Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Յունաստանի Նախագահը Կը Դրուատէ Երկու Երկիրներուն Սերտ Յարաբերութիւնը Եւ Կը Հաստատէ Իր Երկրին Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս երէկ` 11 ապրիլին, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանան, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ: Պաապտայի մէջ կայացաւ հանդիպում հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, որ տեսակցութենէն ետք տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ բանակցութիւնները բացառիկ ներդաշնակութեամբ պարուրուած էին, մանաւանդ որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ունին պատմական ու խոր արմատներ, որոնք այսօր եւս կը շարունակուին, մանաւանդ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

Լիբանանի Մէջ Իտալիոյ Դեսպանին Նամակ Մը Յղելով` ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Իտալիոյ Խորհրդարանին Որդեգրած Որոշումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթիին յղեց նամակ մը` ողջունելով 10 ապրիլին Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը, որ Իտալիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէր ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այդ հարցը արծարծելու միջազգային մակարդակի վրայ: Մարմինը դեսպանին յիշեցուց, որ Իտալիոյ խորհրդարանը արդէն իսկ 17 նոյեմբեր 2000-ին ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած ընդունելու...

Խմբագրական.   Ռազմաքաղաքական Դաշինքը  Համապարփակ Փաստաթուղթ Է

Խմբագրական. Ռազմաքաղաքական Դաշինքը Համապարփակ Փաստաթուղթ Է

Ապրիլ 9-ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ «Ապրիլեան պատերազմի դասերը եւ մեր ընելիքները» նիւթով կազմակերպուած քննարկումին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին ընդգծած առաջադրանքը անպայման դիտարժան երեւոյթ պէտք է նկատել: Նախարարը անհրաժեշտ նկատած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը: Ան միաժամանակ նշած է, որ դաշինքը գետնի վրայ անվտանգութեան առումով...

Իտալիոյ Խորհրդարանը Կառավարութեան Կոչ Ուղղեց` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իտալիոյ խորհրդարանը 10 ապրիլին որդեգրած է բանաձեւ մը, որուն մէջ երկրին կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի` «պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը» եւ անոր տալու միջազգային արժեւորում: Ըստ «Արմէնփրես»-ին, այս լուրը հաղորդած է իտալական «ԱՆՍԱ» գործակալութիւնը: Բանաձեւին թեր քուէարկած են 382 երեսփոխաններ, 43 ուրիշներ մնացած են ձեռնպահ, ոչ ոք դէմ քուէարկած է: Անդրադառնալով Իտալիոյ Խորհրդարանի որոշումին` Թուրքիոյ նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, թէ «նշեալ...

Page 497 of 797 1 … 496 497 498 … 797

Արխիւներ