Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցին Հանդիսաւոր Բացումը

Յունիս 26, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 25 յունիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նախկին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ  «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան կազմակերպած Ամառնային դպրոցի 2019 տարեշրջանին հանդիսաւոր բացումը:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Քրիստին Սարգիսեան: Ան ըսաւ, թէ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան գործունէութիւնը արժեւորող եւ իմաստաւորող իր բժշկական եւ ընկերային ծառայութիւններու կողքին մեծ տեղ կը գրաւեն ընկերային բարգաւաճման ծրագիրները, որոնցմէ մէկն է ամառնային դպրոցը, որ ծնունդ առած է 13 տարի առաջ փոքրիկ խումբով մը: Ան ըսաւ. «Մեզի համար շատ մեծ ուրախութիւն է տեսնել մեր աշակերտները, որոնք մեր աչքին առջեւ կը մեծնան, հասակ կ՛առնեն եւ երիտասարդներ կը դառնան»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան, ապա ըսաւ, թէ Ամառնային դպրոցը ընթացք պիտի առնէ 250 աշակերտներով ու 30 առաջնորդներով, եւ  7 շաբաթներու վրայ աշակերտները պիտի անցընեն անմոռանալի պահեր: Ան նշեց, որ այս տարի Ամառնային դպրոցին պիտի միանան Միացեալ Նահանգներու Լանքասթըր պայպըլ սքուլ»-ի  ընկերային ծառայութեան 12 աշակերտները իրենց առաջնորդներով, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու աստուածաբանական դպրոցէն խումբ մը, որ Աստուածաշունչի սերտողութիւն պիտի կատարէ փոքրիկներուն, բժշկական 2 հոգինոց խումբ մը, «Ուորլտ վիժըն» կազմակերպութենէն անդամներ, որոնք «Սքուն» կազմակերպութեան հետ միասին պիտի ներկայացնեն նկարագիրի կերտումի դժուարութիւնները դիմագրաւելու դասընթացքներ, «Նիու Հայթս» կազմակերպութենէն խումբ մը, որ կենցաղավարութեան դասընթացք պիտի ներկայացնէ, պիտի կազմուի նաեւ աղջիկներու ֆութպոլի խումբ մը, որ քանի մը անգամով պիտի մարզուի ֆութպոլ խաղալու:

Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային առաջնորդարանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, հաստատութեան բարեկամներուն եւ բարերարներուն, որոնք իրենց ներդրումով կը յաջողցնեն Ամառնային դպրոցը:

Խօսք առաւ նաեւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան: Ան ըսաւ, թէ հաստատութեան նպատակն է ուրախացնել փոքրիկները, որոնք իրաւունք ունին իրենց ամառնային արձակուրդը հաճելի եւ հանգիստ անցընելու: Ան յայտնեց, որ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը հիմնուած է դժբախտութենէ մը, որմէ ետք փոքրիկ Հաուըրտ Գարակէօզեանի ծնողները հիմնած են այս հաստատութիւնը, որ 2 շաբաթ ետք պիտի տօնէ իր 100-ամեակը, եւ այս առիթով Հաուըրտ Գարակէօզեանի կիսանդրին պիտի զետեղեն հաստատութեան մուտքին: Ան ըսաւ, թէ 100 տարուան ընթացքին  Գարակէօզեան ընտանիքին ներդրումը առիթ եղած է, որ հազարաւոր հայ ընտանիքներ, չափահասներ, փոքրիկներ հանգիստ եւ ապահով կեանք մը ապրին:

Իր խօսքի աւարտին ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին անդամներուն, որոնք կամաւորաբար յանձն առին ծառայել Ամառնային դպրոցին մէջ:

Խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան ողջունեց իւրաքանչիւրին ներկայութիւնը այս գեղեցիկ ընտանեկան հաւաքին մէջ: Ան ըսաւ, թէ այս գեղեցիկ մթնոլորտը ոչ միայն կը հաստատէ, որ մենք կը լսենք Քրիստոսի խօսքը, այլ կը հաստատէ, որ մենք կը կատարենք այն բոլոր բաները, որ Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին ըսաւ, որ մենք կատարենք մեր փոքրիկներուն համար: Հայր սուրբը ընդգծեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր թեւերը լայն բացած կը հիւրընկալէ աշակերտ- աշակերտուհիները, ապա ըսաւ. «Երբ բոլորը ամառնային արձակուրդ կը վայելեն, «Գարակէօզեան»-ը իր անձնակազմով, իր տնօրէնով մեր աշակերտները կը հրաւիրէ, որպէսզի ստեղծէ հայ օճախ մը, նոր հայ մթնոլորտ մը, ուր հայ աշակերտները պիտի ուրախանան, զուարճանան եւ իրենց ապագային յուշերուն մէջ զետեղեն , որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը միշտ իրենց ձեռք երկարած է եւ ամենայն պատրաստակամութեամբ ինք եւս մասնակցած է անոնց հայեցի դաստիարակութեան»:

Իր խօսքի աւարտին հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ անոնց ըսաւ, թէ իրենց զաւակները աղօթքով պիտի մեծնան, հայերէն խօսելով դաստիարակուին, յարգանք եւ սէր սորվին իրենց ծնողներուն հանդէպ եւ ըլլան ապագայի հունձքը:

Ան պահպանիչով փակեց ձեռնարկը, որմէ ետք բոլոր փոքրիկները հաճելի պահեր անցուցին խաղալով, երգելով եւ պարելով:

Նախորդը

Հարցազրոյց` Ռուբէն Վարդանեանին, Նունէ Ալեքեանին Եւ Նուպար Աֆէեանին Հետ` «Ճամբաբաժանին» Վերնագիրը Կրող Աշխատութեան Մասին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?