Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Գործընկերներու  Հրապարակային Խօսակցութիւնը

Ակնարկ. Գործընկերներու Հրապարակային Խօսակցութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին պահանջը  իր ռուս գործընկերէն` դադրեցնելու սուրիական Իտլիպ շրջանին վրայ յարձակումները, ուշագրաւ իրողութիւններու մասին ընդգծումներ կը կատարէ. մանաւանդ, որ ռուսական կողմը պատասխանած է, թէ յարձակումները դադրած են պահանջին պաշտօնական յղումէն մէկ օր առաջ արդէն: Այս ամփոփ տեղեկութիւնը դուռ կը բանայ կարեւոր մեկնաբանութիւններու: Ամէն բանէ առաջ ռուսական գործողութիւններու կամ սահմանափակ ժամկէտով համաձայնութեան կամ ինքնուրոյն ըլլալու հաւանականութեան վրայ կը...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Սփիւռքի Փոխնախարարին Հետ

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Սփիւռքի Փոխնախարարին Հետ

10 մայիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի հետ` անոր խնդրանքով: Հանդիպումին մասնակցած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան եւ ՀՅԴ Մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու գրասենեակի պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան: ՀՅԴ ներկայացուցիչները իրենց ափսոսանքն ու սկզբունքային անհամաձայնութիւնը յայտնած են կառավարութեան նոր կառուցուածքին առնչութեամբ` դարձեալ շեշտելով...

Իրանահայ Համայնքի Պատասխանատուները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Իրանահայ Համայնքի Պատասխանատուները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը իրանահայ համայնքի պատասխանատուներէն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Իրանի թեմական խորհուրդներու մօտ Կեդրոնական վարչութեան կապ Թովմաս Թովմասեանի, Սպահանի հայոց թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մինասեանի եւ Սպահանի հայոց թեմի կրօնական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մովսիսեանի: Հանդիպումին իրանահայ ազգայինները զեկուցեցին համայնքի աշխատանքներուն, երկրի պայմաններուն...

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Ա. Համագումարը Իր Աշխատանքներուն Սկսաւ Աթէնքի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Ա. Համագումարը Իր Աշխատանքներուն Սկսաւ Աթէնքի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան հիւրընկալութեամբ, ուրբաթ, 10 մայիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Աթէնքի «Նովոթել» պանդոկի ժողովասրահին մէջ ընթացք առաւ միութեան երիտասարդական առաջին համագումարը` մասնակցութեամբ միութեան 17 շրջաններէ 18-30 տարիքի 39 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան անդամներու: Երկօրեայ համագումարին բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Շուշիի...

ՀՅԴ «Ռուբէն» Կոմիտէ.  Արցախեան Շարժման 31-ամեակին  Նուիրուած Ձեռնարկ

ՀՅԴ «Ռուբէն» Կոմիտէ. Արցախեան Շարժման 31-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Երէկ` ուրբաթ, 10 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան շարժման 31-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին: Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու հարցերու յանձնախումբի պատասխանատու գնդապետ Արտաշէս Մխիթարեան: Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անժելա Տաղլեան: Ան ըսաւ, թէ Շուշիի ազատագրութեան 27-ամեակին...

Արցախի Նախագահն Ու  Հայաստանի Վարչապետը  Յարգեցին Արցախեան Ազատամարտի  Նահատակներու Յիշատակը

Արցախի Նախագահն Ու Հայաստանի Վարչապետը Յարգեցին Արցախեան Ազատամարտի Նահատակներու Յիշատակը

Յաղթանակի տօնին, պաշտպանութեան բանակին եւ Շուշիի ազատագրութեան 27-րդ տարեդարձի տօնական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, մայիս 9-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղած Մեծ Հայրենական պատերազմին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին...

Արմէն Սարգսեան. «Արցախեան Պատերազմին  Եւ Անոր Փառապսակը Հանդիսացող Շուշիի Ազատագրման  Ժամանակ Յաղթեց Հայաստանի, Արցախի  Եւ Սփիւռքի Մեր Միասնական Ուժը»

Արմէն Սարգսեան. «Արցախեան Պատերազմին Եւ Անոր Փառապսակը Հանդիսացող Շուշիի Ազատագրման Ժամանակ Յաղթեց Հայաստանի, Արցախի Եւ Սփիւռքի Մեր Միասնական Ուժը»

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղած է մայիսեան Եռատօնին առիթով: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին, Շուշիի ազատագրման օրուայ առթիւ: Շնորհաւորում եմ Հայրենական եւ Արցախեան պատերազմների բոլոր վեթերաններին, երկրապահին ու ազատամարտիկին, զինուորին ու սպային, մեր ողջ ժողովրդին, Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր քաղաքացիներին, ովքեր անհրաժեշտ պահի միասին դառնում են հայրենիքի պաշտպան: Շնորհաւորում եմ սփիւռքի մեր...

Նիկոլ Փաշինեան. «Շուշիի Ազատագրումը  Մեր Պատմութեան Ամենահերոսական  Եւ Փայլուն Էջերից Է»

Նիկոլ Փաշինեան. «Շուշիի Ազատագրումը Մեր Պատմութեան Ամենահերոսական Եւ Փայլուն Էջերից Է»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Սրտանց շնորհաւորում եմ բոլորիս Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առթիւ: «Սա մի տօն է, որն ամէնուրեք ոգեկոչւում է խանդավառութեամբ, սիրով եւ յարգանքով, տօն, որը խորհրդանշում է Հայրենական մեծ պատերազմի աւարտը եւ  մարդկութեան պատմութեան նոր դարաշրջանի մեկնարկը: Ի՞նչ է Հայրենական մեծ պատերազմը, եթէ ոչ սխրագործութիւնների, քաջագործութիւնների,...

Բակօ Սահակեան. «Շուշիի Ազատագրումը  Եւ Արցախի Բանակի Ստեղծումը Հայ Ժողովուրդի  Միասնական Ուժի, Ազատատենչ Ոգու  Եւ Անկոտրում Կամքի Յաղթանակն Էր»

Բակօ Սահակեան. «Շուշիի Ազատագրումը Եւ Արցախի Բանակի Ստեղծումը Հայ Ժողովուրդի Միասնական Ուժի, Ազատատենչ Ոգու Եւ Անկոտրում Կամքի Յաղթանակն Էր»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան մայիս 9-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յաղթանակի տօնին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին եւ Շուշիի ազատագրութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով: Ուղերձին մէջ նշուած է. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայրենական մեծ պատերազմի եւ արցախեան ազատամարտի թանկագի՛ն վեթերաններ, Պաշտպանութեան բանակի յարգարժա՛ն զօրավարներ, սպաներ, զինուորներ, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնների եւ անձամբ իմ անունից ի սրտէ շնորհաւորում եմ ձեզ Յաղթանակի տօնի, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան...

Ողջո՜յն Արցախի Հերոս Ժողովուրդին`  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Անթիլիասի Մայրավանքէն

Ողջո՜յն Արցախի Հերոս Ժողովուրդին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն

Այսօր, երբ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կը գումարուին Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, յանուն մեր Ս. Աթոռի թեմերու ժողովուրդին, ջերմօրէն կ՛ողջունենք Շուշիի ազատագրումը, 8 մայիս 1992-ին: Արդարեւ, պատմական ու ռազմավարական եզակի կարեւորութիւն ունեցող դէպք մըն էր Շուշիի ազատագրումը: Արցախի արի ժողովուրդը իր հաւաքական հաւատքով ու կամքով վերատիրացաւ իր բռնաբարուած իրաւունքին, իր պապերուն աղօթքով...

Համազգայինի  «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանի Ալպոմի  Մակագրութիւն Եւ Անհատական  Հաւաքածոյի Ցուցահանդէս

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանի Ալպոմի Մակագրութիւն Եւ Անհատական Հաւաքածոյի Ցուցահանդէս

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին երէկ` հինգշաբթի, 9 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Գրիգոր Ակոբեանի ալպոմի մակագրութիւնը եւ իր անհատական հաւաքածոյին ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած էին 98 աքրելիք եւ խառն թեքնիք պաստառներ, որոնք Ակոբեանի անձնական հաւաքածոյին մաս կը կազմէին: «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յիշատակելի առիթ...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Շնորհաւորական Ուղերձը` Մայիսեան Եռատօնին Առիթով

Երէկ Մայիսեան եռատօնին առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը. Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի սիրելի՛ հայրենակիցներ, Շնորհաւորում ենք Շուշիի ազատագրման, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման եւ Հայրենական մեծ պատերազմում տարած յաղթանակի առթիւ: Փառապանծ յաղթանակներն անհնար է պատկերացնել առանց ազատ ապրելու` մեր ժողովրդի աննկուն կամքի եւ ռազմական տաղանդի: Շուշիի ազատագրումը բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ արցախեան պատերազմում: Մեր խոնարհումն...

Դաւիթ Տօնոյեան Կ՛անդրադառնայ  «Հայաստան – Արցախ» Ռազմավարական Դաշինքին.  «Սրտիս Մէջ Այդ Ամէնը Կայ»

Դաւիթ Տօնոյեան Կ՛անդրադառնայ «Հայաստան – Արցախ» Ռազմավարական Դաշինքին. «Սրտիս Մէջ Այդ Ամէնը Կայ»

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին տիրող իրավիճակը կը գնահատէ յարաբերական կայուն: «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը ըսաւ. «Ես իրավիճակը կը գնահատեմ յարաբերական կայուն, բոլոր միջոցները կը ձեռնարկուին, որ խնդիրներ չյառաջանան»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Տօնոյեան ինչպէ՞ս կը գնահատէ ՀՅԴ-ի  նախաձեռնած «Հայաստան-Արցախ» ֆորումը եւ Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքին իրաւական աստիճան տալու...

Վազգէն Մանուկեան. «Հայաստան – Արցախ  Ռազմավարական Դաշինքի Կնքումը Արցախի  Միջազգային Ճանաչման Կարեւոր Ազդակ Է»

Վազգէն Մանուկեան. «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինքի Կնքումը Արցախի Միջազգային Ճանաչման Կարեւոր Ազդակ Է»

Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ՀՅԴ նախաձեռնած ֆորումին  նախագահող Վազգէն Մանուկեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ իշխանութիւնները պարտաւոր են մեր ժողովուրդին կամքը բանակցութիւններու միջոցով դարձնել իրականութիւն: Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը, ըստ Մանուկեանի, երկարատեւ հոլովոյթ է, որ պէտք է պայմանաւորուած ըլլայ երկրի տնտեսական աճով, բարձր մարտունակութեամբ, հզօր դաշնակիցներով: «Մենք երկար տարիներէ ի վեր խորապէս կը համագործակցինք իրարու հետ, բայց...

«Ղարաբաղի Հարցով Ամէնէն Կարեւորը Այն Է,  Որ Պէտք Է Յստակ Ձեւակերպել, Թէ Ի՛նչ Կ՛ուզենք»  Կ՛ըսէ Վարչապետ Փաշինեան

«Ղարաբաղի Հարցով Ամէնէն Կարեւորը Այն Է, Որ Պէտք Է Յստակ Ձեւակերպել, Թէ Ի՛նչ Կ՛ուզենք» Կ՛ըսէ Վարչապետ Փաշինեան

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաւիրած է իր գործունէութեան մէկ տարին ամփոփող մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է երկիրը յուզող զանազան հարցերու, միամեայ գործունէութեան, ապագայի ծրագիրներուն եւ շրջանային հարցերու: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` վարչապետ Փաշինեան ըսած է. «Երբ ժամանակին կ՛ըսէի, որ ժողովուրդը պէտք է որոշէ, թէ ո՛վ պէտք է ընտրուի վարչապետ, կը ծիծաղէին, հիմա կը ծիծաղին, երբ կ՛ըսեմ`...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 152.  Դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան Ներկայացուց  «2019-ի Յոբելեանները Հայաստանի Մէջ» Նիւթը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 152. Դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան Ներկայացուց «2019-ի Յոբելեանները Հայաստանի Մէջ» Նիւթը

Երէկ` չորեքշաբթի, 8 մայիս 2019-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան ներկայացուց «2019-ի յոբելեանները Հայաստանի մէջ (Թումանեանի, Կոմիտասի, Շանթի եւ Օտեանի 150-ամեակ, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Գէորգ Էմինի 100-ամեակ)»  նիւթը: Ձեռնարկը կազմակերպած էր «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը` համագործակցութեամբ Համազգայինի Գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմէն Տօնիկ...

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական  Ժողովի Լիակատար Նիստ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի Լիակատար Նիստ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, չորեքշաբթի, 8 մայիս 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի նիստը: Կրօնական ժողովին յաջորդող յիշեալ ժողովը իր օրակարգին վրայ ունէր կաթողիկոսարանի վարչական, տնտեսական ու յարաբերական բնագաւառներուն առնչուած ծրագիրներ: Յատուկ ուշադրութեամբ քննուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպումի հետ աղերս ունեցող ծրագիրներ: Քննարկումներու ծիրին մէջ կարեւոր անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռք-Հայաստան-Արցախ գործակցութեան եւ այդ...

Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիրի  Նուիրատուներու Գնահատանքի Հաւաք

Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիրի Նուիրատուներու Գնահատանքի Հաւաք

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, երեքշաբթի, 7 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի չորս եւ չորսէ աւելի աշակերտ հովանաւորած նուիրատուներու յուշանուէրներու բաշխման հաւաք: «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի պատասխանատու Սարին Շէմէմեան իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ սոյն ծրագիրի մեկնակէտն է զօրակցիլ նիւթական դժուարութիւն ունեցող աշակերտներուն: «Գնահատանքի...

Խմբագրական.  Քաղաքակրթութեան Մը Ազատագրումը  (Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Քաղաքակրթութեան Մը Ազատագրումը (Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան Առիթով)

Հայկական տարին տարբեր ամիսներու կը նշէ արցախեան հերոսամարտի խորհուրդը: Փետրուարը արցախեան շարժման մեկնարկն է, սեպտեմբերը` Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշումն ու պետականութեան կերտման ելակէտը, մայիսը, Շուշիի ազատագրումը: Ճիշդ է, որ մայիս 8-ը կը խորհրդանշէ եռատօն, սակայն հայ մարդուն համար սրտի ու միտքի թելերով այս թուականը ամէնէն շատ կ՛առնչուի Շուշիի ազատագրումին: Նման ճակատներու յաղթանակներ, նոյնքան կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ազատագրումներու շարան կայ արցախեան...

Նախաձեռնութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան.  «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինք»  Ֆորում` Ստեփանակերտի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան. «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Ֆորում` Ստեփանակերտի Մէջ

ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան իրաւապայմանագրային յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու օրակարգով: Ֆորումին կը մասնակցէին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի քաղաքական, ռազմական, փորձագիտական, հանրային շրջանակները ներկայացնող` այդ գաղափարի քանի մը տասնեակ կողմնակիցներ: Ֆորումի կազմակերպութեամբ պիտի ազդարարուի երկու հայկական պետութիւններուն միջեւ համապարփակ համագործակցութեան համաձայնագիր կնքելու...

Page 493 of 797 1 … 492 493 494 … 797

Արխիւներ