Գլխաւոր լուրեր

«Համայն Հայ Ժողովուրդին Ուշադրութեան Եւ Հոգածութեան Առարկայ Պէտք Է Դառնայ Լիբանանահայութիւնը, Որուն Դերը Չի Սահմանափակուիր Լիբանանով Ու Միջին Արեւելքով, Այլ Ունի Համահայկական, Համասփիւռքեան Տարողութիւն»  Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Համայն Հայ Ժողովուրդին Ուշադրութեան Եւ Հոգածութեան Առարկայ Պէտք Է Դառնայ Լիբանանահայութիւնը, Որուն Դերը Չի Սահմանափակուիր Լիբանանով Ու Միջին Արեւելքով, Այլ Ունի Համահայկական, Համասփիւռքեան Տարողութիւն» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ տեղի ունեցաւ «Ազդակ», «Վանայ Ձայն» եւ «Օ. Թի. Վի.» միացեալ հետեւեալ հարցազրոյցը` «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 130-ամեակին ընդառաջ` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ» խորագիրով,  եւ զոր վարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարզի պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեան: ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ.- Այսօրուան մեր հարցազրոյցը դուրս կու գայ իր ընթացիկ օրակարգէն եւ կը ներառէ...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի ընդունման, հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Հոկտեմբերի 29-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների Ներկայացուցչական Պալատի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչող թիւ 296 բանաձեւի որդեգրմանը յաջորդեց երէկ, 12 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի կողմից Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչող թիւ  150 բանաձեւի ընդունումը` միաձայնութեամբ: Ցեղասպանութիւնների կանխարգելման եւ արդարութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգների Ծերակոյտի...

Արմէն Սարգսեան. «Արցախեան Պատերազմին  Եւ Անոր Փառապսակը Հանդիսացող Շուշիի Ազատագրման  Ժամանակ Յաղթեց Հայաստանի, Արցախի  Եւ Սփիւռքի Մեր Միասնական Ուժը»

Արմէն Սարգսեան. «Բարձր Կը Գնահատեմ Ծերակոյտին Որոշումը Եւ Ամերիկացի Ժողովուրդին Կը Յայտնեմ Հայ Ժողովուրդին Երախտագիտութիւնը»

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 13 դեկտեմբերին ուղերձ  յղեց Ծերակոյտի Հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միթչ ՄըքՔանի, Ծերակոյտի դեմոկրատականներու ղեկավար Չաք Շումըրի, ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզի եւ Թետ Քրուզի`  Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի միաձայնութեամբ ընդունման առիթով: «Կը փափաքիմ խորին երախտագիտութիւնս յայտնել ձեզի եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներուն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի միաձայնութեամբ ընդունման համար, որ հզօր քայլ է`...

Ակնարկ.  Պաքուն Կը Շահարկէ ԵԱՀԿ-ի Ձեւակերպած «Այլ»-ը. Հայ Գաղթականներու Տունդարձի Իրաւունքը

Ակնարկ. Պաքուն Կը Շահարկէ ԵԱՀԿ-ի Ձեւակերպած «Այլ»-ը. Հայ Գաղթականներու Տունդարձի Իրաւունքը

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Պաքուի կողմէ Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքին բանակցութիւններու մէջ ներգրաւման մասին կատարուող բարձրաձայնումները հակադարձութիւն են պաշտօնական Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի հայկական կողմի առաջադրանքին: Գաղթականներու հարցը արծարծ պահելու Պաքուի քաղաքականութիւնը պատմական ունի: Անիկա ուղղուած չէ միայն միջազգային ընտանիքին` ուշադրութիւն գրաւելու, մարդասիրական զանազան ծրագիրներէ օգտուելու եւ միջազգային հանրային կարծիքին վրայ զգայուն ալիքներ հաղորդելու համար: Ուրեմն, ըստ ԵԱՀԿ-ի 1992 թուականի մարտ 24-ի Հելսինքիի...

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Գումարեց 2019 Նստաշրջանի Երկրորդ Նիստը

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Գումարեց 2019 Նստաշրջանի Երկրորդ Նիստը

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2019 նստաշրջանի Բ. նիստը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին: Առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքէն ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց առաջնորդը, որ շեշտեց, թէ այս փուլին բոլորիս սրբազան պարտականութիւնն է...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կողմ  Քուէարկած Է Թուրքիոյ Նկատմամբ  Պատժամիջոցներու Նախագիծին

Պատմական Քայլով Մը. Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի վերին պալատը` Ծերակոյտը, երէկ միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը` մերժելով Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ մեծցնելով Սպիտակ տան վրայ ճնշումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Որոշումը, որ կրկնօրինակն է 29 հոկտեմբերին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 405 թեր եւ 11 դէմ քուէներով որդեգրած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւին, կը մերժէ Թուրքիոյ կողմէ հայերուն, յոյներուն,...

Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց  Նախագահները Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն  Ունեցան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց Նախագահները Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգիսեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան վեհափառ հայրապետին հետ` մօտէն տեղեակ դառնալու ընդհանրապէս Լիբանանի ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն: Վեհափառ հայրապետը այս գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Հայաստանի ու Արցախի նախագահներուն: Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի հայութեան եւ խոստացան յառաջիկային դիմել գործնական քայլերու:  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ջերմօրէն Կ՛ողջունէ  Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Միացեալ  Նահանգներու Ծերակոյտին Կողմէ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ջերմօրէն Կ՛ողջունէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Կողմէ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, անմիջապէս որ իմացաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ջերմօրէն կ՛ողջունենք այս եզակի իրագործումը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մեր հաւաքական պայքարի ճանապարհին վրայ: Արդարեւ, այս գծով կարեւոր դեր ունեցան Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի մարմինները եւ յատկապէս Ուաշինկթընի մէջ գործող Հայ դատի գրասենեակը: Անցնող տարիներու ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ մենք այցելած ենք յիշեալ գրասենեակը,...

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ղեկավարութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ գիշեր Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միչ ՄքՔանըլին եւ դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըրին յղեց նամակ մը` իր գնահատանքը արտայայտելով Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Մարմինը նշեց, որ Ծերակոյտին առած պատմական քայլը կը յաջորդէ 29 հոկտեմբերին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւի որդեգրման, եւ այսպիսով Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Կոչ Ուղղեց  Լիբանանահայութեան` Հաւաքական Ճիգով Դիմակալելու  Լիբանանի Դիմագրաւած Ճգնաժամը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Կոչ Ուղղեց Լիբանանահայութեան` Հաւաքական Ճիգով Դիմակալելու Լիբանանի Դիմագրաւած Ճգնաժամը

«Ազդակ»-ի, «Վանայ Ձայն»-ի Եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի Միացեալ Հարցազրոյց Երէկ` հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ», «Վանայ Ձայն» եւ «Օ. Թի. Վի.» միացեալ հարցազրոյց մը կատարեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 130-ամեակին ընդառաջ` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ» խորագիրը կրող հարցազրոյցը վարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարզի պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեան: Զրոյցին առանցքները հանդիսացան միջինարեւելեան գաղութներուն...

Սահակ Եպս. Մաշալեան Ընտրուեցաւ  Պոլսոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարք

Սահակ Եպս. Մաշալեան Ընտրուեցաւ Պոլսոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարք

11 դեկտեմբեր 2019-ին Ազգային ներկայացուցչական ժողովը Պոլսոյ հայոց 85-րդ պատրիարք ընտրեց Սահակ եպս. Մաշալեանը: 8 դեկտեմբեր 2019-ին տեղի ունեցած պատուիրակներու ընտրութենէն ետք յստակացաւ Սահակ եպս. Մաշալեանի յաղթանակի հաւանականութիւնը: Սահակ եպս. Մաշալեանի օգտին քուէարկած են 102, իսկ Արամ արք. Աթէշեանի օգտին` 16 պատգամաւորներ, իսկ մէկ քուէ անվաւեր նկատուած է: Պոլսի Հայոց պատրիարքարանը նոր կազմով, նոր ծրագիրներով ու նախաձեռնութիւններով նոր համայնք պիտի...

Հայաստանի Դեսպանը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի  Եւ Լիբանանի Կեդրոնական  Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

Հայաստանի Դեսպանը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

11 դեկտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան  լիբանանահայութեան ընթացիկ իրավիճակին եւ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր:

Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանի Իշխանութիւնը  Երկրորդ Մակարդակ Կը Մղէ Ռազմաքաղաքական  Դաշինքի Պայմանագիրի Կնքումը»

Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանի Իշխանութիւնը Երկրորդ Մակարդակ Կը Մղէ Ռազմաքաղաքական Դաշինքի Պայմանագիրի Կնքումը»

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները` առնուազն Արցախի հարցին առնչուող, անհետեւողական են եւ հակասական: Ան յիշեցուց, որ վարչապետը անգամ մը կ՛ըսէ` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», իսկ այլ առիթով կը պնդէ Արցախը բանակցութիւններու սեղան վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին: «Հարց կը ծագի. եթէ Արցախը Հայաստանի մաս է, ապա բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կողմ  Քուէարկած Է Թուրքիոյ Նկատմամբ  Պատժամիջոցներու Նախագիծին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կողմ Քուէարկած Է Թուրքիոյ Նկատմամբ Պատժամիջոցներու Նախագիծին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 18 կողմ եւ 4 դէմ ձայներով ընդունած է Թուրքիոյ  նկատմամբ պատժամիջոցներու նախագիծը: Ծերակուտական Ռենտ Փոլ հանած է իր վեթոն: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Երկկուսակցական բանաձեւը ուղարկուած է Ծերակոյտի լիագումար նիստի օրակարգ:

Ակնարկ.  Բանակցային Սկզբունքներու Վերաբանաձեւում

Ակնարկ. Բանակցային Սկզբունքներու Վերաբանաձեւում

Արցախի հանրաքուէի եւ սահմանադրութեան օրուան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորագիրի բովանդակութիւնը ուշագրաւ է: «Շնորհաւորում եմ Արցախի Հանրապետութիւնում  նշուող եռատօնի` Արցախի անկախութեան հանրաքուէի, Սահմանադրութեան եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան միջազգային օրուայ առթիւ»: Եռատօն շրջագծելով հանրապետութեան նախագահը ընդհանուր յայտարարները ընդգծեց երեք կարեւորագոյն ամրագրումներու մէջ` արցախեանը համատեղելով միջազգայինին հետ: Հանրաքուէն ազգերու  ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման առարկայացումն է: Սահմանադրութիւնը` անոր իրաւականացումը: Մինչ մարդու իրաւունքները անվտանգ ապրելու...

Նախագահ Սարգսեանն Ու Նախարար Մնացականեանը Քննարկած Են Արտաքին Քաղաքականութեան Օրակարգային Հարցեր

Նախագահ Սարգսեանն Ու Նախարար Մնացականեանը Քննարկած Են Արտաքին Քաղաքականութեան Օրակարգային Հարցեր

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հերթական աշխատանքային հանդիպումը ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ: Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերուն:  

Ստեփանակերտի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴ 129-ամեակը

Ստեփանակերտի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴ 129-ամեակը

8 դեկտեմբերին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան»  կոմիտէութեան նախաձեռնութեամբ նշուեցաւ ՀՅԴ հիմնադրութեան 129-ամեակը: Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) յուշարձանին մօտ կազմակերպուեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին երեք հոգի միացաւ ՀՅԴ-ի շարքերուն: Այնուհետեւ կոմիտէութեան անդամներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ տօնական ձեռնարկ, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՀՅԴ-ի 129-ամեայ ուղիին, մատնանշուեցան առկայ մարտահրաւէրները, հնչեցին ազգային երգեր ու ներկայացուեցան պարեր:

Նախագահ Բակօ Սահակեան. «Ասիկա Բարդ Ու Անհարթ Ճամբայ Է, Որ Մեր Ժողովուրդը Կ՛անցնի Պատուով Ու Արժանապատուութեամբ»

Նախագահ Բակօ Սահակեան. «Ասիկա Բարդ Ու Անհարթ Ճամբայ Է, Որ Մեր Ժողովուրդը Կ՛անցնի Պատուով Ու Արժանապատուութեամբ»

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 10 դեկտեմբերին շնորհաւորական ուղերձ յղեց Լեռնային Ղարաբաղի պետական անկախութեան մասին հանրաքուէի եւ Սահմանադրութեան օրուան առիթով: «Թէ՛ 1991-ին եւ թէ՛ 2006-ին այս օրը մեր ժողովուրդը կատարեց պատմական ընտրութիւն` իր ձայնը տալով` յանուն ազատ ու անկախ Արցախի, յանուն ժողովրդավարական, իրաւական ու ընկերային պետութիւն կառուցելու անսասան որոշման: Մեր պետականաշինութեան ճամբուն վրայ կարեւոր քայլ էր երկրի հիմնական օրէնքին` Սահմանադրութեան ընդունումը,...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Այցելեց Այնճար

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Այցելեց Այնճար

Երէկ յետմիջօրէին աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան հասաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Այցելութեան առաջին օրը` երէկ երեկոյեան, ան այցելեց Այնճար եւ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» ակումբին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան ընկերներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ալպեր Պալապանեան եւ Արմէն Թաշճեան: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան...

Page 467 of 797 1 … 466 467 468 … 797

Արխիւներ