Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Համազեկուցողներուն Կոչը Հայաստանի Իշխանութիւններուն

February 7, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի հարցով համազեկուցողներ Անտրէյ Շիրցըլն (Սլովենիա) ու Կիմմօ Քիլիւնեն (Ֆինլանտա) յայտարարութիւն հրապարակեցին` կոչ ուղղելով Հայաստանի իշխանութիւններուն սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցով դիմելու Վենետիկի յանձնաժողովին` անոր կարծիքը ստանալու նպատակով:

«Հայաստանի խորհրդարանը որոշում տուած է 6 փետրուարին գումարել արտակարգ նիստ` քննարկելու շարք մը փոփոխութիւններ, որոնք պիտի վաւերացնեն Սահմանադրական դատարանին կողմէ Հայաստանի Սահմանադրութեան օրինագիծերու համապատասխանութիւնը ստուգելու պահանջը: Ատիկա պիտի փոխէ նաեւ ինքնին Սահմանադրութեան վերանայման ընթացակարգը: Սահմանադրական այդ փոփոխութիւնը, որ ըստ ամենայնի նպատակ ունի անյապաղ դադրեցնել Սահմանադրական դատարանի ներկայի քանի մը անդամներուն լիազօրութիւնները, նոյնպէս ներկայացուած են:

Այս երկու նիւթերը կարեւոր են, եւ առաջարկուող փոփոխութիւնը կրնար երկարաժամկէտ հետեւանքներ ունենալ սահմանադրական կառոյցներու գործունէութեան վրայ: Այս պարունակին մէջ, նաեւ հաշուի առնելով բարձրացուած քանի մը հարց, մենք կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն` կարելի եղածին չափ շուտ դիմելու Վենետիկի յանձնաժողովին` Եւրոպական խորհուրդի սահմանադրական իրաւունքի փորձագիտական մարմինի կարծիքը ստանալու համար: Մենք կը հաւատանք, որ այս կարծիքը, որ կրնայ շատ արագ ընդունուիլ հրատապ ընթացակարգով, արժէքաւոր պիտի ըլլայ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն, որոնց կարգին` հայ ընտրողներուն համար, եթէ պէտք է կայացուի հանրաքուէ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Աւելի ուշ համազեկուցողները դիտել տուին, որ, թէեւ փոփոխութիւններու թղթածրարը հանուած է Հայաստանի խորհրդարանի օրակարգէն, բայց եւ այնպէս «կը խրախուսենք Հայաստանի իշխանութիւնները` դիմելու Վենետիկի յանձնաժողովին, Սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ կարծիքի համար»:

 

 

Նախորդը

Մամետեարով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Արցախի Հարցը

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Պաքուի Հայերու Ջարդերու Մասին Խորհրդաժողով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.