Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասսան Տիապ. «Լիբանան Կարիքը Ունի Անմիջական Օժանդակութիւններու»

February 7, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան աշխատանքներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Տիապ շեշտեց, որ Լիբանան կ՛ակնկալէ, որ իրեն բարեկամ եւրոպական երկիրները իր կողքին կանգնին` հաստատելով, որ Լիբանան քաջ գիտէ իրեն եւ իր կայունութեան նկատմամբ եւրոպական երկիրներուն ցուցաբերած յանձնառութեան մասին, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ապակայունութիւնը կրնայ նաեւ իր հետեւանքները ունենալ Եւրոպայի վրայ:

Վարչապետ Տիապ ընդգծեց, որ տարբեր մակարդակներու վրայ Լիբանան կարիքը ունի անմիջական օժանդակութիւններու` հաստատելով, որ փտածութեան դէմ պայքարը այս կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն են:

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆ վարչապետ Տիապը շնորհաւորեց` կառավարութեան կազմութեան առիթով, ինչպէս նաեւ դրուատեց նոր նշանակուած նախարարները:

«Իրենց պաշտօնները տակաւին նոր ստանձնած նախարարներէն ոմանց հետ մեր հանդիպումները արդէն իսկ քաջալերական են, եւ անոնք լուրջ աշխատանք տանելու նախանձախնդիր են», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Տիապ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքային ծրագիրը վաւերացնելէ ետք պիտի ստանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէն, որմէ ետք իսկոյն աշխատանքի պիտի անցնի:

Ան նշեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը 17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային շարժումէն ետք կազմուած է եւ ան որդեգրած է այդ շարժումին պահանջները:

Տիապ շեշտեց, որ Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակը մտահոգիչ է` տարբեր ազդակներու պատճառով: Անոնք են` սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ ինքզինք պարտադրող անգործութիւնը:

Ան յաւելեալ գործակցութիւն մաղթեց` եւրոպական երկիրներու կառավարութիւններուն հետ` ընդգծելով, որ Լիբանան հզօր զօրակցութեան կարիք ունի` դուրս գալու համար իր դիմագրաւած տագնապէն:

 

Նախորդը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Կառավարութեան Վստահութեան Քուէ Շնորհելու Լիագումար Նիստերու

Յաջորդը

«Ժողովուրդը Իսկական Տառապանքի Մէջ Է, Եւ Անոր Կարիքները Հսկայական Են» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.