Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Գրադարանը Կը Ձեռնարկէ «Ազդակ»-ի Մատենագիտութեան Պատրաստութեան Աշխատանքին

Փետրուար 11, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1927 թուականէն «Ազդակ» օրաթերթի որոնման համակարգով թուայնացուած տարբերակը 10 փետրուարին յանձնուեցաւ Հայաստանի ազգային գրադարանին: Արխիւային տասը խտասկաւառակները Ազգային գրադարանի տնօրէն  Հրաչեայ Սարիբէկեանին յանձնեցին «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանը եւ յայտնի մատենագիր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի որդիներն ու Ազգային գրադարանին հետ այս համագործակցութեան նուիրատուներ` Տարօն եւ Զարեհ Տէր Խաչատուրեանները:

90-ամեայ թերթի թուայնացուած տարբերակը Ազգային գրադարանին յանձնելու գաղափարը ծնաւ նախորդ տարուան նոյեմբերին` հայ առաջին պարբերականի` «Ազդարար»-ի 225-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին ընթացքին:  Նախնական պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ նաեւ Ազգային գրադարանին կողմէ «Ազդակ» օրաթերթի մատենագիտութիւնը կազմելու վերաբերեալ:

Շահան Գանտահարեան այս առիթով յայտնեց, որ «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւն կազմելը միշտ ալ եղած է թերթին ծրագիրներուն կարգին, սակայն ցաւ ի սիրտ այսօր սփիւռքի մէջ  չկան մատենագիրներ, որոնք կրնան տանիլ այս աշխատանքը եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին  գործը իր լրումին հասցնել: Ըստ անոր, Ազգային գրադարանի նախաձեռնած գիտաժողովը  առիթ դարձաւ նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու եւ, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի ընտանիքին հետ խորհրդակցելով, անոնք որոշեցին այս նուիրատուութիւնը կատարել: 90-ամեայ ելեկտրոնային արխիւը պիտի յատկացուի  Հայաստանի ազգային գրադարանին` ակնկալելով, որ մատենագիտութիւն կազմելու բարդ, երկարամեայ աշխատանքը փայլուն կերպով կատարուի:  Գանտահարեան ուրախութիւն յայտնեց, որ գիտաժողովին ընթացքին կատարուած քննարկումները գործնական արդիւնք տուին, եւ անկէ պիտի շահի Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլը:

Տարօն Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ հայրը` Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, սկսած էր  կազմել «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւնը, բայց եւ այնպէս, կանուխ հեռանալով կեանքէն, չէ հասած ի կատար ածել երազը: «Այսօր մենք ուրախ ենք, որ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի հետ համաձայնութեան գոյացնելով կրցանք օրաթերթի  թուայնացուած խտասկաւառակները նուիրել Ազգային գրադարանին եւ վստահ ենք, որ այստեղ ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ սիրով պիտի կատարեն մատենագիտութիւնը կազմելու դժուար աշխատանքը: Քանի մը տարի ետք մենք պիտի ունենանք «Ազդակ»-ի լիարժէք մատենագիտութիւնը, որ մեծ լուսամուտ պիտի բանայ սփիւռքի մամուլին հետ», շեշտեց ան:

Ազգային գրադարանի տնօրէն Հրաչեայ Սարիբէկեան ըսաւ, որ «Ազդակ» օրաթերթի մատենագիտութիւնը կազմելու համար պիտի ստեղծուի աշխատանքային խումբ, նախատեսուած է աշխատանքները աւարտել մինչեւ թերթին 100-ամեակը:

«Շատ կարեւոր իրադարձութեան մը մեկնարկը ազդարարուեցաւ այսօր: Կը թուի, թէ մամուլը այսօր  տպագրուեցաւ,  գնաց պատմութեան գիրկը, բայց կարեւոր է այդ պատմութիւնը փրկելը, իւրաքանչիւր յօդուած հասանելի դարձնելը: Յատկապէս կարեւոր կը նկատեմ սփիւռքահայ մամուլի մատենագիտութիւններ կազմելը, քանի որ տարբեր գաղութներու մէջ լոյս տեսնող մամուլը խորհրդային տարիներուն լիովին դուրս մնացած է մեր ուշադրութենէն: Մենք կը գիտակցինք, որ չափազանց կարեւոր այս գործը նաեւ բարդ պիտի ըլլայ իրականացնել, քանի որ 1927 թուականէն լոյս տեսնող պարբերականի մասին է խօսքը, բայց վստահ եմ, որ Ազգային գրադարանի աշխատակիցները ամենայն պատասխանատուութեամբ պիտի մօտենան գործին  եւ «Ազդակ»-ի 100-ամեակին լիարժէք մատենագիտութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

«Արխիւային Փաստաթուղթերը Հանրութեան Մատչելի Դարձնելը Կարեւոր Է Դաշնակցութեան Պատմութիւնն Ու Կատարած Դերակատարութիւնը Առաւել Եւս Եւ Շօշափելիօրէն Հիմնաւորելու Առումով» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան

Յաջորդը

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?