Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Իր Վստահութեան Քուէն Շնորհեց Կառավարութեան

February 12, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան երէկ երեկոյեան խորհրդարանին մէջ պլոքին անունով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտնեց, որ այսօր աւելի քան երբեք Լիբանան կը գտնուի արտակարգ իրավիճակի մը մէջ, որ կ՛ենթադրէ բոլորին ճիգերուն մէկտեղումը, ինչպէս նաեւ բոլորին բազուկներուն միացումը, «որովհետեւ մեզի վստահուած է սուղ հայրենիք մը` ընտիր ժողովուրդով», ըսաւ ան` յիշեցնելով, որ իրենց առաքելութիւնն է ծառայել ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Յ. Թերզեան նշեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը ոչ թէ բանիւ, այլ գործով դիւրացուցած է կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ անիկա` երկրին մէջ տիրող այս արտակարգ պայմաններուն համար կարիք էր, «իսկ հայրենիքը նախարարութիւններէն եւ նախարարութիւններու տեսակէն շատ աւելի կարեւոր է: Իբրեւ հայկական երեսփոխանական պլոք մեր հոգին կսկիծ ապրող քաղաքացիին հետ է, որ փողոց իջած է կատարեալ անկեղծութեամբ իր իսկական ցաւը արտայայտելու, սակայն մեր միտքն ու սիրտը հայրենիքին հետ է եւ մտահոգ` անոր պետական հաստատութիւններով», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Թերզեան ընդգծեց, որ այսօր` որեւէ ժամանակէ աւելի, պէտք է տարակարծութիւնները մէկդի դնել, «բազմապատկել մեր աշխատանքները` կարենալ փրկելու համար հայրենիքը մեր օրէնսդրական աշխատանքով եւ վաւերացնելիք օրէնքներուն գործադրութեամբ, որպէսզի Լիբանանը վերադառնայ իր փառքի օրերուն», հաստատեց ան:

Յ. Թերզեան շեշտեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը ոչ միայն մարտահրաւէրները դիմակայելու կառավարութիւն պէտք է ըլլայ, այլ նաեւ վերածուի կառավարութեան մը, որ կը մերժէ անձնատուր ըլլալ: «Հիմնական եւ միակ նպատակը պէտք է ըլլայ հայրենիքի փրկութիւնը եւ իրաւատէր, տանջուող ու փտածութեան եւ աւազակութեան դէմ ընդվզած ժողովուրդին իրաւունքի վերահաստատումը», ընդգծեց ան:

Յ. Թերզեան հաստատեց, որ այս կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ փտածութեան եւ մսխումի դէմ պայքարի կառավարութիւն մը, որ մեր զաւակներուն համար ստեղծէ կենցաղի աւելի լաւ ու առողջ միջավայր մը: «Թող այս կառավարութիւնը ըլլայ աշխատանքի, զոհողութեան, որոշումներուն կառչածութեան, թափանցիկութեան, արդարութեան եւ համագործակցութեան կառավարութիւն մը, որ պիտի իրականացնէ ըմբոստ ժողովուրդին պահանջները: Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով վստահութեան քուէ կը շնորհեմ կառավարութեան, որպէսզի ան դիմակայէ մարտահրաւէրները եւ վերականգնէ ժողովուրդին վստահութիւնը` փրկելու համար Լիբանանը», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Սֆէյրի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Տիապի Կառավարութիւնը Ստացաւ Խորհրդարանի Վստահութիւնը . Յ. Բագրատունի. «Նորակազմ Կառավարութեան Պէտք Է Առիթ Տալ»

RelatedPosts

Սուրիական Բանակը Դէպի Ռաքքա Կը Յառաջանայ Զինադադարի Նոր Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիական Բանակը Դէպի Ռաքքա Կը Յառաջանայ Զինադադարի Նոր Համաձայնութիւն

January 19, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Իրենց Իրաւունքներուն Շուրջ  Նախագահական Հրամանագիրը «Սուրիացի Ժողովուրդի  Ձգտումները Չբաւարարող» Կը Նկատեն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Քիւրտերը Իրենց Իրաւունքներուն Շուրջ Նախագահական Հրամանագիրը «Սուրիացի Ժողովուրդի Ձգտումները Չբաւարարող» Կը Նկատեն

January 19, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութիւնը  Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.