Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Պաքուի Հայերու Ջարդերու Մասին Խորհրդաժողով

February 7, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Քոսթաս Մաւրիտես 5 փետրուարին հիւրընկալած է «Մոռցուած գաղթականները. ի՞նչ պատահեցաւ Պաքուի հայերուն հետ» խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը համատեղ կազմակերպած էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը եւ Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութիւնը:

Խորհրդաժողովի բանախօսներն էին Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի նախկին փոխնախագահ, իր մարդասիրական գործունէութեամբ յայտնի պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, ամերիկահայ գրող, իրաւաբան եւ իրաւապաշտպան Աննա Աստուածատուրեան- Թերքոթ եւ Պրիւքսելի բաց համալսարանի դասախօս, թարգմանիչ Դաւիթ Պապայեւ: Վերջին երկու բանախօսները վերապրած են Պաքուի հայերու ջարդերէն:

Խորհրդաժողովին ներկայ էին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ, երեսփոխաններու խորհրդականներ, ուսանողներ, քաղաքացիական հասարակութեան եւ Եւրոպական Միութեան մէջ շարք մը երկիրներու առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Պաքուի հայերու ջարդերէն վերապրած Պելճիքայի քաղաքացիներ:

Խորհրդաժողովի բացման իր խօսքին մէջ, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունած է ներկաները` մեծապէս կարեւոր նկատելով Պաքուի հայերու ջարդերուն նուիրուած խորհրդաժողովին կազմակերպումը եւրոպական ժողովրդավարութեան կեդրոնին մէջ:

«Եւրոպական խորհրդարանը 1990-ի իր բանաձեւերուն մէջ միանշանակօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի հայերու ջարդերը», յիշեցուցած է Կարապետեան:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Քոսթաս Մաւրիտես յայտարարած է, որ որոշած է հիւրընկալել խորհրդաժողովը նաեւ այն պատճառով, որ ինքն ալ կը կիսէ գաղթականներու ճակատագիրը. փոքր տարիքէն իր ընտանիքն ալ ստիպուած եղած է փախուստի դիմել` 1974 թուականին Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւման ժամանակ: Երեսփոխանը շեշտած է, որ յիշատակելը վրէժխնդրութիւն չի նշանակեր, բայց միեւնոյն ժամանակ մոռացութեան մատնելն ալ աններելի է, քանի որ անիկա նոր յանցագործութիւններու կը մղէ:

Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար դեսպան Թաթուլ Մարգարեան յիշեցուցած է, որ Ազրպէյճանի մէջ հայերու կոտորածները Եւրոպայի մէջ առաջին զանգուածային սպանութիւններն ու ցեղապաշտական զտումներն էին:

Իրենց վկայութիւններուն մէջ Աստուածատուրեան եւ Պապաեւ ներկայացուցած են ողբերգական օրերու իրենց յիշողութիւնները: «Մենք ամիսներով թաքնուած էինք մեր բնակարանին մէջ` յուսալով, որ հայերու դէմ բռնութիւնը պիտի դադրի: Բայց անիկա չդադրեցաւ: Մենք ամէն ինչ ձգեցինք ու փախուստի դիմեցինք: Ձեւով մը փրկուեցանք ու կենդանի մնացինք: Մեր դրացիներէն ու բարեկամներէն շատերը մեր նման բախտաւոր չեղան», նշած է Աստուածատուրեան: Պապայեւ, իր հերթին, շեշտած է, որ Սումկայիթի ու Պաքուի ջարդերուն համար պարարտ հող նախապատրաստուած  էր: «Այդ վայրագութիւնները` բռնութիւնը, ահաբեկումը, բռնաբարութիւնները, սպանութիւնները, մարդոց կենդանի այրելը, պէտք չէ անպատիժ մնան», ընդգծած է ան:

Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակուած է Պաքուի, Սումկայիթի եւ Արցախի մէջ, եւ անիկա պէտք է ճանչցուի` անպատժելիութեան վերջ դնելու համար:

Բանախօսները նաեւ նշած են, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները երկրին մէջ իբրեւ պետական քաղաքականութիւն կը շարունակեն համակարգուած կերպով հայատեացութիւն սերմանել եւ տարածել, որուն ականատեսները եղած են նաեւ Պաքուի ջարդերուն զոհերը: Եզրափակելով` բանախօսները շեշտած են Եւրոպական Միութեան կարեւոր դերը իբրեւ երկխօսութիւնը, խաղաղութիւնը եւ մարդու իրաւունքները խթանող կարեւոր «փափուկ ուժ»:

Բանախօսութիւններէն ետք տեղի ունեցած է հարց ու պատասխան, եւ խորհրդաժողովին մասնակիցները, ներառեալ` ազրպէյճանցիները, կարելիութիւն ունեցած են իրենց հարցերը ուղղելու բանախօսներուն:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Համազեկուցողներուն Կոչը Հայաստանի Իշխանութիւններուն

Յաջորդը

Սահմանադրական Դատարանի Անդամներուն Պաշտօնավարումը Դադրեցնելու Հարցը Պիտի Դրուի Հանրաքուէի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.