Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասսան Տիապ Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին

Փետրուար 13, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:

Հանդիպումէն ետք Տիապ յայտնեց, որ իր այցելութիւնը շատ բնական է:

«Ինծի համար միւֆթի Տըրիան սիրելի բարեկամ է, եւ իսլամական միասնականութեան ամրապնդումին առումով անոր կարողութեան ու իմաստութեան վրայ գրաւ կը դնեմ», ըսաւ ան:

Վարչապետ Տիապ նշեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ քննարկած է իսլամականութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին, յատկապէս ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներուն առնչուող մանրամասնութիւններ:

Տիապ նշեց, որ հանդիպումին համաձայնութիւն գոյացած է, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար փուլը կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել բոլոր նուիրեալներուն ջանքերով:

«Համաձայնեցանք նաեւ գործակցութիւնը շարունակել` ի խնդիր Լիբանանի շահերուն եւ ազգային միասնականութեան», ըսաւ ան:

Իր կարգին միւֆթի Տըրիան նշեց. «Հասսան Տիապի կառավարութիւնը ստացած է խորհրդարանի վստահութեան քուէն: Կը հաստատենք, որ Տիապ Լիբանանի վարչապետն է եւ յաջողութիւն կը մաղթենք անոր»:

Վարչապետը յետմիջօրէին ընդունեց Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրը, որուն հետ քննարկեց երկրին վերաբերող տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապն ու զայն լուծելու հեռանկարները:

Հարկ է նշել, որ Դրամատուներու միութիւնը երէկ շեշտեց, որ Լիբանան եուրոպոնտի բաժնետոմսերով պետական իր պարտքը պէտք է վճարէ մարտ ամսուան ընթացքին` հաստատելով, որ Լիբանանի կողմէ նիւթական պարտաւորութիւններուն նկատմամբ մշտական յանձնառութիւնը` եղած է մնայուն եւ անշեղ քաղաքականութիւն:

Նշենք, որ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, հաղորդեց, որ Լիբանան պաշտօնապէս պիտի դիմէ Միջազգային դրամական ֆոնտին, որմէ օժանդակութիւն պիտի խնդրէ երկրին պետական պարտքը վերադասաւորելու առումով, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ երկրին ելեւմտական տագնապը լուծել:

Լիբանանի Օժանդակող Երկիրներու Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան` Արագ Միջոցառումներ Որդեգրելու` Կասեցնելու Լիբանանի Տագնապի Խորացումը

Միւս կողմէ, Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խմբաւորումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց Տիապի կառավարութեան, որ արագ միջոցառումներ որդեգրէ կասեցնելու համար Լիբանանը հարուածող տագնապին խորացումը, ինչպէս նաեւ ընդառաջելու լիբանանցիներուն պահանջներուն:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ երկրին պետութեան հանդէպ լիբանանցիներուն եւ Միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային օժանդակութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խմբաւորումը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` առաջնահերթութիւնը ընծայելու բարեկարգումներու գործադրութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել երկրին եւ ժողովուրդին շահերը:

Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խմբաւորումը ընդգծեց Լիբանանին զօրակցելու եւ Լիբանանի տնտեսական կայունութիւնը վերահաստատելու իր պատրաստակամութիւնը:

Խմբաւորումը ընդգծեց, որ ինք պատրաստ է զօրակցելու փտածութեան եւ տուրքերէ խուսափումի դէմ պայքարելու   կառավարութեան ջանքերուն:

Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խմբաւորումը հաղորդագրութիւնը եզրափակեց Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կայունութեան, ապահովութեան, հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ քաղաքական անկախութեան զօրակցութիւն յայտնելով:

 

Նախորդը

Ուզայիի Ոստիկանատան Զինեալ Միջադէպին Ընթացքին Վիրաւորուած Աւագ Աժիւտան Զիատ Աթթար Նահատակուեցաւ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Գումարելիք Անդրանիկ Ընթացիկ Նիստին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?