Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական Դատարանի Անդամներուն Պաշտօնավարումը Դադրեցնելու Հարցը Պիտի Դրուի Հանրաքուէի

Փետրուար 7, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 6 փետրուար 2020-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովը որոշեց Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի եւ Սահմանադրական դատարանի անդամներուն պաշտօնավարումը դադրեցնելու հարցը դնել համաժողովրդական հանրաքուէի: Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը ընդունուեցաւ 88 թեր եւ 15 դէմ քուէներով:

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ իրենք պիտի չմասնակցին քուէարկութեան: «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ թեր պիտի քուէարկէ նախագիծին:

Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան յայտարարեց, որ եթէ կը քննարկենք իրաւունքի հարց, ապա իրապէս իրաւունքի դաշտէն դուրս ենք: Եթէ քաղաքական հարց կը քննարկենք, ապա քաղաքական մեծ սխալի ճամբուն վրայ ենք:

«Եթէ որոշ մարդոց հարց կը քննարկենք, ապա ափսոս ենք, որ կը քննարկենք որոշ մարդոց խնդիր լուծելու հարց: Պարզ է, որ ամէնէն դիւրինը ՀՀԿ-ն յիշելն է, անոնց հասցէին ամէն ինչ ըսելն է, ատիկա բոլորս գիտենք: Անցած է 2 տարի, եւ ակնկալիքները այսօրուաններէն են: Պարզ է, որ դժուար է մեզի`  անոնց, որոնք համաձայն չեն, փորձել դիտարկել իբրեւ Հրայր Թովմասեանի պաշտպան կամ նախկիններու պաշտպան: Երբ ես այս շէնքին մէջ 7 տարի կռիւ կը մղէի Հրայր Թովմասեանին դէմ, այսօրուան շատ յեղափոխականներ Հրայր Թովմասեանի առաջնորդներու, պետերու աշխատակիցներն էին:

Մենք մեծ սխալ քայլ կը կատարենք: Ի սկզբանէ, ժամը 13:00-էն նիստը սկսելու փաստէն սկսեալ հակասահմանադրական է: Սահմանադրութեան այս փոփոխութիւնը ինքնին հակասահմանադրական է: Կը կատարուի նման սխալ քայլ` քաղաքական խնդիր լուծելու համար, ընդ որում, քաղաքական խնդիրը իշխանութեան քաղաքական խնդիրն է, ժողովուրդի քաղաքական խնդիրը չէ:

Այն դատաւորները, որոնք այստեղ նստածներուն բանտարկած են, անոնք կը շարունակեն պաշտօնավարել, եւ անոնց հետ բոլորդ համերաշխ էք: Հարց տուի` Հայաստանի քաղաքացիներէն քանի՞ մարդ գացած եւ զարնուած է Սահմանադրական դատարանի պատին, պատասխանը` զերօ, այս Սահմանադրական դատարանը քանի՞ բարեփոխում տապալած է, պատասխանը` զերօ: Այսինքն` ի՞նչ եղած է, գրիչի պատմութի՞ւնն է, ինչո՞ւ խառնուած է:

Լաւ, կ՛ուզէք այդ մէկ յօդուածով 7 դատաւորի լիազօրութիւն դադրեցնել, յետոյ այս դատաւորները պիտի մտնեն առաջին ատեանի դատարան, պիտի հիմնաւորեն, որ իրենց նկատմամբ ապօրինութիւն տեղի ունեցած է: Այդ 1 միլիառ դրամը, որ նախատեսած էիք, պիտի տաք իրենց: Բայց ժողովուրդը ինչո՞ւ կը տանիք տեղամասեր, այստեղ ըրէք, վերջացուցէք: Հայաստանի տնտեսութիւնը կարի՞ք ունի մինչեւ մայիս ամիսը քարոզարշաւի մէջ մտնելու: Մենք մէկ տարի առաջ քարոզարշաւէ դուրս եկած ենք: Սփիւռքը, Հայաստանի ներդրողները ջիղեր ու տրամադրութիւն ունի՞ն ընտրական գործընթաց նայելու: Հապա կ՛ըսէք` լրատուամիջոցները ամբողջութեամբ սեւերուն մօտ է, հապա սեւերու լրատուամիջոցը ամէն օր քարոզարշաւի մէջ պիտի ըլլայ: Ինչո՞ւ կ՛օգնէք Սերժ Սարգսեանին, այս ի՞նչ դաւադրութիւն է, այս ի՞նչ կ՛ընէք: Հանրաքուէի քարոզարշաւը պիտի տեւէ 60 օր, պետութիւնը 60 օր քարոզարշաւի մէջ պիտի մտցնէք, որ ի՞նչ ընէք: Գիտէք, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընտրութիւններ կը սպասուին, գիտէք, որ ընտրութիւններու նոյն մակարդակի գործընթացի մէջ պիտի մտցնէք հիմա ալ Հայաստանը: Հրայր Թովմասեանի՞ն համար, կ՛արժէ՞ Հրայր Թովմասեանի համար այսքան բան արժեզրկել եւ զոհաբերել… Գործող իշխանութիւնը ունի բացարձակ իշխանութիւն, անսահմանափակ, չհաւասարակշռուած, որեւէ բանով չկաշկանդուած, եւ կ՛ուզէք մեզի  համոզել, որ Հրայր Թովմասեա՞նն էր ձեզ խանգարողը: Ըսեմ, որ Հրայր Թովմասեանին ալ անիմաստ հերոս կը դարձնէք»:

Միւս կողմէ, «Արմէնփրես»-ի լրագրողին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան յայտնեց, որ խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծին:

«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ Հանրաքուէի մասին որոշման նախագիծին: Եւ իր ապագայ գործողութիւնները պիտի  քննարկէ տարածքային ստորաբաժանումներու հետ եւ այնպէս, ինչպէս որոշեն Հայաստանի ոչ պակաս հպարտ քաղաքացիները, որոնք համաձայն չեն ինչ որ քայլերու հետ, այդպէս ալ կուսակցութիւնը պիտի վարուի», յայտնեց Մարուքեան ու շեշտեց` ոչ ոք կրնայ անէծքներով զիրենք շանթաժի ենթարկել:

Մինչ այդ, նոյն օրը առաւօտեան գումարուած Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին առաջին ընթերցումով չընդունուեցաւ Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը:

«Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան յայտարարեց, որ իրենց խմբակցութիւնը ձեռնպահ պիտի քուէարկէ նախագիծին, որպէսզի պաշտօնավարման դադրեցման հարցը որոշուի հանրաքուէի միջոցով: Այսպիսով, Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը չընդունուեցաւ 87 ձեռնպահ եւ 36 դէմ ձայներով:

«Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց ու խմբակցութեան անդամ Վահագն Յովակիմեան յայտարարեցին, որ իրենց խմբակցութիւնը կ՛ուզէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հարցը դնել համաժողովրդական հանրաքուէի:

Նախագիծին մէջ նշուեցաւ. «Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծով կ՛առաջարկուի  5 յուլիս 1995-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան` 6 դեկտեմբեր 2015-ի փոփոխութիւններով, 213-րդ յօդուածը շարադրել նոր խմբագրութեամբ. «Մինչեւ Սահմանադրութեան 7-րդ գլուխի ուժի մէջ մտնելը նշանակուած Սահմանադրական դատարանի նախագահին եւ անդամներուն պաշտօնավարումը կը դադրի: Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու թափուր տեղերուն համար առաջադրումները կը կատարեն յաջորդաբար կառավարութիւնը, հանրապետութեան նախագահը եւ դատաւորներու ընդհանուր ժողովը: Սոյն յօդուածի Ա. մասի հիման վրայ մինչեւ Սահմանադրութեան 7-րդ գլուխի ուժի մէջ մտնելը նշանակուած Սահմանադրական դատարանի նախագահի եւ անդամներու լիազօրութիւնները կը նկատուին դադրած, իսկ յառաջացած թափուր տեղերը համալրելու ժամկէտները եւ այլ մանրամասնութիւններ կը սահմանուին Սահմանադրական դատարանի մասին օրէնքով նախատեսուած կարգով: Նշուած կարգը նախատեսող սահմանադրական օրէնքի փոփոխութիւնները կ՛ընդունուին եւ ուժի մէջ կը մտնեն սոյն յօդուածի ուժի մէջ մտնելէն ետք` երկամսեայ ժամկէտով»:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Պաքուի Հայերու Ջարդերու Մասին Խորհրդաժողով

Յաջորդը

Լաւրով 7 Փետրուարին Պիտի Այցելէ Վենեզուելա

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?