Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեր Ժողովուրդը Շատ Լաւ Կը Հասկնայ Եւ Կը Գիտակցի Դաշնակցութեան Արժէքը, Տեղը Եւ Դերը»

Փետրուար 8, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն»  խմբակցութեան պատգամաւոր եւ Արցախի նախագահական թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք մտահոգութիւններ կա՞ն այն գծով, որ աւելի քան տարի մըն է նախագահական տարբեր թեկնածուներ հանդիպումներ կ՛ունենան առանց պաշտօնական քարոզարշաւի մեկնարկի, ըսաւ. «Կուսակցական շինարարութիւն, ծրագիրի հիմնադրոյթներու ներկայացում եւ այլն, այդ ամէնը կատարուած է քարոզարշաւի քողին տակ, որ մենք բնութագրած ենք իբրեւ նախընտրական կանուխ քարոզարշաւ եւ որոշակի մտահոգութիւն  յայտնած ենք»:

Ըստ անոր, այդ մտահոգութիւններուն կարգին հիմնականօրէն պէտք է շեշտադրենք քաղաքական դաշտի տրոհումը եւ հասարակութեան մէջ բեւեռացման յառաջացումը: Նկատելի է որոշակի բեւեռացում` տարբեր քաղաքական տեսակէտներ ունեցող շրջանակներուն մէջ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ լուրջ հակադրութիւններու:

Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ մամուլին մէջ պարբերաբար շրջանառութեան մէջ կը դրուին լուրեր, որոնց համաձայն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ունի իր նախընտրելի թեկնածուն, որ Արայիկ Յարութիւնեանն է` Դ. Իշխանեան նշեց. «Այստեղ որոշակի կեղծ քայլեր ձեռնարկուած են, որոնց արդիւնքով հասարակութեան եւ մեր ընտրողներու ենթագիտակցութեան մէջ կը փորձեն արմատաւորել այդ փաստը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ունին իրենց նախընտրած թեկնածուն», ընդգծեց ան:

Դ. Իշխանեանի համաձայն, հոս խնդիրը այս կամ այն անձը չէ, այլ այն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է, բնականաբար, Արցախի իշխանութիւններուն հետ ունենան բնականոն գործունէութիւն եւ յատուկ վերաբերմունք չցուցաբերեն այս կամ այն թեկնածուին նկատմամբ, բոլորն ալ պէտք է ընդունելի ըլլան Հայաստանի համար, եւ ընտրուած նախագահը պարտաւոր է սահուն գործունէութիւն ապահովել Հայաստանի հետ:

«Թերթ»-ին լրագրողը հարցուց, թէ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահի թեկնածուներուն հետ հանդիպման մտահոգիչ որեւէ յայտարարութիւն կատարուա՞ծ է. Իշխանեան մտահոգիչ նկատեց Փաշինեանի այն արտայայտութիւնը, որ` «եթէ Արցախի մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքը եւ նախընտրական գործընթացները չընթանան Հայաստանի մէջ  տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներուն համահունչ, ես ստիպուած պիտի ըլլամ ուղղակի կոչով դիմելու Արցախի ժողովուրդին»: Դաւիթ Իշխանեան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կայ ասոր տակ: «Ես ունիմ որոշակի մտահոգութիւններ, ատիկա ուղղակի միջամտութիւն է: Սակայն անոր կարիքը պիտի չըլլայ` հաշուի առնելով Արցախի մէջ ձեւաւորուած ընտրական համակարգը եւ մեր ընտրութիւններու ընդհանուր պատմութիւնը անցեալ 20-25 տարիներու ժամանակահատուածին մէջ», շեշտեց Իշխանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք վարչապետին` Դաշնակցութիւնը հեռացող գնացքին հետ համեմատութիւնը կրնա՞յ ազդել Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցին վրայ` ան ըսաւ. «Հայաստանի վարչապետին կողմէ այդ անհիմն եւ ոչ իրական թեզերով քննադատութիւնը Դաշնակցութեան հասցէին միմիայն կրնայ իր հեղինակութիւնը արժեզրկել եւ ոչ թէ Դաշնակցութեան: Կը կարծեմ` մեր ժողովուրդը շատ լաւ կը հասկնայ եւ կը գիտակցի Դաշնակցութեան արժէքը, տեղը եւ դերը: Արցախի մէջ այս 25 տարիներուն ընթացքին մենք կրցած ենք մեր ժողովուրդին Դաշնակցութեան սկզբունքները եւ անոր  դերակատարութիւնը, առաքելութիւնը ճիշդ ներկայացնել ու մատուցել»:

Նախորդը

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Եւրոպական Միութեան Դեսպաններուն Ներկայացուց Հայաստանի Բարեփոխումներու Գործընթացը

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?