5 Ապրիլին Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Հանրաքուէն
Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ 6 փետրուար 2020-ին Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին որոշման ընդունումէն եւ 7 փետրուարին Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ զայն Հանրապետութեան նախագահին ներկայացնելէ ետք, ըստ սահմանադրութեան, Հանրապետութեան նախագահին գործառոյթները կը սահմանափակուին միայն հանրաքուէի օրը ճշդելով: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ 9 փետրուարին Հանրապետութեան նախագահը, ղեկավարուելով Սահմանադրութեան 206-րդ յօդուածով, ստորագրած է հրամանագիր Սահմանադրութեան...




















