Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Արցախի Ժողովուրդը Խորապէս Կը Գիտակցի Իր Պատասխանատուութեան Երկրի Ապագային Նկատմամբ»

Ապրիլ 2, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը «Ապառաժ»-ին խնդրանքով մեկնաբանած է 31 մարտին տեղի ունեցած Արցախի Հանրապետութեան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները.

«Մենք գիտենք, թէ ինչպիսի բարդ ժամանակաշրջանի մէջ տեղի ունեցան ընտրութիւնները: Ոչ միայն «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած առողջապահական հարցերը, այլ նաեւ ներքին լարուած նախընտրական մթնոլորտը դժուարութիւններ յառաջացուցած էին բնականոն կարգով ընտրութիւնները կազմակերպելու համար:

«Սակայն ընտրողներու աննախադէպ մասնակցութիւնը ցոյց տուաւ, որ Արցախի ժողովուրդը խորապէս կը գիտակցի իր պատասխանատուութեան երկրի ապագային նկատմամբ: Անցած 30 տարիներուն մենք պարբերաբար յղկած ենք մեր ընտրական համակարգը` միշտ հիմք ունենալով ժողովրդավարական սկզբունքներու  արմատաւորումը եւ հանրային վստահութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:

«Այնուհանդերձ, 31 մարտին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով ի յայտ եկան շարք մը բացթողումներ, որոնց մասին մենք ահազանգեցինք Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին եւ պատկան մարմիններուն: Այդպիսի երեւոյթները չեն կրնար լուրջ ստուեր ձգել ընտրութիւններուն վրայ, սակայն համոզուած ենք, որ աւելի մեծ հանրային վստահութիւն ունենալու համար պատկան մարմինները լուրջ հետեւութիւն պիտի կատարեն եւ երկրորդ փուլին տեղի ունենալիք  նախագահական ընտրութիւններուն պիտի բացառեն նման երեւոյթներ:

«Ընտրութիւններուն ընթացքը եւ ստեղծած քաղաքական իրավիճակը անգամ մը եւս հաստատեցին Դաշնակցութեան հնչեցուցած այն քաղաքական պահանջը, որ կը վերաբերի Սահմանադրական փոփոխութիւններուն: Համոզուած ենք, որ յառաջիկային քաղաքական ուժերու հետ համապատասխան խորհրդակցութիւններու իբրեւ արդիւնք  Սահմանադրական բարեփոխումներու համար միջոցներու պիտի ձեռնարկուին եւ անոր զուգահեռ նաեւ պիտի կատարելագործուի ամիսներ առաջ ընդունուած Ընտրական օրէնսգիրքը»:

Աւելի ուշ, Դաւիթ Իշխանեան Դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց քուէն տուին Դաշնակցութեան եւ իրեն:

 

 

 

Նախորդը

«Արցախի Ջանքերը Պէտք Է Ստանան Միջազգային Հանրութեան Աջակցութիւնը». Արցախի ԱԳՆ

Յաջորդը

Տոմս. Ապրիլ Մէկի Կատակ Չկարծէ՜ք…

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?