Երէկ` երկուշաբթի, 30 մարտ 2020-ին Ազրպէյճանը հետախուզական-ներթափանցման փորձ կատարած է Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեան շրջանի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Թշնամին ետ շպրտուած է, սակայն միաժամանակ թիրախաւորուած են Բաղանիս եւ Ոսկեւան գիւղերը. վիրաւորուած է Ոսկեվան համայնքի բնակիչ երեխայ մը, որ այդ պահուն պատշգամը կը գտնուէր: Այս լուրը հաղորդեց պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:
Ըստ Ստեփանեանի` հայկական կողմը կորուստներ չունի, թեթեւօրէն վիրաւորուած են երկու զինուորներ:
Ստեփանեան դիտել տուած է, որ սահմանագօտիին մէջ իրավիճակը կայունացնելու եւ ազրպէյճանական զինուած ուժերու, որոնց կարգին սահմանապահ ուժերու ձեռնարկած անպատկառ գործողութիւնները սաստելու նպատակով Հայաստանի զինուած ուժերը պիտի դիմեն իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու, որպէսզի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրէ Ազրպէյճանի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութիւնը: