«Առաւօտ»-ը կը գրէ.- «Արցախի նախագահի թեկնածուներու բանավէճին ընթացքին Դաւիթ Իշխանեան հարցում ուղղեց Վիտալի Բալասանեանին: Իշխանեան ըսաւ, որ Բալասանեանը քաջածանօթ է երկրի անվտանգային համակարգին եւ ինք կը գնահատէ անոր անցած ճամբան, ապա հարցուց, թէ ի՞նչ կարծիք ունի Դաշնակցութեան մասին, ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ այդ կուսակցութիւնը Արցախի անվտանգային համակարգը հզօրացնելու, կայունութիւնը ապահովելու, Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացը ապահովելու առումով: Վիտալի Բալասանեան ըսաւ, որ 90-ականներու սկիզբը, առաջին զէնք զինամթերքը ստացած են Լիբանանէն` Դաշնակցութեան միջոցով. «Մենք բաւական երկար ճամբան անցած ենք Դաշնակցութեան հետ:
«Պաշտպանութեան բանակի կազմաւորումը` 1991-1994-էն մինչեւ 2005, 2005-ին մենք միասին մասնակցած ենք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, նոյնը` 2010-ին, եղած ենք մէկ խմբակցութեան պատգամաւորներ: Այսօր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իբրեւ քաղաքական ուժ, խմբակցութիւն ներկայացուած չէ կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի մէջ, մինչդեռ Դաշնակցութիւնը մինչեւ այսօր սփիւռք, Հայաստան, Արցախ մեր կապն է, այսօր ալ աւելի քան կարեւոր է, որ Դաշնակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ունենայ իր տեղը, դերը եւ նշանակութիւնը, իբրեւ ազգային կուսակցութիւն: Համոզուած եմ, որ ձեր մեծ լուման պիտի ներդնէք մեր երկրի անվտանգութեան եւ պետականութեան ամրապնդման գործին մէջ», նշեց Բալասանեան:
Իշխանեանը Արայիկ Յարութիւնեանին ըսաւ, որ, ըլլալով պետական նախարար, ան եւս քաջածանօթ է սփիւռքի ներուժին, Դաշնակցութեան հրաւէրներով յաճախ այցելած է արտասահման: Ան խնդրեց, որ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ կարծիք յայտնէ Դաշնակցութեան մասին:
«Շարք մը հանդիպումներ ունեցած եմ, ընդհուպ մասնակցած Դաշնակցութեան մեծ խորհրդաժողովներուն, կարելիութիւնս միշտ օգտագործած եմ շնորհակալութիւնս յայտնելու` սկսած 1988-ին զէնքի մատակարարումէն: Ընդհանուր առմամբ Դաշնակցութեան դերը հայապահպանման գործին մէջ, վերջին գոնէ 120 տարիներուն, գնահատելի է: Ըլլալով սփիւռքի մէջ` ոչ միայն տեսած եմ Դաշնակցութեան կատարած աշխատանքը, այլ նաեւ գոհունակութիւն յայտնած, թէ ինչքան հայրենասէր եւ զարգացած սերունդ կը դաստիարակեն», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեան: Ըստ անոր, ինչ ալ ըլլայ քաղաքական ընթացքը, Դաշնակցութեան դերը մեծ պիտի ըլլայ: «Ոեւէ ընտրուած ղեկավար սիրով պիտի համագործակցի Դաշնակցութեան հետ», ընդգծեց Արայիկ Յարութիւնեանը: