Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա»-ի Ճգնաժամային Շտապը Կ՛օժանդակէ Բոլոր Կարիքաւորներուն» Շեշտեց Աւետիս Կիտանեան

April 2, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի պատասխանատու, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Էլ.Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այսօրուան դրութեամբ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ ընդհանուր զօրաշարժը 85-90 առ հարիւրով կը յարգուի:

«Այս ընթացքին, իբրեւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապ, կը փորձենք մեղմացնել ժողովուրդին բեռը` հասնելով իրենց», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ դժբախտաբար ժողովուրդին հսկայական կարիքներուն դիմաց մեր կարողութիւնները սահմանափակ են:

Ան հաստատեց, որ շտապը կազմուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւիրած ընդարձակ նիստով եւ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ, «սակայն ան կը գործակցի հայկական երեք կուսակցութիւններուն ու հայկական երեք յարանուանութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ իր կարելիութիւնները ի սպաս դրած է անոնց: Համաճարակի այս օրերուն պէտք է իրարու հետ գործակցելով աշխատիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյն թիւով կարիքաւոր ընտանիքներու հասնիլ եւ զանոնք «Քորոնա»-ի վարակէն պաշտպանել` հականեխումի բոլոր նիւթերը ապահովելով, ինչպէս նաեւ սննդեղէն հայթայթելով: Կարեւորը ողջ մնալն է», շեշտեց ան:

Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը կ՛աշխատի երկու ուղղութեամբ. նախ` ժողովուրդին մօտ նախազգուշութիւն յառաջացնել` տունը մնալու եւ բնակարանային մեկուսացումը գործադրելու, ինչպէս նաեւ կապուելու թէժ գիծին, որ կը գործէ շուրջօրեայ դրութեամբ եւ հաստատուեցաւ Շտապին կողմէ` ուղղակի բժիշկներէ պատասխաններ ստանալու համար:

Ան յայտնեց, որ վարակուած ոեւէ պարագայ, որ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին դիմէ, անոր միջոցաւ կ՛ապահովուի Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց անոր փոխադրութիւնը` Լիբանանեան Կարմիր Խաչին ճամբով, ինչպէս նաեւ կը կատարուին համապատասխան բժշկական քննութիւնները եւ վարակուած պարագան կ՛ենթարկուի համապատասխան բուժման:

«Դժբախտաբար մենք ունեցանք հայ պարագայ մը` Պետիկ Օղկասեանի պարագան, որ հիւանդանոց փոխադրուելէ երկու օր ետք մահացաւ: Նկատի ունենալով, որ ան բնակարանային մեկուսացման ընթացքի մէջ էր, շտապը ստանձնեց անոր բնակարանը հականեխելու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտանիքը ենթարկեց բժշկական քննութեան, եւ ի յայտ եկաւ, որ անոր կինն ու զաւակներէն մէկը եւս վարակուած են: Անոնք պէտք եղած բուժման ենթարկուեցան եւ կը գտնուին բնակարանային մեկուսացման շրջանին մէջ», ըսաւ Ա. Կիտանեան` բարձր գնահատելով Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին ի գործ դրած ջանքերն ու տարած բծախնդիր աշխատանքը:

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի աշխատանքներուն մասին խօսելով` Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ անիկա կարիքաւոր ընտանիքներուն արդէն իսկ բաժնած է հականեխիչ դեղերու 3000 ծրար, ինչպէս նաեւ սկսած է պատրաստել նոյն տիպի 1500 այլ ծրարներ:

«Մենք գիտենք, որ այս աշխատանքը անբաւարար է, որովհետեւ կարիքաւորները աւելի մեծ թիւով են: Մենք գիտենք ժողովուրդին հասնելու ձեւը, սակայն կ՛ուզենք նաեւ խնդրել բոլորէն, որ դիմեն մեզի եւ հաստատ անպատասխան պիտի չմնան», ըսաւ Ա. Կիտանեան:

Ան շեշտեց, որ Շտապը պիտի տրամադրէ նաեւ կտրօններ, որպէսզի կարիքաւոր ընտանիքները ուղղուին սննդամթերքի վաճառատուները եւ իրենց ուտելիքը ապահովեն: «Յստակ թիւեր, ժամեր եւ օրեր ճշդուած են այդ կտրօնները, որպէսզի խճողում չստեղծուի: Աւելի ուշ Շտապը նաեւ դեղերու օրակարգով պիտի զբաղի», յայտնեց Կիտանեան` ընդգծելով, որ այս բոլոր աշխատանքները կը կատարուին նուիրատուութիւններով:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ գործող երեք դարմանատուները բաց են մինչեւ կէսօր եւ կը հոգան ժողովուրդին բժշկական կարիքները: Անդրադարձաւ նաեւ ԼՕԽ-ի կողմէ շաբաթական դրութեամբ երկու անգամ ճաշ մատուցելու ծրագիրին, որմէ հարիւրաւոր տարեցներ կ՛օգտուէին` ներկայանալով ԼՕԽ եւ հոն ճաշելով: «Սակայն հիմա այդ ծրագիրը իր ձեւը փոխած է կանխարգիլելու համար համախմբումը: Այդ ձեւին փոխարէն, մեր տղաքը եփած ճաշը կը հասցնեն անոնց բնակարանները: Ժողովուրդը անօթի է, իսկ ոմանք զբաղած են երկրորդական հարցերով, որոնք են նշանակումները», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ քաղաքացիներուն համար գործող կուսակցութիւններուն եւ միութիւններուն ու լիբանանեան պետութեան միջեւ գործակցութիւնը մեզի պիտի օժանդակէ հակակշիռի տակ պահելու կացութիւնը եւ հասնելու բոլորին:

Ան նշեց, որ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը այցելած է առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէի եւ գործակցութեան կապերը հաստատած է:

Այս շրջագիծին մէջ ան մաղթեց, որ ընկերային հարցերու նախարարութեան կողմէ ամէնէն աւելի կարիքաւոր ընտանիքներուն համար ճշդուած 400 հազար լ. ոսկիի գումարները անյապաղ վճարուին անոնց:

Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչի նշանակման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կառչած կը մնայ, որ Կեդրոնական դրամատան հայ փոխկառավարիչը ըլլայ հայ առաքելական համայնքէն` հաստատելով, որ Կեդրոնական կոմիտէն կառավարութեան ներկայացուցած է չորս թեկնածուներու անուններ, որոնցմէ ամէնէն ատակն ու կարողութիւններ ունեցողը կարելի է ընտրել:

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը

Յաջորդը

Առողջապահութեան Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ` Կարգապահութեամբ Վարուելու «Քորոնա» Վարակին Հետ` Ընդգծելով, Որ Լիբանան Տակաւին Կը Գտնուի Վտանգի Օղակին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.