Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը Եւ Համայնքային Ցանցային Կառոյցը

Մարտ 31, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպուածութեան աստիճանաչափի նոր գրանցում կատարեց լիբանանահայութիւնը, երբ աշխարհը հարուածած «Քորոնա» ժահրի բռնկման սկզբնական փուլին իսկ անյապաղ  յառաջացուց Ճգնաժամային շտապը` գործադաշտին ներառելով յարանուանութիւնները, կուսակցութիւնները, միութիւնները: Նպատակը` հասնիլ ժողովուրդի կարիքներուն:

Ներգրաւուածութիւնը համընդգրկուն է: Հասանելիութիւնը` բոլորին: Աշխատանքի լծուած են բոլորը` բժիշկը, մասնագէտը, դեղագործը, երիտասարդ կամաւորը, քաղաքական գործիչը, դարմանատուները: Կը գործէ համակարգը, ցանցը: Ճգնաժամային ցանցը:

Լիբանանահայութեան այս օրինակը վարակի տարածման արագութեամբ կը տարածուի հայկական աշխարհին մէջ, եւ տարբեր համայնքներ կը կազմեն շտապներ, կը յայտարարեն կեդրոններ, կը ճշդեն թէժ գիծեր: Կարեւորը այն է, որ հայը, ո՛ւր ալ գտնուի ան, այս հարուած ստացած երկրագունդին վրայ նման ճգնաժամային պայմաններուն մէջ ունի հասցէ: Հայկակա՛ն հասցէ: Շուրջօրեայ բանող հասցէ, որ կը կատարէ խորհրդատուութիւն,կը հասնի բժշկական օգնութեան, կը հասցնէ դեղորայք, ի պահանջել հարկին` սնունդ:

Մինչեւ այս ժահրին հասցուցած հարուածը, կար համոզիչ ընկալում, որ նման հայկական ցանցեր անվտանգութեան թէ ընդհանրապէս ճգնաժամային պահերուն, պետական ծառայութիւններու բացակայութեան կամ ոչ լիարժէք աշխատելու իբրեւ արդիւնք անհրաժեշտութիւն էին ու հրամայական:

«Քորոնա» ժահրը շրջեց այս կարծրատիպը: Ի յայտ եկաւ, որ քաղաքացիական ծառայութիւններու հարուստ կենսափորձ ունեցող եւ բեւեռային հանգամանքի հռչակ վաստակած պետութիւններն անգամ պատրաստ չէին նման իրավիճակներ յաղթահարելու եւ արագօրէն համապատասխան լուծում տալու զանգուածային կարիքներուն կամ դիմումներուն: Հրամայական էր համայնքային կազմակերպուածութեան արագ անցումը:

Այստեղ առաւելութիւն ունին այն հաւաքականութիւնները, որոնք ճգնաժամային պայմաններու մէջ գործելու փորձ կուտակած են: Ահա այստե՛ղ է պատմական հիմնաւորում ամբարած լիբանանահայութեան առաւելութիւնը:

Համաշխարհային ցանցային դրուածքը տեղի կու տայ համայնքային ցանցային դրութեան: Երբ նահանգներ իրարմէ կը հեռանան, երբ միջպետական տնտեսա-քաղաքական միաւորներ գործնապէս կը տարանջատուին, երբ նոյն երկրին քաղաքները իրարմէ հեռաւորութիւն կը պահեն ակամայ` համայնքի սահմանները կ՛ամրանան, եւ աշխատանքները կը կեդրոնանան ներհամայնքային հարթութիւններու վրայ:

Տեղայնացման եւ քաղաքային ու համայնքային առումով ներհայեցողական միտումներ կրնան յատկանշել  յետքորոնական ժամանակահատուածը: Աւելի երկարատեւութեան պարագային` ամբողջ աշխարհակարգը:

Գաղափարախօսական առումով սահմաններ փակելու, ինքնակազմակերպուելու առաջադրանքներով կրնայ ենթադրուիլ, որ հող շահին ազգայնական  գաղափարներու պաշտպանները: Մինչ`  շրջուին բաց հասարակութիւններու պաշտպան շարժումներու առաջադրած կէտերը: Այս բոլորին մէջ սեփական հարստութիւններու հիման վրայ տնտեսութիւն զարգացնելը` իբրեւ գերակայ ուղղութիւն, կրնայ կտրուկ նուազեցնել ներածման-արտածման գործընթացները:

Լիբանանահայութեան պարագային ունինք երկու օրինակ: Համայնք-գիւղ եւ համայնք-քաղաք: Գիւղը, որ առաջին իսկ օրերուն փակեց իր սահմանները եւ ներամփոփ դրուածքով կազմակերպեց պայմաններու յաղթահարման աշխատանքները: Քաղաք, ուր արագօրէն կազմակերպուեցան կանխարգելիչ գործողութիւններ, ախտահանման առօրեայ աշխատանքներ, բնակիչներուն հասնելու բազմաբնոյթ մեթոտներ:

Լիբանան մինչեւ «Քորոնա»-ի ծագումը, կ՛ապրէր ֆինանսական եւ տնտեսական աննախադէպ ճգնաժամ: Լիբանանահայութիւնը, հակառակ կրկնակի ճգնաժամերուն պատճառած ծանր հետեւանքներուն, ինքնակազմակերպելու եւ ինքնօգնութեան մեքենաներու լարման բացառիկ ու եզակի փաստեր կը շարունակէ արձանագրել: Եւ այդ առումներով վարակելի օրինակ է հայկական աշխարհին համար: Գուցէ նաեւ ոչ միայն հայկական, այլ ընդհանրապէս հետագայ ընթացքներուն ծառանալիք ճգնաժամերը դիմակայելու կոչուած ամբողջ աշխարհին:

 

 

Նախորդը

Տեսէ՛ք Եւ Մտածեցէ՛ք

Յաջորդը

Հայ Դատը Ողջունեց «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարին Համար Հայաստանին 1.1 Միլիոն Տոլար Յատկացնելու Ուաշինկթընի Որոշումը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?