Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Նախագահական Եւ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Մասնակցեցան 76.471 Քուէարկողներ

April 1, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 31 մարտ 2020-ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք սկսան առաւօտեան ժամը 8:00-ին, երբ բացուեցան 282 ընտրական տեղամասերը, որոնցմէ մէկը կը գտնուի Երեւանի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, այլ տեղամաս մըն ալ հաստատուեցաւ Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ: Ժամը 20:00-ին փակուեցան ընտրական կեդրոնները:

Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ տրամադրուած տուեալներուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան ընտրողներուն թիւը կը կազմէ 105.251: Ընտրութիւններուն մասնակցած են 76.471 ընտրող (ընդհանուր թիւին 72.7 առ հարիւրը): Գործեցին 8 ընտրական յանձնախումբեր` Ստեփանակերտի եւ Արցախի 7 շրջաններուն մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի համապետական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու եւ ընտրութիւններուն ընթացքը լուսաբանելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին մօտ հաւատարմագրուած է 963 դիտորդ եւ լրատուամիջոցներու 231 ներկայացուցիչ:

Արցախի նախագահական պաշտօնին համար կը պայքարէին 14 թեկնածուներ` Քրիստին Բալայեան, Վիթալի Բալասանեան, Սերկէյ Ամիրեան, Դաւիթ Բաբայեան, Բելա Լալայեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Հայկ Խանումեան, Դաւիթ Իշխանեան, Վահան Բադասեան, Մասիս Մայիլեան, Աշոտ Ղուլեան, Ռուսլան Իսրայէլեան, Աշոտ Դադայեան եւ Մելսիկ Պօղոսեան:

Ազգային ժողովին համար ընտրութիւններուն կը մասնակցին 12 քաղաքական ուժեր` Ազգային վերածնունդ կուսակցութիւն, Միասնական հայրենիք կուսակցութիւն, Անկախութեան սերունդ կուսակցութիւն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, Արցախի յեղափոխական կուսակցութիւն, Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ կուսակցութիւններու դաշինք, Արցախի Արդարութիւն կուսակցութիւն, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն, Միացեալ Հայաստան կուսակցութիւն, Արցախի պահպանողական կուսակցութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի համայնավար  կուսակցութիւն, Նոր Արցախ կուսակցութիւններու դաշինք:

Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Սրբուհի Արզումանեանի համաձայն, ընտրական տեղամասերուն մէջ սկսած են քուէաթերթիկներու հաշուարկը: Նախնական արդիւնքները յայտնի կ’ըլլան մինչեւ 1 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

Երէկ կէս գիշերուան նախնական տուեալներուն համաձայն, Արայիկ Յարութիւնեան յառաջատար էր նախագահական ընտրութիւններուն:

Նախորդը

Դաւիթ Իշխանեան. «Արցախցին Դարձեալ Ապացուցեց, Որ Կ՛առաջնորդուի Պետական Շահի Գերակայ Թելադրանքով»

Յաջորդը

Գաղափարի Մարտիկ՝ Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Անմեռ Յիշատակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.