Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ Դատի  Ժամանակակից Հարցերու  «Haytadology» Խտացեալ Դասընթացքը

Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ Դատի Ժամանակակից Հարցերու «Haytadology» Խտացեալ Դասընթացքը

Անցնող շաբաթավերջին, հակառակ Վիեննայի գաղութին փոքրաթիւ ծաւալին, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լեհաստանէն աւելի քան 50 երիտասարդներ մասնակցեցան Հայ դատի ժամանակակից հարցերու եռօրեայ դասընթացքին, որ կը կրէր «Haytadology» խորագիրը: Դասընթացքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ` Հայաստանի դեսպանատան կից գտնուող «Հայաստան» սրահին մէջ: Շատ լաւ կազմակերպուած, խտացեալ բարձրորակ այս դասընթացքը հասաւ իր թիրախին. հայ երիտասարդին առաջին այս փուլին փոխանցել...

Ամերիկեան Դեսպանատան Մշակութային  Կցորդը Այցելեց Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետութիւն

Ամերիկեան Դեսպանատան Մշակութային Կցորդը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան մշակութային կցորդ Ռայիսա Տիւքաս երէկ` երեքշաբթի, 4 փետրուար 2020-ին, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն, ուր դիմաւորուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին դեսպանատան մշակութային հարցերու մասնագէտ Ռիատ Եազպեք, «Նահնու» միութեան գործադիր տնօրէն Մոհամետ Այուպ, նշեալ միութեան մէջ արհեստագործութեան ծրագիրի համակարգող Հայա Խուրի, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Գառնիկ Մկրտիչեան, Էլի Նսէյր,...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ  Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահին Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահին Հետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ: Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին աւելի եւս զարգացնելու Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն հետագայ համագործակցութիւնը, յատկապէս` առեւտրատնտեսական կապերը: Քննարկման առանցքը հանդիսացաւ Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգը: Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ընդգծեց, որ կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի ընտրած բարեփոխումներու ուղին: Հայկական նախաձեռնութեամբ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին...

Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահը  Սահմանադրական  Դատարանին Շուրջ Ստեղծուած Տագնապին  Գծով Կոչ Կ՛ուղղէ Զսպուածութեան

Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահը Սահմանադրական Դատարանին Շուրջ Ստեղծուած Տագնապին Գծով Կոչ Կ՛ուղղէ Զսպուածութեան

Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ` ընդգծելով դատաւորներու կանուխ կենսաթոշակի անցնելու կամաւորութեան սկզբունքի պահպանումը: Ան կոչ ուղղած է թեթեւցնելու լարուածութիւնն ու խնդիրը լուծելու զսպուածութեան եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ: «Իբրեւ շարունակութիւն 29 հոկտեմբեր 2019-ի իմ յայտարարութեանս` ես մտահոգուած կը մնամ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին շուրջ բաց հակամարտութեամբ: Կը կիսեմ այս առումով Եւրոպական...

Մինասեան. «Ասիկա Սահմանադրական  Կարգի Տապալման Փորձ Է»

Մինասեան. «Ասիկա Սահմանադրական Կարգի Տապալման Փորձ Է»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան «Ազատութիւն» կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անընդունելի գտաւ Ազգային ժողովի յառաջիկայ արտակարգ նիստի օրակարգով առաջարկուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւն կատարելը` շրջանցելով Սահմանադրական դատարանի վերահսկողական արգելքը: «Ասիկա սահմանադրական կարգը տապալելու գործողութիւն է, որուն նորէն  խորհուրդ չեմ տար դիմել: Գործող Սահմանադրութեան համաձայն, ժողովուրդի իշխանութիւնը կ՛իրականացուի ընտրութիւններու, հանրաքուէներու եւ սահմանադրական մարմիններու միջոցով, պետական իշխանութիւնը կ՛իրականացուի օրէնսդիր, գործադիր, դատական...

Հայ Խաղաղապահները Քոսովոյի  Եւ Գերմանիոյ Մէջ Նշեցին Բանակի 28-ամեակը

Հայ Խաղաղապահները Քոսովոյի Եւ Գերմանիոյ Մէջ Նշեցին Բանակի 28-ամեակը

Քոսովոյի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող եւ Գերմանիոյ մէջ վերապատրաստուող հայ խաղաղապահները տեղակայման վայրերուն մէջ կազմակերպեցին Հայաստանի զինուած ուժերու կազմաւորման 28-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական նախաձեռնութիւններ: Համագործակցող ստորաբաժանումներու ղեկավարները փոխանակեցին խորհրդանշական նուէրներ:

Էրտողան Անդրադարձած Է Մաքրոնի`  Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ  Յայտարարութեան

Էրտողան Անդրադարձած Է Մաքրոնի` Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Յայտարարութեան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է վերջին քանի մը օրերուն տեղի ունեցած զարգացումներուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Այտընլըք» կայքը: Ի պատասխան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` 29 յունուարին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններուն, Էրտողան նշեց, որ իրենք...

Ակնարկ.  «Դարու Գործարք»-ի Թիրախները.՛ Լիբանանեան Եւ Հայկական Հայեցակէտեր

Ակնարկ. «Դարու Գործարք»-ի Թիրախները.՛ Լիբանանեան Եւ Հայկական Հայեցակէտեր

«Դարու գործարք»-ի քաղաքական թայմինկը վերլուծաբանական առումով որոշակի հունաւորումի կ՛առաջնորդէ: Թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Իսրայէլի ղեկավարները վերընտրութեան խնդիր կը դիմագրաւեն: Եթէ առաջինը պէտք ունի հրէական լոպիիստական խումբերու ամբողջական զօրակցութեան, ապա երկրորդը պէտք ունի անբաժանելի Երուսաղէմի ամրագրումը կատարող ամերիկեան որոշումի մը` ներքին ընտրական շուկային վրայ իբրեւ կարեւոր պահանջարկ կայանալու: Գործարքը երկկողմանիօրէն իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ անպայման, եւ այս առումով Ուաշինկթընի եւ Թել...

Դաւիթ Իշխանեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին  Ցուցաբերելու Իրարու Նկատմամբ  Հանդուրժողականութիւն Ու Գիտակցուած  Քաղաքական Գործունէութիւն»

Իշխանեան. «Բանակցային Սեղանին Առաջարկներու Որոշակի Ծրար Մը Կայ, Որուն Շուրջ Կ՛ընթանան Բանակցութիւնները»

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր եւ Արցախի նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանի, ակնյայտ է, որ 29-30 յունուարին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը: Ան «Թերթ»-ին (լրագրող Հռիփսիմէ Յովհաննիսեան) հետ զրոյցի մը ընթացքին տարակուսանք յայտնեց, թէ յստակ չէ, թէ ի՛նչ սկզբունքներու հիման վրայ եղած են բանակցութիւնները....

«Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան  Հանդիպումները Սօս Եւ Մաճկալաշէն  Համայնքներուն Մէջ

«Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Հանդիպումները Սօս Եւ Մաճկալաշէն Համայնքներուն Մէջ

31 յունուարին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանն ու Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանը պատգամաւորական հանդիպումներ ունեցած են Մարտունի շրջանի Սօս եւ Մաճկալաշէն համայնքներու բնակիչներուն հետ: Պատգամաւորները անդրադարձած են վերջին 5 տարիներու ընթացքին  Ազգային ժողովի եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան կողմէ իրագործուած ծրագիրներուն, երկրի տնտեսական զարգացման, գիւղատնտեսութեան եւ անվտանգութեան...

Պաքուի Հայ Բնակչութեան Ջարդերու 30-րդ  Տարելիցին Առիթով ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հայկական  Պատուիրակութեան Յայտարարութիւնը

Պաքուի Հայ Բնակչութեան Ջարդերու 30-րդ Տարելիցին Առիթով ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հայկական Պատուիրակութեան Յայտարարութիւնը

Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերու 30-րդ տարելիցին առիթով ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ նշուած է. «13-էն 19 յունուար 1990-ին Խորհրդային Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ ապրող հարիւր հազարաւոր հայեր ենթարկուեցան զանգուածային ջարդերու, ազգութեամբ հայ բնակչութեան դէմ եղան կազմակերպուած յարձակումներ, ինչ որ Ազրպէյճանի քաղաքականութեան դրսեւորումն էր: Հարիւրաւոր հայեր սպաննուեցան, հետապնդուեցան եւ տեղահանուեցան: Ոչնչացման սպառնալիքի ներքեւ շուրջ...

Արաբական Լիկան Միաձայնութեամբ Մերժեց  «Ամերիկեան-Իսրայէլեան «Դարու Գործարք»-ը»

Արաբական Լիկան Միաձայնութեամբ Մերժեց «Ամերիկեան-Իսրայէլեան «Դարու Գործարք»-ը»

Արաբական լիկան շաբաթ օր Գահիրէի մէջ իր գումարած արտակարգ ժողովին ընթացքին մերժեց «Ամերիկեան-իսրայէլեան «Դարու գործարք»-ը»: Լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով գումարուած ժողովին ընթացքին միաձայնութեամբ որդեգրուած որոշումը մերժեց գործարքը, «որովհետեւ պաղեստինցի ժողովուրդին նուազագոյն իրաւունքները չ՛ապահովեր եւ կը հակասէ խաղաղութեան հոլովոյթի սկզբունքներուն, որոնք հիմնուած են միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի որոշումներուն վրայ»: Արաբական լիկան զգուշացուց Իսրայէլի կողմէ գործարքի գործադրումը` անտեսելով միջազգային օրինականութեան որոշումները,...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ալմաթիի Մէջ Կը Մասնակցի Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Հերթական Նիստին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ալմաթիի Մէջ Կը Մասնակցի Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Հերթական Նիստին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Ղազախստանի Հանրապետութիւն, ուր մասնակցեցաւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին: Ալմաթիի մէջ կայացաւ նախ միջկառավարական խորհուրդի նեղ, ապա ընդլայնուած կազմով նիստ, որուն մասնակցեցան Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Պիելոռուսիոյ եւ Խըրխըզիստանի վարչապետները: Իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) դիտորդ պետութեան ներկայացուցիչ, ընդլայնուած կազմով նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Մոլտովայի վարչապետը: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց...

Մուրատ Փափազեան. «Մաքրոնը Լաւատես Է Արցախեան Տագնապի Լուծման Յառաջընթացի Հարցով»

Մուրատ Փափազեան. «Մաքրոնը Լաւատես Է Արցախեան Տագնապի Լուծման Յառաջընթացի Հարցով»

«Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան յայտնեց, որ իրենք ամբողջ տարին կ՛աշխատին Ֆրանսայի քաղաքական վերնախաւին հետ, վերջին քանի մը տասնեակ տարիներուն մշակած են քաղաքական եւ անձնական կապեր երեսփոխաններուն, նախարարներուն եւ, վերջապէս, նախագահներուն հետ: 29 յունուարին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքը, որուն ներկայ էր նաեւ...

Լոս Անճելըս.  Իշխան Սաղաթէլեան Խորհրդակցութիւններ Ունեցաւ Հայաստանի Ընդհանուր Հիւպատոսին Եւ Արեւմտեան Շրջանի Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդին Հետ

Լոս Անճելըս. Իշխան Սաղաթէլեան Խորհրդակցութիւններ Ունեցաւ Հայաստանի Ընդհանուր Հիւպատոսին Եւ Արեւմտեան Շրջանի Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդին Հետ

Լոս Անճելըս այցելող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 29 յունուարին անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի եւ Արեւմտեան շրջանի Էջմիածնական թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ: Կլենտէյլի հիւպատոսարանին մէջ, դեսպան Բայբուրդեան ողջունեց այցելութիւնը Սաղաթէլեանի, որուն կ՛ընկերակցէր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեան: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններուն վրայ: Սաղաթէլեան դեսպանին տեղեկութիւններ...

Մինասեան. «Օր Առաջ Պէտք Է Միաւորուիլ` Թոյլ Չտալու Սահմանադրական Կարգի Տապալումը»

Մինասեան. «Օր Առաջ Պէտք Է Միաւորուիլ` Թոյլ Չտալու Սահմանադրական Կարգի Տապալումը»

31 յունուարին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ դատ բացուած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Բաբաջանեանի դէմ` խորհրդարանին մէջ ելոյթին ընթացքին անոր ունեցած արտայայտութիւններուն համար: «Այսպիսի արտայայտութիւններ կը կատարէ Ազգային ժողովի պատգամաւորը, որ օրէնքով պարտաւոր է նախ եւ առաջ իր քաղաքական ընդդիմախօսներուն նկատմամբ յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերել: Երկրորդ`...

Միջեկեղեցական Միջազգային Համագումար` Անթիլիասի Մէջ «Միջեկեղեցական Շարժումը Կարիքը Ունի Նոր Տեսլականի»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Միջեկեղեցական Միջազգային Համագումար` Անթիլիասի Մէջ «Միջեկեղեցական Շարժումը Կարիքը Ունի Նոր Տեսլականի» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 31 յունուար 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ միջազգային միջեկեղեցական համագումարին` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ 30 աստուածաբաններու ու միջեկեղեցական շարժումի փորձագէտներու: Վեհափառ հայրապետը, բացումը կատարելով համագումարին, նշեց, որ «միջեկեղեցական շարժումը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց` աշխարհի մը մէջ, որ արմատական ու մնայուն փոփոխութեան մէջ է: Հետեւաբար, պահելով հանդերձ իր հիմնական ուղղութիւնը եւ նպատակը` անհրաժեշտ է, որ...

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (18) .  Արխիւային Աշխատանքի Ծանօթացում

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (18) . Արխիւային Աշխատանքի Ծանօթացում

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, երէկ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի պատմագէտներու միութեան անդամ, պատմագիտական հրատարակութիւններու հեղինակ, ՀՅԴ արխիւային փաստաթուղթերու ժողովածուի յառաջիկայ հատորներու պատրաստութեան աշխատանքին օժանդակող դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան: Դոկտ. Ստեփանեան անդրադարձաւ արխիւներու հետազօտութեան իմաստով իր կատարած աշխատանքին եւ լրագրութեան մարզին մէջ արխիւներու կարեւորութեան: Ան ներկայացուց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Պոսթընի, Պէյրութի եւ Երեւանի արխիւները` կեդրոնանալով անոնց ներկայացուցած արժէքին վրայ: Ան...

Ակնարկ.  Ինքնորոշման Իրաւունքի Գերակայութիւնը

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքի Գերակայութիւնը

  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կապանեան մամլոյ ասուլիսը ներհայաստանեան թէժ կէտերուն վրայ հրաւիրեց հայկական լրատուադաշտի քննարկումները` ստուերի տակ ձգելով արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն հայկական կողմին վերաբերող հայեցակարգային կէտերու  ճշդումին  ուղղութեամբ առնուած քայլը: Մինչեւ բանակցութիւններու սառեցումը, այսինքն` մինչեւ Ապրիլեան պատերազմ եւ ազրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական արկածախնդրութիւն` տարածք, հանրաքուէ, գաղթականներ եւ խաղաղապահ առաքելութիւն, բանակցային կէտեր դրուած էին սեղանի վրայ ԵԱՀԿ-ի միջնորդական առաքելութեան ներքեւ ընթացող հանդիպումներուն:...

«Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Խաղաղ Բանակցութիւններու Գլխաւոր Երաշխաւորներէն Է»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Խաղաղ Բանակցութիւններու Գլխաւոր Երաշխաւորներէն Է» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խաղաղ բանակցութիւններու շարունակման գլխաւոր երաշխաւորներէն է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքի ընթացքին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ Ֆրանսան իր դերակատարութիւնը ունի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ խաղաղ բանակցութիւններու շարունակման գլխաւոր երաշխաւորներէն է», ըսած է Մաքրոն: Ան նշած է,...

Page 458 of 797 1 … 457 458 459 … 797

Արխիւներ