Գլխաւոր լուրեր

Երախտիքի Երթ` Դէպի  Սուրիոյ Դեսպանատուն

Երախտիքի Երթ` Դէպի Սուրիոյ Դեսպանատուն

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կից Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը «Երթ` շնորհակալութեան» խորագիրով քայլերթ կազմակերպեց` դէպի Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատուն: 16 փետրուարին կազմակերպուած երթը նուիրուած էր Սուրիոյ  խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունման: «Նախաձեռնութեան նպատակն է` երախտիքի երթ կազմակերպել դէպի Սուրիոյ դեսպանատուն` ուղղելով մեր շնորհակալութիւնն ու երախտիքը Սուրիոյ ժողովուրդին, խորհրդարանին, բոլոր այն պատասխանատու պաշտօնատար անձերուն, որոնք նպաստած...

Դաւիթ Բաբայեան. «Բանավէճը Ցոյց Տուաւ,  Որ Պաշտօնական Պաքուն Պատրաստ  Չէ Որեւէ Կառուցողական Քայլի»

Դաւիթ Բաբայեան. «Բանավէճը Ցոյց Տուաւ, Որ Պաշտօնական Պաքուն Պատրաստ Չէ Որեւէ Կառուցողական Քայլի»

Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան կ՛ըսէ, որ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ բանավէճը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ պաշտօնական Պաքուն պատրաստ չէ որեւէ բնականոն, կառուցողական քայլի: «Քիչ մը զարմացած ենք, որովհետեւ կը պատկերացնէինք, որ Ալիեւը քիչ մը աւելի խոր գիտելիքներ ունեցած ըլլայ սեփական պատմութեան մասին: Պաշտօնական Պաքուն եւ անոր ղեկավարը կը մոռնան իրենց...

Արթուր Մկրտչեանի Ծննդեան  Օրուան Նշում

Արթուր Մկրտչեանի Ծննդեան Օրուան Նշում

16 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանը պիտի դառնար 61  տարեկան: Արթուր Մկրտչեանը 32 տարեկան էր, երբ ընտրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, եւ 33 տարեկան, երբ քունքին արձակուած կրակոցը վերջ դրաւ անոր կարճ, բայց պայծառ կեանքին: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան օրը բազմաթիւ մարդիկ ներկայ էին անոր գերեզման-յուշաքարին մօտ:...

Սուրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Թուրքիա Կը Դատապարտէ Դամասկոսը Այս Որոշումին Համար

Սուրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Թուրքիա Կը Դատապարտէ Դամասկոսը Այս Որոշումին Համար

Սուրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Կատարեց Պատմական Քուէարկութիւն` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Մասին Բանաձեւ Ընդունելով Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին Սուրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ճանչցաւ եւ դատապարտեց 20-րդ դարու ամէնէն ահաւոր իրադարձութիւններէն մէկը` ողջ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը նկատուող 1,5 միլիոն հայերու Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախագիծին հեղինակն է «Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական յանձնաժողով»-ը, զոր կը նախագահէ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան: Ան...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին` Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց Սուրիոյ խորհրդարանին` հայոց դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը եւ շնորհաւորեց սուրիահայութիւնը այս կարեւոր իրագործումին առթիւ: «Յատուկ շնորհակալութիւն Սուրիոյ իշխանութեան ու մանաւանդ ասպնջական ժողովուրդին, որ ապաստան շնորհեց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացին: «Սուրիոյ կողմէ այս ճանաչումը եւ դատապարտումը կրկնակի կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ սոսկ իրողութեան հաստատումէն անդին կ՛անցնի, կը վկայէ Սուրիոյ ժողովուրդի ականատես ըլլալու հանգամանքը` Թուրքիոյ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սուրիոյ Ժողովուրդը  100 Տարի Առաջ Արդէն Իսկ Ճանչցած Էր  Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Իր Հողին Վրայ Ընդունելով  Ցեղասպանութենէն Վերապրողները»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սուրիոյ Ժողովուրդը 100 Տարի Առաջ Արդէն Իսկ Ճանչցած Էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Իր Հողին Վրայ Ընդունելով Ցեղասպանութենէն Վերապրողները»

13 փետրուարին Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղած իր նամակին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ջերմօրէն ողջունեց Սուրիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ նոյն օրուան կէսօրին Հայոց ցեղասպանութեան միաձայնութեան ճանաչումը: «Վստահ ենք, որ Դուք եւ Ձեր հանգուցեալ հայրը կարեւոր դեր ունեցաք Ցեղասպանութեան դատապարտումի ու ճանաչումի գծով` Ձեր հրապարակային կեցուածքներու ճամբով, անցնող տարիներուն: Այս առիթով, կ՛ուզենք նաեւ շեշտել, որ Սուրիոյ ժողովուրդը...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը Կոչ Կ՛ուղղէ` Անտեսելու 5 Ապրիլի Հանրաքուէն

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակեց սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէին առիթով. «Ափսոսանքով փաստում ենք. օրուայ քաղաքական իշխանութիւնը, չհետեւելով բազմաթիւ յորդորների եւ զգուշացումների, երկիրը ներքաշում է հերթական արկածախնդրութեան մէջ: Շահարկելով եւ ձեւախեղելով անմիջական ժողովրդավարութեան կարեւոր ինստիտուտ հանդիսացող հանրաքուէն, իշխանութիւնը քողարկում է ամէն գնով մենիշխանութիւն հաստատելու սեփական նպատակն ու երկրի առջեւ ծառացած սպառնալիքները չէզոքացնելու անկարողութիւնը: Դատապարտելով ամբոխավարական մեթոտներով արհեստական օրակարգ ձեւաւորելու քաղաքական իշխանութեան...

Տիապի Կառավարութիւնը Ստացաւ  Խորհրդարանի Վստահութիւնը . Յ. Բագրատունի. «Նորակազմ Կառավարութեան Պէտք Է Առիթ Տալ»

Պէտք Է Շարունակել Պահանջել Ու Վերականգնել Վստահութիւնը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ նորակազմ կառավարութեան վստահութեան քուէի շնորհումը` ներկայ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապալի կացութեան մէջ, պէտք է նոր էջ մը բանայ եւ որոշ յոյս ներշնչէ լիբանանցի քաղաքացիին: 17 հոկտեմբերին ժայթքած ժողովրդային պոռթկումը, որ ի միջի այլոց կը պահանջէր նախկին կառավարութեան հրաժարականը եւ թեքնոքրատ կառավարութեան  մը կազմութիւնը, իրագործեց իր նպատակներէն մէկը: Պոռթկումը` արդար պահանջներով, եւ խուլիկանութիւնը մերժող զանգուածները...

Նիկոլ Փաշինեան. «Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը  Մեծ Դերակատարութիւն Ունի Հայաստանի Արտաքին  Քաղաքականութեան Հզօրացման Մէջ»

ԵԱՀԿ Երկիրներու Դեսպաններուն Ներկայացուեցաւ Հանրաքուէի Կայացման Հանգամանքները

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ անդամ երկիրներու հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին վարչապետը մանրամասն անդրադարձաւ Սահմանադրական դատարանին շուրջ առկայ իրավիճակին, սահմանադրութեան փոփոխութիւններու յառաջիկայ հանրաքուէին եւ անոր գործադրութեան հանգամանքներուն: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու լայն օրակարգին, տեղի ունեցող ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն, փտածութեան դէմ...

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան  Հանդիպումներ Ունեցաւ Բարձրաստիճան  Անձնաւորութիւններու Հետ

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Բարձրաստիճան Անձնաւորութիւններու Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Աւստրիա գտնուող արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 12 փետրուարին հանդիպում ունեցաւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսիի հետ: Նախարար Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան, հանդիսանալով խաղաղ նպատակներով հիւլէական ուժանիւթի օգտագործման ջատագով, կարեւոր կը նկատէ միջազգային գործակալութեան հետ համագործակցութիւնը: Կողմերը բարձր գնահատեցին Հայաստանի ու Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան միջեւ առկայ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին միացեալ ջանքեր գործադրելու...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ազրպէյճան Յամառօրէն Կը Փորձէ 1993-ի Արցախի  Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի  Բանաձեւերը Ներկայացնել  Իբրեւ Տագնապի Լուծման Իրաւական Հիմք»

Ֆրանսա – Արցախ Բարեկամութեան Շրջանակը Պատրաստ Է Աջակցելու Արցախին Առնչուող Ծրագիրներուն

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի անդամները ողջունեցին գործնական ծրագիրներ իրականացնելու մասին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին առաջարկը եւ մտադիր են կապ հաստատելու շահագրգիռ նախարարութիւններուն հետ` ուսումնասիրելու անոնց իրականացման պայմանները: 29 յունուարին Ֆրանսայի նախագահը այս առաջարկին մասին խօսեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ «մարդկային արժանապատուութիւնն ու համերաշխութիւնը անբաժանելի են», այնուհետեւ անդրադարձ կատարեց...

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ  Կառավարութեան Գումարելիք  Անդրանիկ Ընթացիկ Նիստին

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Գումարելիք Անդրանիկ Ընթացիկ Նիստին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ վստահութեան քուէ ստացած կառավարութեան անդրանիկ ընթացիկ նիստին, ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Մինչ այդ, նախագահ Աուն երէկ` 12 փետրուարին, Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու հիւպատոսական անձնակազմի նախագահ Ժոզեֆ Հապիսի եւ անձնակազմի անդամներուն հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Այս առիթով նախագահ Աուն շեշտեց, որ պետական...

Հասսան Տիապ Այցելեց  Հանրապետութեան Միւֆթիին

Հասսան Տիապ Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Հանդիպումէն ետք Տիապ յայտնեց, որ իր այցելութիւնը շատ բնական է: «Ինծի համար միւֆթի Տըրիան սիրելի բարեկամ է, եւ իսլամական միասնականութեան ամրապնդումին առումով անոր կարողութեան ու իմաստութեան վրայ գրաւ կը դնեմ», ըսաւ ան: Վարչապետ Տիապ նշեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ քննարկած է իսլամականութեան...

Յորդանանի Ապտալլա Բ. Թագաւորը Հանդիպումներ  Ունեցաւ Հայաստանի Նախագահին, Վարչապետին  Եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Հետ

Յորդանանի Ապտալլա Բ. Թագաւորը Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայաստանի Նախագահին, Վարչապետին Եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ 11 փետրուարին տեղի ունեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան ներուժին առնչուած հարցեր, յատկապէս` զբօսաշրջութեան, կրթութեան եւ գիտութեան, արհեստագիտութիւններու, անվտանգութեան, գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ: Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ արդէն իսկ գործող ուսանողներու փոխանակման ծրագիրի ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ ուղիղ օդային թռիչքի բացումը երկու երկիրներու մայրաքաղաքներուն`...

17 Փետրուարին Պիտի Սկսի Սահմանադրութեան  Փոփոխութիւններու Հանրաքուէի Քարոզարշաւը

17 Փետրուարին Պիտի Սկսի Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Հանրաքուէի Քարոզարշաւը

Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հաստատեց 5 ապրիլին տեղի ունենալիք Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի կազմակերպման եւ կայացման հիմնական միջոցառումներու ժամանակացոյցը, որուն համաձայն, Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի նախընտրական քարոզարշաւը պիտի սկսի 17 փետրուարին: «Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուած է որոշում` հիմք ընդունելով նախագահին հրամանագիրը` Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն 5 ապրիլին կայացնելու վերաբերող: Ընտրական օրէնսգիրքի ու հանրաքուէի մասին օրէնքին համաձայն, մշակուած է ժամանակացոյց: Համաձայն հանրաքուէի մասին օրէնքին,...

Տիապի Կառավարութիւնը Ստացաւ  Խորհրդարանի Վստահութիւնը . Յ. Բագրատունի. «Նորակազմ Կառավարութեան Պէտք Է Առիթ Տալ»

Տիապի Կառավարութիւնը Ստացաւ Խորհրդարանի Վստահութիւնը . Յ. Բագրատունի. «Նորակազմ Կառավարութեան Պէտք Է Առիթ Տալ»

Յ. Բագրատունի. «Նորակազմ Կառավարութեան Պէտք Է Առիթ Տալ» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խորհրդարան մուտք գործելու պահուն ընդգծեց նորակազմ կառավարութեան աշխատանքի առիթ տալու անհրաժեշտութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանեան պետութեան իրագործելիք հիմնական երեք աշխատանքներն են մսխումի կասեցումը, փտածութեան դէմ պայքարն ու Լիբանանի պարտքերու վերադասաւորումը: Տիապի Կառավարութիւնը Ստացաւ Խորհրդարանի Վստահութիւնը Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին սկսաւ գումարել...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը  Իր Վստահութեան Քուէն Շնորհեց Կառավարութեան

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Իր Վստահութեան Քուէն Շնորհեց Կառավարութեան

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան երէկ երեկոյեան խորհրդարանին մէջ պլոքին անունով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտնեց, որ այսօր աւելի քան երբեք Լիբանան կը գտնուի արտակարգ իրավիճակի մը մէջ, որ կ՛ենթադրէ բոլորին ճիգերուն մէկտեղումը, ինչպէս նաեւ բոլորին բազուկներուն միացումը, «որովհետեւ մեզի վստահուած է սուղ հայրենիք մը` ընտիր ժողովուրդով», ըսաւ ան` յիշեցնելով, որ իրենց առաքելութիւնն է ծառայել ժողովուրդին եւ...

Մամլոյ Համահայկական Համաժողովի  Նախապատրաստական Նիստ Երեւանի Մէջ

Մամլոյ Համահայկական Համաժողովի Նախապատրաստական Նիստ Երեւանի Մէջ

11 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մամուլի համահայկական համաժողովի կազմակերպման աշխատանքային խումբ մը անդամներու հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան համաժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի` 29 փետրուարէն 3 մարտին Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք նիստի օրակարգը: Աշխատանքային խումբի անդամները` «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, «Նոյեան տապան» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Տիգրան Յարութիւնեան, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Զարթօնք» թերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ...

Յորդանանի Թագաւորը Հասաւ Հայաստան

Յորդանանի Թագաւորը Հասաւ Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով 10 փետրուարին առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կ՛այցելէ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը, որուն գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն անոր եղբայրը, Ալի պըն Հիւսէյնը, թագաւորին կրօնական ու մշակութային հարցերու խորհրդական եւ անձնական պատուիրակ Ղազի պըն Մոհամետը, Յորդանանի արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու հարցերու նախարար Այման Սաֆատին, թագաւորի հաղորդակցութեան եւ համակարգման հարցերու խորհրդական Պիշեր Խասաւնեհը, արդիւնաբերութեան,...

5 Ապրիլին Հայաստանի Մէջ Տեղի  Պիտի Ունենայ Սահմանադրութեան  Փոփոխութիւններու Հանրաքուէն

5 Ապրիլին Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Հանրաքուէն

Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ 6 փետրուար 2020-ին Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին որոշման ընդունումէն եւ 7 փետրուարին Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ զայն Հանրապետութեան նախագահին ներկայացնելէ ետք, ըստ սահմանադրութեան, Հանրապետութեան նախագահին գործառոյթները կը սահմանափակուին միայն հանրաքուէի օրը ճշդելով: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ 9 փետրուարին Հանրապետութեան նախագահը, ղեկավարուելով Սահմանադրութեան 206-րդ յօդուածով, ստորագրած է հրամանագիր Սահմանադրութեան...

Page 456 of 797 1 … 455 456 457 … 797

Արխիւներ